Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Ազգային Գաղափարախօսութիւնը Թերարժեւորելու Որոգայթները

Փետրուար 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ անհատի եւ հայ ազգի հաւաքական ինքնագիտակցութեան եւ մշտանորոգ յիշողութեան հետ անջնջելիօրէն զօդուած են ազգային գաղափարախօսութեան ուղենիշներն ու հիմնադրոյթները:

Այդ հիմնադրոյթներու բաղադրիչներէն են նաեւ պետականութեան խորհրդանիշ հանդիսացող ազգային օրհներգը, դրօշը եւ զինանշանը:

Վերջին շրջանին շրջանառութեան մէջ դրուած պետական օրհներգը փոփոխութեան կամ վերատեսութեան ենթարկելու քայլը իրողութեան մէջ կը միտի, վարկազրկելով ցարդ գոյութիւն ունեցող եւ սահմանադրութեամբ օրինականացուած պետական մեր խորհրդանիշները, համարժէք տարողութեամբ կասկածներու տակ առնելով` հարուած հասցնելու վերջին հարիւրամեակին մեր պետութեան պատմական հոլովոյթին հետ շաղկապուած խորհրդանիշ երրորդութեան:

Կասկածէ դուրս է, որ պետական օրհներգի շուրջ այս «բանավէճ-առաջարկ»-ի ետին կը կանգնի հայութեան ազգային գիտակցութեան առկայ բազկերակի շօշափումն ու այդ առնչութեամբ հետագայ քայլերը նախաձեռնելու հիմնական նպատակը:

Յստակ եւ կանխամտածուած ապազգայնացման քաղաքականութիւն տարածելու գործընթացի մը նախասկիզբն է, որուն հետագայ արարին կեղծ եւ սնամէջ գաղափարներ պիտի յորջորջուին ազգային մշակոյթը, միացեալ հայրենիքը, հայ ազատագրական պայքարը, ազգային կրօնն ու եկեղեցին: Արցախեան ազատամարտը նսեմացնելու փորձը կատարուեցաւ դեռ անցեալ հոկտեմբերի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու նախօրեակին:

Հակաճառութիւններ կան մեր օրհներգի բնագրին առնչութեամբ, թէ 21-րդ դարու քաղաքակիրթ միջազգային հասարակութեան մէջ օրհներգի կարգ մը եզրոյթներէն` «Թող փողփողի թշնամու դէմ», «Բայց երանի, որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի» անպատշաճ են® Սակայն նոյն այդ այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ, Ֆրանսացիք հպարտութեամբ կ’երգեն իրենց պետական օրհներգը` «Մարսէյէզ»-ը, որուն տողերուն մէջ կ՛արտացոլան արեան, կոկորդի թրատման եւ այլ բազմաբնոյթ վայրագ պատկերներ, Իտալիոյ օրհներգ «Իլ քանթօ տէյլի Իտալիանի»-ի մէջ կը կարդանք «Պատրաստ ենք մեռնելու», իսկ Վիեթնամի պետական օրհներգին մէջ` «Մեր փառքի ճանապարհը կառուցապատուած է մեր թշնամիներու դիակով»® Նոյնատիպ բառամթերք կ՛օգտագործուի Ալճերիոյ, Հունգարիոյ, Միացեալ Նահանգներու օրհներգներուն մէջ: Իսկ երաժշտութեան գծով` բաղդատեցէ՛ք «Մեր հայրենիք»-ի կշռոյթը Մեծն Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ կամ Ճափոնի ազգային օրհներգներուն հետ եւ մեծ տարբերութիւն պիտի չգտնէք:

Թերահասութեան համազօր է պետական խորհրդանիշներ փոխելու կամ նախարարութիւններ լուծարելու այս գործընթացը: Ազգային գաղափարախօսութեան հիմերու պահպանման գլխաւոր գործօնը կը հանդիսանայ ազգային մշակոյթը, առանց որուն` ազգ գոյութիւն չ՛ունենար® իսկ մեր պարագային, լուծարուեցաւ մշակոյթի նախարարութիւնը` որպէս առանձին կառոյց եւ լծորդուեցաւ կրթութեան նախարարութեան: Տարասփիւռ հայութեան հետ կամրջումն ու շաղկապումը կատարող սփիւռքի նախարարութիւնը իր հերթին լուծարուած է, իսկ աւելի քան 7 միլիոն գնահատուող հայկական սփիւռքի կարծիքին չի դիմուիր պետական խորհրդանիշներ վերատեսութեան ենթարկելու հտպիտութեան առիթով:

Ժողովրդային «յեղափոխութենէն» ետք, անցնող օրերուն սկիզբ տրուեցաւ տնտեսական յեղափոխութեան® բոլոր նախանշանները ցոյց կու տան, որ կը սաղմնաւորուի նաեւ գաղափարախօսական «յեղափոխութիւն»-ը, ուր վստահաբար պիտի մերժուին, արժեզրկուին, թերագնահատուին այն բոլոր չափանիշները, որոնք հայ ժողովուրդի եւ հայ անհատի էութեան մէջ կոփուած են իբրեւ ազգային կենարար արժէք, որոնց կարգին` պատմական յիշողութիւնը:

Սփիւռքը ակնդէտ կը հետեւի այս հտպիտութեան եւ յոյսով է, որ իր աւարտին կը հասնի ազգայինը աղճատելու, աղարտելու եւ աղաւաղելու այս անհարկի հաւատաքննութիւնն ու խաչակրութիւնը:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Սփիւռքի Նեդրումը Հայաստանի Տնտեսութեան Մէջ. Ստեղծել Ուսումնական Բարձրագոյն Հիմնարկներ

Յաջորդը

Սերունդնե՛ր, Դուք Ձեզ Ճանաչէք Յաղթական Արցախէն

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?