Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Պարտքը` Բանակին

March 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Հայրենիք եւ բանակ նոյնացած են այստեղ: Սփիւռքահայերս մասնակից չենք հայոց բանակի պահպանման սրբազան գործին, չենք ծառայեր բանակին մէջ իբրեւ զինուոր, չծառայելու տուգանք չենք վճարեր Հայաստանի պետութեան, որեւէ օրինական պարտաւորութիւն չունինք հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան կամ պաշտպաններուն հոգածութիւն ցոյց տալու գործին նկատմամբ:

Մեր մխիթարութիւնը Հայաստանին անուղղակիօրէն նեցուկ կանգնելու աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուիլը կրնայ ըլլալ` տնտեսութեան մէջ ներդրում կատարելով, ներդնողները քաջալերելով, «Հայաստան» հիմնադրամին գումար նուիրելով:

Սովորական, խաղաղ պայմաններու մէջ եթէ ըլլար մեր երկիրը, այս բոլորը հասկնալի կը դառնային ու նոյնիսկ` բաւարար: Սակայն մեր երկիրը մշտապէս, ամէն վայրկեան պատերազմի մէջ մխրճուելու վտանգը կը դիմագրաւէ, եւ անուղղակի օգնութիւններով հոգեկան բաւարարութիւն գտնել չի կրնար ոեւէ հայրենասէր սփիւռքահայ: Դժբախտաբար այս հարցը կ՛արծարծենք միայն այն ատեն, երբ պատերազմի լուրջ վտանգ կ՛ուրուագծուի հորիզոնին վրայ: Հազիւ այդ վտանգը քիչ մը հեռանայ, կը մոռնանք խնդիրը եւ կը թաղուինք մեր առօրեայ մտահոգութիւններուն մէջ:

Որո՞ւ պարտականութիւնն է այս հարցին հետապնդումը, անոր գործնական լուծում տալու պարտաւորութիւնը: Հայաստանի կառավարութեա՞ն, սփիւռքի ազգային կառոյցներո՞ւն:

Բանակին համազգային հոգածութեան բանաձեւը պէտք է գտնուի: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պէտք է գիտնայ, թէ իրմէ ի՛նչ կ՛ակնկալուի, եւ ինչպէ՛ս այդ ակնկալուածը կրնայ տեղ հասցնել: Այդ ակնկալութիւնը պէտք է սահմանուի` ըստ իւրաքանչիւրի կարողութեան:

Հասկնալի է, որ այս պարտաւորութիւնը բարոյական է, բայց այնքան ուժեղ են անոր հիմքերը, որ աւելի ազդեցիկ կրնայ ըլլալ, քան` օրէնքով սահմանուածը:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Րաֆֆի Չիլինկիրեանն Ու Տուտուկը` Չծրագրուած, Սակայն Իրագործուած Հետաքրքրական Պատմութիւն

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.