Անդրադարձ

Ես Ըրի, Դուք Չընէ՛ք…

ՄԱՏԼԵՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Իրարմէ հեռու ապրելով ու առօրեայ հեւքի հրամայականով` Ամերիկայի մէջ մարդիկ յաճախ զիրար չեն տեսներ, ու առիթով մը միայն, երբ իրարու հանդիպին, «ի՜նչ լաւ կ՛երեւիս» կամ «այս որքա՜ն փոխուած ես» փաղաքշական այս երկու խօսքերը անխուսափելիօրէն իրարու կ՛ըսեն: Տգեղին ու գեղեցիկին, երիտասարդին ու տարեցին համար հաւասարապէ՛ս գաղտնի մնալու սահմաններէն այլեւս դուրս ելած ու երէկուան հաց պանիրին պէս անհրաժեշտութիւն դարձած գեղեցկագիտական...

Ակնարկ.  Ուաշինկթընի Հետեւողական Պահուածքը Խնդրոյ Առարկայ Է

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Հետեւողական Պահուածքը Խնդրոյ Առարկայ Է

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած յայտարարութիւնը թէ՛ պատմական եւ թէ՛ քաղաքական ու իրաւական տուեալներով կարելի է հակափաստարկել: Բնականաբար նաեւ շատ համոզիչ ձեւերով պարզել, թէ ինչո՛ւ այդ մասին քննարկումներ չկան հայկական դաշտին մէջ, երբ յատկապէս ի սպառ կը բացակային քննարկումները Պաքուի մէջ անցեալին վերադարձը բացառելու եւ Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութեան փաստին հետ հաշուի նստելու: Որուն համար զարմանք չի յայտներ ամերիկացի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Սեպտեմբեր Դ. –   Գերտէրութիւններու Բախում` Միջին Արեւելքի Տագնապալի Իրավիճակին Լոյսին Տակ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Սեպտեմբեր Դ. – Գերտէրութիւններու Բախում` Միջին Արեւելքի Տագնապալի Իրավիճակին Լոյսին Տակ

Նախորդ շաբաթը յղի էր սուրիական տագնապը, Միջին Արեւելքի ճակատագիրն ու դաշնակից նոր ուժերու ռազմավարութիւնը ուրուագծող զարգացումներով: Ասթանայի մէջ սուրիական տագնապի լուծման հովանաւոր երկիրները թէեւ անդրադարձան իրենց ռազմավարական գործակցութիւնը տապալելու կոչուած Իտլիպի ահաբեկչական զարգացումներու «ամերիկեան ծուղակին», սակայն գործնական միջոցներու դիմեցին միայն Սոչիի գագաթնաժողովէն ետք: Փաստօրէն Սոչիի եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պարունակեց մէկէ աւելի ցուցանիշեր այն մասին, որ կողմերու համաձայնութիւնը չի սահմանափակուիր Իտլիպի հարցին...

Ո՞վ Ըսաւ…

ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Ո՞վ ըսաւ, որ աստղը մեռաւ, Ո՞վ ըսաւ, որ ան շիջեցաւ: Տե՛ս, հնչիւնները իր կեանքին` Թռչուն եղած կը սաւառնին: Անոնց դայլայլն ու տաղերը Կեանք կու տան արար աշխարհին: Հրեշտակները երկնքին Պապանձեցան այն ժամանակ, Երբ խմորը կը շաղախուէր, Ու ճակտի գիրը կը գրուէր Այդ մանուկին, որ պիտի գար Պապենական մեր հողերուն Բոյրով հարբած ընտանիքէն: Մեր էրկրին զուլալ ջուրերով Եւ ոսկեհատիկ...

Ակնարկ.  Կառավարութեան Կազմութեան  Շարժիչ Գործօններ

Ակնարկ. Կառավարութեան Կազմութեան Շարժիչ Գործօններ

Ներլիբանանեան համեմատական լաւատեսութիւնը` կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին, քաղաքական տրամաբանութեամբ կը յուշէ, որ իրադարձութիւններուն հետեւողը սկսի փնտռել շարժիչ գործօններ` արտալիբանանեան, տարածաշրջանային-միջազգային գործընթացներու մէջ: Իտլիպի ճակատագիրի համաձայնեցուած ճշդումը, բայց մանաւանդ Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքի բացման որոշումը հանգուցալուծման միտումներու մասին կը խօսին: Նկատենք, որ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հարաւ-արեւմուտքին մէջ գործող զինեալ ծայրայեղականներու մէկ մասը յայտարարած էր իր համաձայնութիւնը միանալու...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Արաբական ՕԹԱ՞ն Մը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Նախագահ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, թէ Սէուտական Արաբիա չի դիմանար առանց Միացեալ Նահանգներու ռազմական օժանդակութեան, բաւական ընդվզում յառաջացուց արաբական թագաւորութեան մէջ: Սակայն Թրամփ այլ նպատակ կը հետապնդէր այս յայտարարութեամբ: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան (3 հոկտեմբեր 2018), Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ Պըն Սալման հազիւ կրնայ երկու շաբաթ դիմանալ, եթէ Միացեալ Նահանգները...

Գրողի Անկիւն.  Լեղի Իրականութիւնը

Թատրոնը Եւ Լոսանճելըսահայ Թատրոնը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ամէն անգամ, որ մեր գաղութի մամուլէն եւ կամ մեր հայկական բազմազան պատկերասփիւռի գովազդներէն  ծանուցուի, որ Երեւանէն կամ Գիւմրիէն այսինչ կամ այնինչ թատերախումբը ելոյթով մը Լոս Անճելըս պիտի գայ, եւ կամ` մէկը «բերած» է, շուտով մէջս տեսակ մը նախանձ կ՛արթննայ: Ինչպէս կ՛ըսեն` բարի նախանձ, եթէ կը հաւատաք: Որովհետեւ, յիշեցնեմ, սփիւռքի ամէնէն հայահոծ գաղութներէն մէկուն մէջ կ՛ապրինք եւ ունինք երգչախումբեր,...

Նոր Շունչով

Նոր Շունչով

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ Հայաստանի մէջ ապրիլեան համաժողովրդային տարերային շարժումը, որ տապալեց իշխանութիւնները, նոր փուլ մը բացաւ հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ եւ նոր պատասխանատուութիւններու առջեւ դրաւ քաղաքական այրերն ու երկիրին մէջ գործող քաղաքական ուժերը` կուսակցութիւնները: Համաժողովրդային շարժումը Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններով եկաւ ապացուցելու, որ պահի շարժում չէր: Ան ամբողջապէս զօրավիգ է այդ շարժումը առաջնորդած ու ղեկավարած ուժին: Սակայն պէտք է ընդունիլ, որ համաժողովրդային...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

Գիտակցուած Ազգային Յանձնառութիւն, Արտագաղթ, Հայրենադարձութիւն Եւ Ազգային Որակ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Անուշ է թւում ձեզ կանչող հեռուն, Բայց դուք կը կորչէք ծովերում օտար, Դարձէք` ծովանայ թող հայոց առուն, Մի՞թէ մօր գիրկը նեղ է ձեզ համար...» Յովհաննէս Շիրազ Եթէ երբեմն դադրինք անմիջականի ճնշումին տակ կքելէ եւ ազգի հիմնահարցերը դարձնենք առաջնահերթ օրակարգ, նուազ կը խարխափենք, աւելի կը կազմակերպուինք, կը հզօրանանք, աւելի կ՛իմաստաւորենք մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը: Այսինքն հաւատարմօրէն եւ հարազատութեամբ...

Անմիջական Ու Սիրալիր Մարդիկ, Գեղեցիկ Կառոյցներ Ու Համեղ Սնունդ. Զբօսաշրջիկներու Պատճառները

Անմիջական Ու Սիրալիր Մարդիկ, Գեղեցիկ Կառոյցներ Ու Համեղ Սնունդ. Զբօսաշրջիկներու Պատճառները

ԱՆԻ ՆԱԶԱՐԵԱՆ Վերջին տարիներուն Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւի աճին վերաբերեալ վիճակագրական ցուցանիշները տեսանելի են Երեւանի փողոցներուն մէջ, ուր կարելի է հանդիպիլ տարբեր երկիրներէ մեր երկիրը տեսնելու եկած օտարներ: «Արմէնփրես»-ը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ անոր յարակից փողոցներուն մէջ զրուցած է անցորդ-զբօսաշրջիկներու հետ եւ փորձած է հասկնալ, թէ ի՛նչ տպաւորութիւն ունին Հայաստանէն: 17-ամեայ Ռիշան եւ Վիքթորիան շատ սիրած են Հայաստանը, մասնաւորապէս` մարդիկը...

Ոչ Եւս Է Մայեսթրօ Արսէն Սայեանը

Ոչ Եւս Է Մայեսթրօ Արսէն Սայեանը

Հոկտեմբեր 5-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Վըրճինիայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց մայեսթրօ Արսէն Սայեանը (ծնեալ` 10 յունուար, 1928-ին, Հալէպ): Իր ուսումը ստանալէ ետք Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ Սայեան շարունակած է մասնագիտանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ: 1949-ին շրջանաւարտ` ան վերադարձած է Հալէպ եւ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած` Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան ազգային վարժարաններուն եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ` դասաւանդելով հայոց լեզու, պատմութիւն...

Ակնարկ.  Պրանսըն, Կիւլեն, Խաշոկճի`  Պատժամիջոցներու  Որդեգրման Պատրուակային Կերպարներ

Ակնարկ. Պրանսըն, Կիւլեն, Խաշոկճի` Պատժամիջոցներու Որդեգրման Պատրուակային Կերպարներ

Ռիատ Ուաշինկթըն - Անգարա գիծին վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները իրենց բնոյթով անջատ  ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն, սակայն միջպետական յարաբերութիւններու դիտանկիւնէն փոխկապակցուածութեան տեսութեան մասին կը համոզեն: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ընդունած էր ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընը, որ աւելի քան երկու տարի Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ մնալէ ետք, շաբաթ օր վերադարձած էր իր երկիրը: Թուրքիոյ կողմէ լրտեսութեան եւ ահաբեկչութեան...

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

Հակահայ Կրքերի Հերթական Բորբոքում Պաքւում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Խօսքս վերաբերում է  վերջերս` սեպտեմբերի 29-ին, Պաքւում տեղի ունեցած հանրահաւաքին, որ իշխանութիւնների թոյլտուութեամբ անցկացուել է Եասամալի քաղաքային շրջանի «Մահսուլ» կոչուող մարզա-առողջարանային համալիրի տարածքում, «Ազատութիւն Ղարաբաղին» ծայր աստիճան անհեթեթ ու յաւակնոտ կարգախօսի ներքոյ: Անհեթեթ, քանզի Ղարաբաղը, այսինքն հայոց պատմական Արցախի մի հատուածը վաղուց ի վեր ազատագրուած  ու ազատ է իր բնիկ զաւակների` հայերիս յամառ ու յաղթական պայքարի...

Նամականի

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն` 100-ամեակ Հանրապետութեան Կերտումը Եւ Իրաւական Քարտէսները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ      Անկախութիւնը իրաւունք է, հայրենիքը բնօրրան է, բնակավայր է, հող է, ժառանգութիւն է, արիւն եւ քրտինք է, ժողովուրդ է, բանակ է, պատմութիւն է, արդիւնք` բազմակողմանի եւ դարաւոր յարատեւ աշխատանքի եւ պայքարի: Կ՛արժէ քարտէսներու միջոցով եւ ընդհանուր ակնարկով, իրազեկ դառնալ անկախութիւնը նախորդող հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ճգնաժամերուն եւ յաղթանակին` ահաւոր մարդկային, հողային եւ ունեցուածքներու կորուստներէն ետք: Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասնակից եւ...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Իշխանութեան Ներքին Տրամաբանութենէն Կրնա՞յ Դուրս Մնալ Չարաշահումը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մենք շատ կը գրենք եւ կը խօսինք մեր «փոքր ածու»-ին մէջ յայտնուող զանազան չարաշահումներու մասին: Կարծէք` գիւտ կ՛ընենք: «Կոռուպցիա»-ն` չարաշահման, կաշառակերութեան, դիրքի շահագործման եւ կողոպուտի իր տարբեր արտայայտութիւններով դարձած է անշրջանցելի եզրը մամուլի, լրատուութեան եւ քաղաքական ճառերու, հոն, ուր իշխանութիւն կայ: Եթէ երբեմն ինքնաքննադատական մօտեցում ցուցաբերենք, պիտի տեսնենք, որ չարաշահումը պատմական եւ համամարդկային ընթացք է` հակառակ եղած քննադատութիւններու,...

Առանց Վերնագրի

Առանց Վերնագրի

ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՅՈՒՄՃԵԱՆ Երեք շաբաթ առաջուան Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները յիշողութեանս բերին, որ անցեալ տարի նոյն օրերուն Երեւան կը գտնուէի: Երբ Հայաստան գտնուինք, մեր խանդավառ տրամադրութեան մէջ կ՛ուզենք լաւատեսութեամբ խօսիլ եւ պատմել միայն անոր գեղեցկութիւններուն մասին: Չի նշանակեր, որ չենք տեսներ նաեւ տգեղ երեւոյթները, սրբագրելի կողմերը, պարզապէս քիչ անգամ կ՛անդրադառնանք անոնց... Այդ օրերուն մտադրած էի տուն վերադարձիս տպաւորութիւններս հարազատութեամբ հրապարակել անոնց համար,...

Շարլ Ազնաւուրի Յաւերժ Երթին Եօթնօրեային Առիթով.  «Ave Maria, Ave Maria»

Շարլ Ազնաւուրի Յաւերժ Երթին Եօթնօրեային Առիթով. «Ave Maria, Ave Maria»

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր Այնճարի «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան ս. պատարագ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչին` Շարլ Ազնաւուրի (1924-2018) մահուան եօթնօրեային առիթով: Տօնական մթնոլորտին մէջ էին ժամուորները, որովհետեւ այսօր մեր եկեղեցիին անուանակոչութեան տօնն է նաեւ, քանի ամբողջ աշխարհին մէջ Տիեզերական եկեղեցիին հետ կը տօնախմբեն «Ս. Վարդարանի Տիրամայր»-ը: Պատարագիչ վարդապետին քարոզը ունէր երկու բաժիններ, որոնց, սակայն, սիրանիւթն էր Մարիամ...

Նամականի. «Զուարթնոց» Օդակայանին Անունը Փոխելու Հարցին Մասին

Նամականի. «Զուարթնոց» Օդակայանին Անունը Փոխելու Հարցին Մասին

Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան դրուած են լուրեր, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը պիտի անուանափոխուի «Շարլ Ազնաւուրի օդակայան» անունով: Այս հարցին շուրջ տակաւին լուրջ քննարկում եւ որոշում գոյութիւն չունին: Սոյն կարծիքը կու տանք պարզապէս միտքերու ազատ փոխանակումի ծիրին մէջ: Բաց նամակ «Զուարթնոց»-ի հարցով Շատ մեծ զայրոյթով իմացայ, որ «Զուարթնոց» օդակայանին անունը պիտի փոխեն եւ զայն կոչեն «Շարլ Ազնաւուր» անունով: Զուարթնոց տաճարը հայ...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թրամփի Վարչամեքենան Չեղեալ Կը Համարէ Միջազգային Երկու Պայմանգիր Եւս

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Սեպտեմբերին ես յօդուած մը գրած էի` քննադատելով Թրամփի վարչամեքենային կողմէ Միջազգային քրէական դատարանի մերժումը: Միացեալ Նահանգներու այս դիրքորոշումը ես համարած էի յարգանքի բացակայութիւն` արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ: Անցեալ շաբաթ Թրամփի վարչամեքենան եւս երկու գայթակղեցուցիչ գործողութիւն իրականացուց` աւելի եւս ոտնահարելով միջազգային իրաւունքը եւ խուսափելով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իրաւական լուծումէն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին...

Հայը… Մենք Ենք

Անբախտ Կատուն

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Ամբողջ գիշերը չկրցայ քնանալ: Ննջարանիս պատուհանէն կատուի ձագի մը լացն ու մլաւիւնը կը խանգարէին անուշ քունս: Բարեբախտաբար յաջորդ օրը շաբաթավերջ էր, եւ ես ստիպուած չէի կանուխ արթննալով` գործի հասնելու: Ազատ օրերուս կը սիրեմ ուշ արթննալ, սակայն կատուի ձագին լացը կը շարունակուէր միեւնոյն թափով: Գացի պարտէզ: Նորածին ձագ մըն էր: Աչքերը տակաւին փակ էին: Ո՞ւր էր իր մայրը: Ո՞ւր...

Page 500 of 806 1 … 499 500 501 … 806

Արխիւներ