Ուսուցիչներու Պատգամը
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Այս անհանգիստ մթնոլորտին մէջ էր, որ մենք կը սկսէինք մեր աւարտական տարին 1953-ի աշնան: Կը յիշեմ մեր խմբական վիճաբանութիւնները այդ տարի. գաղափարներուն մէջ բացարձակը փնտռելու մեր հակումը: Կեանքը կը կերպարանափոխուէր մեր շուրջը, իսկ մենք կը զգայինք, որ մեր ազգային գոյավիճակի՛ն իսկ բերումով մատնուած էինք անշարժութեան եւ չունէինք երթալու տեղ... Այսպէս էր, որ գրեթէ բնազդաբար Ճեմարանի գրադարանէն ես վերցուցի...




















