Անդրադարձ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Հայ Դաստիարակը

ՎԵՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Ձայնը բարձրացնելու կամ դասարանը կառավարելու աւելորդ ճիգերու կարիք չունէր Տիկինը: Իր կրունկին ձայնը, իր մէկ նայուածքը արդէն իսկ բաւարար էին, որ, իր իսկ բառերով, «քար լռութիւն» տիրէր դասարանին մէջ: Տիկի՛նը: Տիկին Շաքէ Եագուպեան: Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի նախակրթարանի առաջին դասարաններէն արդէն անհամբեր կը սպասէինք աշակերտելու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու իւրայատկութեամբ ու իրեն յատուկ խստապահանջութեամբ ճանչցուած Տիկինին: Կարելի չէ տիկին...

Մայր, Մեծ Մայր Եւ Ուսուցչուհի…

Մայր, Մեծ Մայր Եւ Ուսուցչուհի…

ԹՈՌՆԻԿԴ` ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Այս երեք բառերով կրնանք նկարագրել մեծ մայրս` Շաքէ Եագուպեանը: Մեծ մայրս ի ծնէ ունէր  մայրական գուրգուրանքն ու սէրը եւ այդ խոր զգացումով դասաւանդեց հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ կրօն` տասնամեակներ շարունակ: Ան միշտ ալ ունեցած է հայրենիքի ու լեզուի հանդէպ այդ անսահման սէրը, թէեւ իր կեանքի սկզբնական շրջանին Հայաստանը տակաւին անկախ չէր, սակայն, իր սրտին մէջ փոքր Հայաստան...

Իրաւ Տիկին Շաքէն

Տիկինը… (Տիկ. Շաքէ Եագուպեանի Արեւոտ Ստուերին…)

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս առանց անդրադարձի, ի՛նչ ոգիով անցնիլ դասարանիս առջեւէն: Հոն` վերը, երկրորդ յարկին վրայ եւ պատուհաններով դէպի Ֆանարի մայրուղիին նայող այդ դասարանը եղաւ մեր բոլոր իղձերուն բնակարանը: Հոն շաղեցինք մեր երազները եւ սպասեցինք, որ ամէն գարնան արձակենք զանոնք: Այդ տարին առաջին տարիս էր Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ: Զարմանալի տարի էր, որովհետեւ, Լիբանանի Ազգային իշխանութեանց որոշումով, քաղաքի...

Մերձաւորարեւելեան Ընթացիկ Զարգացումների Շուրջ.  Սիրիայից Ամերիկեան Զօրքերի Դուրսբերումը

Մերձաւորարեւելեան Ընթացիկ Զարգացումների Շուրջ. Սիրիայից Ամերիկեան Զօրքերի Դուրսբերումը

ԿԱՐԷՆ ՎԵՐԱՆԵԱՆ Տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանային զարգացումները կրկին մտնում են սրացման հերթական փուլ: Տարածաշրջանում նոր լարուածութեան ստեղծման պատճառ կարող է դառնալ Միացեալ Նահանգների նախագահ Թրամփի` Սիրիայից 2000-անոց ամերիկեան զօրքի դուրսբերման վերաբերեալ յայտարարութիւնը: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգների նախագահ Տոնալտ Թրամփը 2018թ. դեկտեմբերի կէսին յայտարարել էր Սիրիայում «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ յաղթանակի մասին` նշելով, որ դա երկրում ամերիկեան զօրքերի գտնուելու միակ...

15 Մարտ 1921. Թալէաթի Ահաբեկումը. Որպէսզի Դատուի Եւ Պատժուի Հայասպան Թուրք Պետութիւնը

15 Մարտ 1921. Թալէաթի Ահաբեկումը. Որպէսզի Դատուի Եւ Պատժուի Հայասպան Թուրք Պետութիւնը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Մարտ 15ը հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջե­լիօ­րէն դրոշ­մո­ւած է իբ­րեւ Օրն Ար­դա­րա­հա­տուց­ման, Օ­րը՝ Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման։ Յատ­կա­պէս ­Մարտ 15ին, ա­մէն տա­րի, մեր սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րէն, հպար­տու­թեան եւ ո­գե­ւո­րու­թեան ան­սանձ զե­ղու­մով, բարձ­րա­ձայն կը հնչէ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծան­րա­գոյն ո­ճի­րին թիւ 1 պա­տաս­խա­նա­տո­ւին՝ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման նուի­րո­ւած ժո­ղովր­դա­յին սրտա­բուխ «­Գի­նի լից» եր­գը. Աշ­խարհ պա­տեց հա­յի ա­հը, Գե­տին ըն­կաւ թուր­քի գա­հը, Քեզ պատ­մեմ ­Թա­լէա­թին...

Ակնարկ.  Համակարգում Իտլիպի Մէջ`  Վերահսկողութեան  Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Ակնարկ. Համակարգում Իտլիպի Մէջ` Վերահսկողութեան Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Մոսկուա-Անգարա պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու պետերու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ, ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին, սուրիական Իտլիպի մէջ կը հաստատուի գործողութիւններու համակարգման կեդրոն: Տարի մը առաջ ստորագրուած էր Իտլիպը ապառազմականացուած գօտիի վերածելու մասին համաձայնագիրը երկու երկիրներուն միջեւ: Այդ համաձայնագիրին հետեւողութեամբ է փաստօրէն նոր առաջադրանքը: Հիմա կը բխի հետեւեալ հարցադրումը. համաձայնութիւնը կը վերաբերէր ապառազմականացնելուն: Ապառազմականացման համար կար անշուշտ քաղաքական երկու հիմնական ընկալում: Ռուսական...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Ակնարկ. Քաղաքական Երկրաշարժ Եւ Ցունամի` Ամերիկեան Քաղաքական Բեմին Վրայ

Պպաղեստինեան ծագումով Ռաշիտա Թլայպ եւ սոմալիական ծագումով Իլհան Օմար Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ճափոնի Ֆուքուշիմա քաղաքը հարուածող աղէտալի երկրաշարժին ու անոր յաջորդած մահասփիւռ ցունամիին ութերորդ տարեդարձէն չորս օր առաջ, 7 մարտին, Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուեցաւ քաղաքական երկրաշարժ մը, որուն յաջորդեց քարոզչական-տեղեկատուական ցունամի մը, երբ Ներկայացուցիչներու տունը 23-ի դէմ 427 քուէով եւ մէկ անուղղակի ձեռնպահութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ կը քննադատէ Միացեալ Նահանգներու...

Դէպի Ո՞ւր…

Ժամանա՛կն Է Արդէն

  ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Մինչ օրս Լիբանանի ուսման ծրագիրին մէջ, քանի մը բառէն բացի, ո'չ մէկ  ձեւով անդրադարձ կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան անվիճելի իրականութեան: Լիբանանի մէջ թրքական տիրապետութեան մասին եւ Ա. Աշխարհամարտի նիւթերուն մէջ պարզապէս յիշուած է, որ հայերը, քիւրտերն ու յոյները եւս իրենց բաժինը ստացած են թրքական ջարդերէն: Սակայն այս մէկը ընդունելի չէ եւ իմ դպրոցական տարիներէս անհանգստացուցած է զիս,...

Դէպի Ո՞ւր…

Նոր Ժպիտներ

ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ Մարդկութիւնը, եւ յատկապէս` մարդ արարածը, միշտ ալ կը ցանկայ աւելին, միշտ ջանք կը թափէ աւելի բարձրին հասնելու, ինչ որ մարդու բնազդին մաս կը կազմէ, եւ այս մէկը որոշ չափով առողջ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ մարդկութեան բարգաւաճումին համար: Այս բոլորը ճիշդ պատճառներն են, թէ ինչպէ՛ս աշխարհը աներեւակայելի արագութեամբ կը դառնայ իր շուրջ` գրաւելով նորանոր դիրքեր: Սակայն մարդկութիւնը երբեմն կը...

Հայկական Բլուր

Հայկական Բլուր

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Մենք հոս գործ ունինք ընելու»: Պետրոս Ալթունեանը ծնած է Շումէն, Պուլկարիա: Անոր մեծ ծնողքը եկած են Կայսերիայէն: Ան հոգեւոր եւ ձեռնադրեալ հովիւ է Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ ստանձնած է նոյն համայնքի համայնքապետի պատասխանատու պաշտօնը: Պուլկարիոյ մէջ կը գործեն չորս հայ աւետարանական եկեղեցիներ: Պետրոս ապրած է Պուլկարիոյ համայնավար վարչակարգի օրերը, ուր իր կեանքը այդքան ալ...

Մեր Պարտքը` Բանակին

Մեր Պարտքը` Բանակին

«ԱՍՊԱՐԷԶ» Հայրենիք եւ բանակ նոյնացած են այստեղ: Սփիւռքահայերս մասնակից չենք հայոց բանակի պահպանման սրբազան գործին, չենք ծառայեր բանակին մէջ իբրեւ զինուոր, չծառայելու տուգանք չենք վճարեր Հայաստանի պետութեան, որեւէ օրինական պարտաւորութիւն չունինք հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան կամ պաշտպաններուն հոգածութիւն ցոյց տալու գործին նկատմամբ: Մեր մխիթարութիւնը Հայաստանին անուղղակիօրէն նեցուկ կանգնելու աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուիլը կրնայ ըլլալ` տնտեսութեան մէջ ներդրում կատարելով, ներդնողները քաջալերելով, «Հայաստան» հիմնադրամին...

Նիկոլենց «իզմ»-ի Հետքերով

Մարտիրոսի Ծոռներ` Քեմալ Եւ Խաչիկ

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Ատըեամանեան շրջագայութեանս ընթացքին, օր մը, Գրիգոր աղբարիկը ինծի առաջարկեց իրեն ուղեկցիլ դէպի Քեահթա` այցելելու համար իր զարմուհիներէն մէկուն: Համաձայնեցայ: Չէի գիտեր անշուշտ, որ մասամբ այլ հանդիպումներու նմանող այս մէկը մե՛ծ իւրայատկութիւն մը պիտի ունենար նաեւ: Լեռներու ետին սահող արեւը բեմը կը զիջէր անապատային իրիկուան զովութեան. մենք կը քշէինք դէպի Քեահթա եւ դէպի մեծագոյն յայտնաբերումներէն մէկը կեանքիս: Փոքր ու...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Խորհրդայինները Պարտադրեցին Հայերէնի «Աբեղեանական Ուղղագրութեան»… Սխալագրութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 97 տարի առաջ, 4 Մարտին, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեան զինու զօրութեամբ հազիւ «բազմած» Հայաստանի մանուկ Հանրապետութեան ղեկին՝ նորելուկ պոլշեւիկներու «Յեղկոմ»ը հրապարակեց տխրահռչակ հրամանագիր մը (դեկրետ), որուն միջոցաւ՝ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումին լծուած նորաթուխ խորհրդայինները հայ ժողովուրդին պետականօրէն պարտադրեցին հայ լեզուի իրենց նախընտրած «աբեղեանական ուղղագրութեան»… սխալագրութիւնը: Հակառակ խորհրդային դարաշրջանէն «ժառանգուած» ապազգայնացման ու այլասերման բեռէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու իր յանդուգն քայլերուն,...

«Նոր Հորիզոններու Դիմաց». Հեղինակ` Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նոր Հորիզոններու Դիմաց». Հեղինակ` Արամ Ա. Կաթողիկոս

Վերջերս լոյս տեսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին «Նոր հորիզոններու դիմաց» հատորը: Անիկա կը պարունակէ ութ տարիներու ընթացքին վեհափառ հայրապետին պատգամներէն, գրութիւններէն եւ հարցազրոյցներէն հատուածներ, որոնք կը շօշափեն մեր եկեղեցւոյ, միջեկեղեցական, ազգին, հայրենիքին, սփիւռքին ու ազգային պահանջատիրութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ: Ստորեւ` յիշեալ հատորի յառաջաբանէն բաժիններ: Մարդու օրերը խոտի նման կը ծաղկին ու կը մեռնին, ինչպէս կը յիշեցնէ սաղմոսերգուն...

Ինտրա Կանտի, Լէոնիտ Պրեժնեւ, Պելճիքայի Ֆիլիփ Թագաւոր. Մատենադարան Այցելած Առաջին Դէմքերը

Ինտրա Կանտի, Լէոնիտ Պրեժնեւ, Պելճիքայի Ֆիլիփ Թագաւոր. Մատենադարան Այցելած Առաջին Դէմքերը

ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու մատենադարան այցելութիւնները տարեցտարի կ՛աւելնան: Եթէ 2017 թուականին Մատենադարան այցելութիւններու թիւը եղած է 108 հազար, ապա 2018-ին` 112 հազար: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Մատենադարան հիմնարկի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանը նշեց, որ այցելութիւններուն աշխարհագրութիւնը նոյնպէս կը մեծնայ: «Արցախի մեր մասնաճիւղն ալ 15 հազարէն աւելի այցելու ունեցած է 2018 թուականի ընթացքին: Այցելութիւններու առումով, արդիւնքներէն գոհ ենք:...

Ստացուած Գիրքեր.  «Արեւի Բնակավայրը» (Հեղինակ` Սպարտակ Ղարաբաղցեան)

«Մի Պտղունց» Արեան Կանչը` Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի Բնակավայրը» Գրքում

ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ «Ինչ լաւ է, որ Հայաստանն աշխարհի ցուցափեղկում դրած լոկ յուշարձանների երկիր չէ»,- գրում է Սպարտակ Ղարաբաղցեանն իր ակնարկներից մէկում` յաջորդիւ հայ աշխարհը համեմատելով երեսնիվայր ընկած խաչքարի հետ, որը բարձրացնողներից եւ գորովով ու խոնարհմամբ ցուցանողներից մէկն էլ ինքն է դառնում իր գրչի զօրութեամբ ու խօսքի հունարով: Անպաճուճանք, լեգենդ-առասպելներ յիշեցնող իր պատումներով նա կենդանացնում է կորուսեալ մի աշխարհ` իր մարդկանցով,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կիզակէտը Կրկին Արցախն Է

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կիզակէտը Կրկին Արցախն Է

  «Հաշուելի ամէն ինչ չի հաշուըւիր, իսկ հաշուելի ամէն ինչ կարելի չէ հաշուել» (Not everything that can be counted counts, and not everything that counts can be counted). Ալպերթ Այնշթայն Եթէ վերոյիշեալ նախադասութեան տէր Այնշթայնը այսօր ապրէր, հաւանաբար անգամ մը եւս պիտի կրկնէր իր այս իմաստուն խօսքերէն մէկը, մանաւանդ եթէ մօտէն քայլ պահած ըլլար արցախեան հիմնահարցին: Այսպէս, վերջին քանի մը...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները`  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին.  «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Արդար Ու  Մնայուն Լուծումը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ  Հելսինքեան Եզրափակիչ Հռչակագիրի  Սկզբունքներուն Վրայ»

Անդրադարձ. Սրբագրում Եւ Վերյիշեցում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ընդառաջ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը` կողմերուն վերյիշեցնելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի բաղադրիչները: Երկարաշունչ ու մանրամասն յայտարարութեան մէջ վերյիշեցումներու շարքէն կը բացակայէին Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի համաձայնութիւնները: Ատիկա մոռացումի կամ բացթողումի հետեւանք չէր, այլ` Հայաստանի վարչապետին ու Ազրպէյճանի նախագահին Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն դուրս հանդիպումի ընթացքին շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու շուրջ գոյացուցած...

Համզգային-Յոբելենական 35/90 (1) Պատմութեան Համար

Համզգային-Յոբելենական 35/90 (1) Պատմութեան Համար

 Համազգայինի Համասփիւռքեան Առաջին Երաժշտական Դպրոցը 35-ամեայ Կեցութեան Մը Վկայութիւնը ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ  Ա. Մուտք Եւ Ծննդոց «Երաժշտական կրթութիւն» եւ «երաժշտական դպրոց» հասկացողութիւնները նոր երեւոյթներ են սփիւռքահայ կրթական համակարգէն ներս. անոր հեռաւոր եւ մասնակի նախընթացը կը հանդիսանայ Գրիգոր Սինանեանի երաժշտական անձնական դպրոցը, Պոլսոյ մէջ, իբրեւ իր տեսակի առաջինը ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ: Սինանեաններու ընտանեկան նուագախումբը Դժբախտաբար երկար ժամանակ Սինանեանի դպրոցը չունեցաւ իր...

Գրողի Անկիւն.  Լեղի Իրականութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան Օրհներգը Փոխելու Առաջարկին Առիթով. Մեզի Միայն Այս Էր Պակաս…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Նորութիւն: Վերջերս հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքներուն վրայ, հայ մարդոց բերնին մէջ նոր «առաջարկ» մը բերնի ծամոն դառնալով, անժամանակ ալիք մը ստեղծած է` փոթորկելով ազգային մեր մտածողութիւնը: Պատճառ. որովհետեւ Երեւանէն մեր հանրապետութեան ազգային օրհներգը փոխելու առաջարկ մը մէջտեղ նետուած էր: Չես գիտեր` ինչո՞ւ: Կարծես ֆութպոլի գնդակ մը ըլլար, որ դիտմամբ նետուած ըլլար աշխարհի հայ մարդոց մտքերու դաշտին մէջ, որպէսզի...

Page 464 of 806 1 … 463 464 465 … 806

Արխիւներ