Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կիզակէտը Կրկին Արցախն Է

Մարտ 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

«Հաշուելի ամէն ինչ չի հաշուըւիր, իսկ հաշուելի ամէն ինչ կարելի չէ հաշուել» (Not everything that can be counted counts, and not everything that counts can be counted).

Ալպերթ Այնշթայն

Եթէ վերոյիշեալ նախադասութեան տէր Այնշթայնը այսօր ապրէր, հաւանաբար անգամ մը եւս պիտի կրկնէր իր այս իմաստուն խօսքերէն մէկը, մանաւանդ եթէ մօտէն քայլ պահած ըլլար արցախեան հիմնահարցին:

Այսպէս, վերջին քանի մը օրերուն հիմնահարցը բազմիցս արծարծուած է: Ղեկավարներ, քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ, նոյնիսկ այս գծով նախկին պաշտօնատարներ հետզհետէ աւելի կ՛արտայայտուին:

Մարտ 3-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու ծիրին մէջ ելոյթ մը ունեցաւ, որուն ընթացքին երկար ժամանակ տրամադրեց Արցախի տագնապին: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ յառաջիկայ հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ նաեւ բանակցային ձեւաչափի շուրջ քննարկումներու, յստակօրէն շեշտելով, որ` «Անհրաժեշտ է հարցի լուծման համար, նախ եւ առաջ, Արցախի մասնակցութիւնը»: Այս կարեւոր հաստատումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատասխանատու Արթուր Վանեցեանի վճռական այն յայտարարութենէն ետք, որ հայկական կողմը ոչ մէկ թիզ հող յանձնելու նպատակ ունի:

Հաւանաբար թէ՛ Վանեցեանի եւ թէ՛ Փաշինեանի յայտարարութիւնները արդիւնք էին նախապէս կատարուած կարգ մը հաստատումներու, որոնց կարգին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի խօսքին, որ այժմ հռչակաւոր ռուսական իրաւաբանական ընկերութեան մը պաշտօնեայ է եւ Ուաշինկթընի գրասենեակի ներկայացուցիչը: Ուորլիքի համաձայն, յստակ է, որ ժամանակի ընթացքին արցախեան տագնապը ո՛չ թէ կը մնայ սառած, այլ հետզհետէ կը դառնայ աւելի վտանգաւոր: Հետեւաբար, ըստ Ուորլիքի, անհրաժեշտ է զայն լուծել եւ «ազատիլ երկիրներու ապագան մշուշի մէջ ձգող ամպերէն»:

Քանի մը տարիէ ի վեր արցախեան հիմնահարցէն հեռու գտնուող Ուորլիքի արտայայտութիւնները,  անակնկալէ մը կամ թմբիրէն դուրս գալէ աւելի կ՛արտացոլացնէին Ուորլիքի ներկայ միջավայրին` Փութինի հետ մօտիկ յարաբերութիւն մշակող ռուսական մեծագոյն իրաւաբանական ընկերութեան կարծիքն ու գործընթացը:

Ուորլիքի մակերես բարձրանալը պատասխան մըն է Մինսքի խմբակի այլ ամերիկացի նախկին համանախագահի մը` դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտի, որ փորձելով «կղզիացնել» Մոսկուան, նշած էր, որ Քրեմլինը հետաքրքրուած չէ Արցախի հիմնահարցի լիարժէք լուծմամբ, ընթացք մը, որ բնականաբար պիտի տկարացնէ անոր ներկայութիւնը Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ:

Շատ աւելի ամբողջական եւ «իրապաշտ» են Հելսինքեան կոմիտէի ղեկավար Էլսի Հէյսթինկզի այն տողերը, որ տագնապը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կը մնայ աշխարհի ամէնէն դժուար կարգաւորուող եւ երկարաժամկէտ տարածքային ու ազգային վէճը: «Այդ փխրուն` ո՛չ խաղաղ, ո՛չ պատերազմական վիճակը լուրջ վտանգ է Հարաւային Կովկասի կայունութեան համար», շեշտեց Հէյսթինկզ իր խօսքին մէջ, միեւնոյն ժամանակ` մարտ 1-ին պատշաճ յայտարարութեամբ մը, ոգեկոչելով Սումկայիթի ջարդերուն 31-ամեակը:

Կատարուած բազմաթիւ յայտարարութիւնները ձեռնածալ չեն ձգած Պաքուն, որ յատկապէս Վանեցեանի եւ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններէն ետք, յանձինս նախագահ Ալիեւի եւ իր հլու կամակատար արտաքին գործոց նախարար Մամետիարովի, յամառօրէն եւ սպառնական ոճով կառչած կը մնայ բանակցային ձեւաչափին շուրջ քննարկումներ չկատարելու դիրքին:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Մի Պտղունց» Արեան Կանչը` Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի Բնակավայրը» Գրքում

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?