Անդրադարձ

Ընկերուհի Նատիա Ինճէեան-Թաթիկեանի յիշատակին

Ընկերուհի Նատիա Ինճէեան-Թաթիկեանի յիշատակին

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Փեթակէն մեղր կը ծորայ, տեսէք` ինչպէ՛ս կը հոսի փեթակի խոցուած սրտէն, ինչպէս` արցունքներ սուգի: Մեղրախորիսխ մը բեղուն, մեղրախորիսխ մը շէն` կախ է, կարծես կը խոնարհի, իր գեղեցիկ ածուները հիւսած` աշխատասէր մեղուին դիմաց. մինչ ազնիւ մեղուն կը վերանայ թեւերով հրեշտակի, անվերադարձ ակամայ` մեղուն Բարի... Թրոնոթօ – Քանատա      

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գծել Անուն Բարդ Մականուն

ՍԻ­ՄՈՆ ԿՈՍ­ՏԱՆ­ԴԻՆ­ԵԱՆ Նո­րապ­սակ հա­յոր­դի­ներ Կ՛ապ­րին ու­րախ, զուարթ պա­հեր, Տա­րի մը դեռ չան­ցած ար­դէն` Թանկ նո­րա­ծին տուն կը բե­րեն: Լաւ կ՛ըն­թա­նայ առող­ջու­թիւն, Երե­խա­յին ու­շադ­րու­թիւն` Ձմրան հագ­ուիլ հաստ զգեստ­ներ, Ամ­րան պտոյտ­ներ` ծով ու զով լեռ, Ալ կը հաս­նի երե­խա­յին Ճիշդ տա­րի­քը իր դպրո­ցին: Մեծ ժո­ղով­ներ կը գու­մար­ուին` Կար­ծիք­նե­րով բիւր թան­կա­գին: Կարճ է ար­դէն շտապ ժա­մա­նակ, Որո­շու­մի  բաւ ըն­դու­նակ: Դաս հայ­կա­կան` միշտ ալ...

Ակնարկ.  Պոլթընի Ակնարկած «Ներկայի  Հանգամանքներ»-ը

Ակնարկ. Պոլթընի Ակնարկած «Ներկայի Հանգամանքներ»-ը

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին այցելութիւնը տարածաշրջան, իր երկրին եւ բնականաբար Երեւանի, Պաքուի ու Թիֆլիսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կը միտէր, եւ` այդ երկիրներուն ուղղակի կամ անուղղակի ուղերձներ փոխանցելու: Հայկական գործընթացները արգելակած հանգոյցներու լուծման բանալին, Պոլթընը կը բնութագրէր իր հետեւեալ միտքով. «Ամերիկեան տեսանկիւնէն, որքան աւելի ուժեղ է ժողովրդավարութիւնը, այդքան աւելի մեծ է կարելիութիւնը կապ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու եւ նոյն...

Պատուաբեր Արդիւնք

Պատուաբեր Արդիւնք

Գոհունակութեամբ իմացանք, որ Տիգրան Մկրտչեանը` Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տէր եւ տիկին Սամուէլ Մկրտչեանին զաւակը, բնագիտութեան մէջ ձեռք բերելով գերազանց արդիւնքներ` արժանացած է պետական պարգեւի: Տ. Մկրտչեանը բնագիտութեան մագիստրոսական աստիճանի նուաճման բացառիկ արդիւնքներով կ՛արժանանայ կրթական մարզի բարձրագոյն պարգեւին: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան անձնակազմը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Տիգրան Մկրտչեանն ու իր ծնողները` կրթական մարզի բարձրագոյն պետական պարգեւին առիթով: «Ազդակ»...

Ակոբ Գանլէճեանի Լուսանկարներու Անհատական Ցուցահանդէս

Ակոբ Գանլէճեանի Լուսանկարներու Անհատական Ցուցահանդէս

Երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ռոշան» ցուցասրահին մէջ «Սայֆի վիլէյճ» տեղի ունեցաւ Ակոբ Գանլէճեանի 27 սեւ-ճերմակ լուսանկարներու անհատական ցուցահանդէսին բացումը: «Ազդակ»-ի հետ իր  ունեցած զրոյցի ընթացքին արուեստագէտը յայտնեց, որ ցուցադրուած լուսանկարները 4-5 տարուան աշխատանք են եւ աշխատցուած են աւանդական ձեւով, այսինքն` հին լուսանկարչական գործիքներով, սեւ-ճերմակ ժապաւէններով, եւ տպագրութիւնները ձեռքով եղած են, ոչ թէ` տպագրիչ մեքենաներով: Անդրադառնալով ցուցադրուած լուսանկարներու թեմային`...

Հայ Մօր Մը Փորձառութիւնները` Զաւկին Ինքնութեան Կազմաւորման Ընթացքին

Հայ Մօր Մը Փորձառութիւնները` Զաւկին Ինքնութեան Կազմաւորման Ընթացքին

ԿԱՐԻՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ Վանքուվըր-Երեւան երկու հանգրուաններով թռիչքը անհամեմատօրէն երկար էր եւ` յոգնեցուցիչ. այնպէս որ, չէի սպասեր, որ մեր էջքէն ետք 6-ամեայ տղաս արթնամիտ ըլլայ արձագանգելու որեւէ խօսակցութեան կամ պատկերի: Սակայն առաւօտուն, «Զուարթնոց» օդակայանէն Երեւան մեկնած ատեն, երբ մայրուղիին վրայ առաջին անգամ Արարատը իր վեհութիւնը յայտնեց մեզի` «Մամի՜, Արարատ՜ը... ասի իրական է, իրական...», հիացմունքով բացագանչեց Վարագը: Կ՛ենթադրէի, որ ան Արարատը տեսած ատեն...

Հայկական Մամուլի Օրուան  Առթիւ (16 Հոկտեմբեր).   Շնորհաւոր Հայկական Մամուլի Օր

Խաչի Յարգանք, Խաչակնքուիլ Եւ Խորհուրդը

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ Բազմաթիւ քրիստոնեայ ազգեր մեր ժողովուրդը կ՛անուանեն «ԽԱՉԱՊԱՇՏ» ժողովուրդ այո՛, շատ ճիշդ է, մենք խաչապաշտ ժողովուրդ ենք, որովհետեւ մեզի համար «ԽԱՉԸ» սրբութիւն է, փրկութիւն, արդարութիւն, իմաստութիւն, ապաստարան ու չարիքներու եւ վտանգներու դէմ մեր պաշտպանը, մեր վահանն է: Մենք օրը, աշխատանքը, ճաշը, ճամբորդութիւնը եւ այլ բաներ կը սկսինք խաչակնքելով: Եկեղեցի մուտք գործելու եւ եկեղեցիիէն դուրս ելլելու ատեն, անկողին մտնելու...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Սարգիս Մանասեան Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, ուսուցիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Ծնած է Գանձակի (դաշտային Արցախի) Չարտախլու գիւղը, չքաւոր ընտանիքի մէջ: Ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է, բայց կ՛ենթադրուի, որ 1878-1880 թուականներու ծնունդ ըլլայ: Նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Աշակերտական տարիներուն` 1895-ին անդամակցած է նորակազմ ՀՅԴաշնակցութեան Թիֆլիսի «Հայկազեան եղբայրութիւն» անունով գործող աշակերտական շարժումին: Բարձրագոյն ուսումը...

Մովսէս Ճանպազեանի Դիմաքանդակի Բացումն Ու Անոր Հեղինակը

Մովսէս Ճանպազեանի Դիմաքանդակի Բացումն Ու Անոր Հեղինակը

Մ. Ծ. Անցնող սեպտեմբերին Երեւանի Մովսէս Ճանպազեանի անունը կրող միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ վեր. դոկտոր Մովսէս Ճանպազեանի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղան, հոգեւոր հայրեր, քաղաքական գործիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ազգականներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ լրագրողներու հոծ բազմութիւն մը: Մովսէս Ճանպազեանի հոգեւոր, ազգային եւ բարեսիրական գործունէութեան շուրջ որոշ գաղափար մը կազմելու համար քովի սիւնակներով կու տանք քանի մը...

«Ու Ես Կ՛երթամ Դէպի Աղբիւրը Լոյսին»

«Ու Ես Կ՛երթամ Դէպի Աղբիւրը Լոյսին»

ԴԱՒԻԹ ՄԿՐ ՍԱՐԳՍԵԱՆ 2000 թուականի սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգների Նիւ Ճըրզի նահանգի Փարամուս քաղաքի իր գրասենեակում վաղաժամ` 55 տարեկան հասակում մահկանացուն կնքեց վերապատուելի, դոկտոր Մովսէս ՃԱՆՊԱԶԵԱՆԸ, որը, ինչպէս Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ վեր. Ռընէ Լեւոնեանն է նշել իր հեղինակած դամբանականում, «Մեծ ցնցում եղաւ ամբողջ ժողովրդի համար: Ոչ միայն Հայաստանի Հայց. եւ Աւետարանական եկեղեցիների անդամները, հոգեւոր գործիչներն էին սիրում վեր. Մովսէս...

Ակնարկ.   Համագաղութային Գործունէութիւն.  Նոր Կշռոյթներու Անհրաժեշտութիւնը

Ակնարկ. Համագաղութային Գործունէութիւն. Նոր Կշռոյթներու Անհրաժեշտութիւնը

Լիբանանահայ համայնքը, աշնան եղանակին առընթեր, գործունէութեան աշխուժ վերամուտի նախադրեալներ կը պարզէ: Անցնող շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ձեռնադրութեան 50-ամեակի նշումով: Լիբանանի պետութեան երեք գլխաւոր դէմքերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարին, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, հայ եւ լիբանանեան այլ համայնքներու հոգեւոր եւ քաղաքական մարմիններու պատասխանատուներուն մասնակցութիւնը յատուկ տարողութիւն, համընդգրկում եւ այդ բոլորով իսկ` կարեւոր հնչեղութիւն ապահովեցին նշումին: Համագաղութային եւ առողջապահական իրերօգնութեան սնտուկներու...

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի Կտակին Այժմէական Թելադրականութիւնը  (Մահուան 20-րդ Տարելիցին Հետքերով)

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի Կտակին Այժմէական Թելադրականութիւնը (Մահուան 20-րդ Տարելիցին Հետքերով)

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Ձեռնարկի մը աշխատանքներու յորձանուտին մէջ ալ աւելի ամրագրուեցան համոզումներս տարաբախտ մեր ընկերոջ` Հրայր Մարուխեանի անմնացորդ ծառայութեան կարեւորութեան ու ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ իր ունեցած առանցքային դերակատարութեան մասին: Ձեռնարկի յայտագիրին ընդմէջէն սոսկ մահուան 20-րդ տարելից յիշատակելու հարց չունեցանք մեր մտքին մէջ, յաւուր պատշաճի պարտք տալու համար չներկայացանք: Փնտռտուքը` կորսուած ինքնութեան մը ու զայն վայելած չըլլալու ափսոսանքը մեզ մղեցին ոչ շատ...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Երեք Տասնամեակ Բանակցութիւն… Եւ Յետոյ Ի՞նչ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Արցախի հարցով բանակցութիւնները կը նմանին տնավարի խօսակցութիւններու: Լրատուամիջոցներուն նիւթ կը մատակարարեն: Նոյն բառերը, նոյն խօսքերը: Հարցի էականութիւնը չմիջազգայնացուեցաւ: Պատմութեան գնացքին մէջ ճամբու կէսին մտած են Մինսքի խումբի նախագահները եւ կը կարծեն, որ իրենցմով կը սկսի պատմութիւնը: Այդպէս է նաեւ Ազրպէյճանի տրամաբանութիւնը: Քաղաքականութիւն եւ բանակցութիւն` կը նմանին դատարկ ջաղացքի չախչախին, ո՛չ ցորեն կրնան աղալ, ո՛չ ալ ալիւր արտադրել, եթէ...

22 Եւ 24 Հոկտեմբեր 1975- Հայ Դատի Ուժական Պայքարին Ահաբեկչական Շղթայազերծումը

22 Եւ 24 Հոկտեմբեր 1975- Հայ Դատի Ուժական Պայքարին Ահաբեկչական Շղթայազերծումը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հոկտեմբերի այս օրերուն, 43 տարի առաջ, ահաբեկչական իրերայաջորդ զոյգ գործողութիւններ ցնցեցին քաղաքական աշխարհը, ճեղքեցին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի մեծագոյն ու ահաւոր ոճիրներուն շուրջ հաստատուած միջազգային լռութեան պատը եւ ազդանշանը տուին Հայ դատի ուժական պայքարին նորովի շղթայազերծման: Ճշգրիտ` 22 եւ 24 հոկտեմբեր 1975-ին, յաջորդաբար Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ քաղաքական ահաբեկումի...

Հինէն Մեզի

Հինէն Մեզի

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Խաչի ձեւով հիւսուած ձեռագործ մըն է ընդամէնը: Հին սովորութիւն մը` բարի, պապենական. դէպի արմատներ խորասուզող զգացում մըն է նաեւ, դէպի ինքնութիւն, որ ահա այս գեղեցիկ ձեռագործ խաչին մէջ կը կենդանանայ կարծես: Աշակերտուհիս հիւսած էր զայն ու որպէս յիշատակ` նուիրած ինծի ճամբորդութեանս նախօրէին: Բայց հետաքրքրականը այն է, թէ ի՛նչն էր արդեօք, որ աշակերտուհիս մղած էր այս հին ձեռարուեստը սորվելու...

Կեդրոնականցին Խօսեր Է Դերասանի Հետ

Կեդրոնականցին Խօսեր Է Դերասանի Հետ

ՄԱԿԱՐ Թատերական վերամուտ է Երեւան: Արմենակ անյագութեամբ կը վազէ մէկ թատրոնէն միւսը: Երբեմն կը գնահատէ, երբեմն կը քննադատէ, երբեք անտարբեր չէ: Իրեն յաճախ կ’ըսեմ, որ գրէ այդ բոլորը: Օփերայի մօտի սրճարաններէն մին նստած էինք չորսով եւ կը դիտէինք անցուդարձը, ինքնաշարժներու անդադրում երթեւեկը եւ մեծ քաղաքներու յատուկ խճողումը, որ երբեմն կը վերածուէր խցանումի: Արմենակ պատմեց, որ նախորդ օրը Սունդուկեան թատրոնը գացեր...

Հայերը Եւ Համաշխարհային Պաղ Պատերազմը. Պատմութիւն, Յիշողութիւն Եւ Ժառանգութիւններ

Հայերը Եւ Համաշխարհային Պաղ Պատերազմը. Պատմութիւն, Յիշողութիւն Եւ Ժառանգութիւններ

Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին հայոց վերաբերեալ քաղաքական եւ այլ զարգացումները ցարդ լայն տեղ չեն գտած պատմութեան գիրքերու մէջ: Արդի հայ պատմագիտութեան անդրադարձը ծանրացած է Պաղ պատերազմի նախորդող շրջանին, յատկապէս` Ա. Համաշխարհային պատերազմի, Մեծ եղեռնի ու յաջորդ  տարիներուն վրայ: Այսուամենայնիւ, 1945-1991 ժամանակաշրջանը շարք մը կարեւոր զարգացումներ արձանագրուած են Խորհրդային Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ: Արդարեւ, հայերը մէկէ աւելի ձեւերով ներգրաւուած էին Պաղ պատերազմին...

Ակնարկ.  Քարիւղը` Դարձեալ Քաղաքական Զէնք

Ակնարկ. Քարիւղը` Դարձեալ Քաղաքական Զէնք

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Խալետ պըն Ապտելազիզ Ֆալեհ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք առերեւոյթ մտահոգութիւններ փարատելու համար են, սակայն խորքին մէջ կու գան Թուրքիոյ նախագահին կողմէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ «ամբողջ ճշմարտութեան» բացայայտումին եւ անոր յաջորդելիք միջազգային հաւանական պատժամիջոցներուն նախօրեակին վերահաստատելու կամ վերյիշեցնելու Ռիատի կողմէ նախապէս նշուած սպառնալիքները: Նախարարը յայտնեց, թէ որեւէ երաշխիք չկայ, թէ...

Յեղափոխութեան Շուրջ Համախմբում

Յեղափոխութեան Շուրջ Համախմբում

ԽԱՉԻԿ-ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Երիտասարդ յօդուածագիր  Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեանի յօդուածին տեղ կու տանք` այնտեղ արծարծուած որոշ միտքերու հանդէպ մեր վերապահութիւնները յայտնելով: Հայաստանի մէջ արձանագրուած յեղափոխութիւնն ու յետյեղափոխական իրադարձութիւները օրինական դաշտին մէջ պահելը գերակայ առաջադրանք պէտք է մնայ, նախ` անշուշտ հակաօրինական նախադէպեր չստեղծելու եւ ժամանակի ընթացքին յաջորդ որեւէ յեղափոխութիւն առաջացնողներուն արդարացում չտալու` նախընթաց հակաօրինականութեան չդիմելու: Երկրորդ, յաչս միջազգային հանրութեան, ամէն գործընթաց սահմանադրականութեան եւ...

Թուրքիոյ Յեղաշրջման  Փորձին Ընթացքին Հայեր Չեն Տուժած

Վարձկան Լոպիները Անզօր Են Ազնաւուրի Դիմաց

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Բովանդակ հայաշխարհը կը սգայ ֆրանսահայ երգիչի` Շարլ Ազնաւուրի կորուստը: Մահը սուգ կը պարտադրէ: Սիրելիի մը անվերադարձ հեռացումը թախիծ կը պատճառէ: Սա պահուն, Ազնաւուրի մահով, այդ բոլորին զուգահեռ եւ խիստ հակասական երեւոյթով, մենք կրնանք նաեւ տօնել իր յաղթանակը: Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանի մահը պսակադրում մըն է նաեւ ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ կուտակուած յաջողութիւններու շարանին: «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած կենսագրութիւնը յաղթանակի...

Page 498 of 806 1 … 497 498 499 … 806

Արխիւներ