Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտիրոսի Ծոռներ` Քեմալ Եւ Խաչիկ

March 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ատըեամանեան շրջագայութեանս ընթացքին, օր մը, Գրիգոր աղբարիկը ինծի առաջարկեց իրեն ուղեկցիլ դէպի Քեահթա` այցելելու համար իր զարմուհիներէն մէկուն: Համաձայնեցայ: Չէի գիտեր անշուշտ, որ մասամբ այլ հանդիպումներու նմանող այս մէկը մե՛ծ իւրայատկութիւն մը պիտի ունենար նաեւ:

Լեռներու ետին սահող արեւը բեմը կը զիջէր անապատային իրիկուան զովութեան. մենք կը քշէինք դէպի Քեահթա եւ դէպի մեծագոյն յայտնաբերումներէն մէկը կեանքիս:

Փոքր ու համեստ տան դուռը բացաւ լաչակաւոր կին մը, կարօտալի ժպիտով թեւերը ընդարձակեց ու գրկեց մօրաքրոջ տղան` Գրիգոր աղբարիկը: Անցանք ներս. շուտով մօտեցաւ պարմանուհի մը շիկահեր, ամօթխածութեամբ բարեւեց երկուքիս, յետոյ անմիջապէս անցաւ ներս ու քանի մը ակնթարթ ետք վերադարձաւ երկու ամաններով, որոնց մէջ կար մսաշոթ` լահմաճուն… կարծեցի: Որպէս նախուտեստ հրամցուած այդ խմորեղէնը, սակայն, շուտով պիտի բացայայտէի, ոչինչ ունէր իր մէջ բացի կծու կարմիր պղպեղի թանձրաջուրէ: Զարմացա՞յ, ի հարկէ ոչ. տարածաշրջանին մէջ անցուցած նախորդ քանի մը օրերս համոզած էին զիս արդէն, որ կծուն ու ջուրը համազօր բաներ էին այնտեղ: Համե՞ղ էր. անշո՛ւշտ:

Ճաշելով` զրուցեցինք, մինչեւ տուն եկաւ ամուսինը` Շինասին, որ միաժամանակ հօրաքրոջ որդին էր կնոջ: Բոլորով նստանք սուրճի: Առաջին քառորդ ժամը, որքան ալ հետաքրքրական ըլլար, սովորական էր արդէն տեղւոյն մահմետական հայերու հետ քանի մը հանդիպումներ ունեցած ուսումնասիրողիս համար: Նոր բարեկամներս անընդհատ կ՛ապրէին թաղային ճնշումի տակ, անընդհատ դրացիները կը հետեւէին իրենց` «դարձած»-ներուն. հաւատարիմ ու անկե՞ղծ մահմետականներ էին, թէ՞ թաքուն կեաւուրներ: Մայրը իր մեծ աղջկան պսակին նոյնիսկ չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, քանի որ վերջինս «հարս գացած» էր արդէն քրիստոնէացած ատըեամանցի հայ ընտանիքի մը, եւ բնականաբար` ինք ալ մկրտութիւն ընդունած: Ի՞նչ պիտի ըսէին դրացիները, եթէ մայրը պսակին երթալով` տուած ըլլար իր հաւանութիւնը այդ «մեղքին»: Փոքր աղջիկը` օրուան մատուցողուհին մեր, յաճախ կեաւուր կ՛որակուէր իր դասընկերներուն կողմէ, յատուկ խիստ վերաբերմունքի կ՛արժանանար կրօնի դասապահուն: Ընդմիշտ ստիպուած էր փաստել, որ լաւ մահմետական է: Պարոն Շինասիին ետեւէն «փիս էրմէնի» այնքա՜ն ըսած էին, որ այլեւս որոշած էր ինք անձնապէս սկիզբէն յայտնել նոր ծանօթացած գործընկերներու, որ` «կը ներէք, այսպէս բան մը կայ®», որպէսզի յանկարծ յետոյ ուրիշ տեղէ չլսեն եւ «յուսախաբ» չըլլան: Այս ու այսպիսի այլ պատմութիւնները անթիւ էին եւ, ինչպէս արդէն ըսի, ոչ յատուկ` այս ընտանիքին:

Քիչ անց, սակայն, նոր յարաչափ մը մտաւ մեր հանդիպման մէջ, ու շրջեց ամէն ինչ: Բանն այն էր, որ պարոն Շինասին ըսաւ, թէ իր մեծ հօր եղբայրներէն մէկը ջարդէն ետք անցեր է Պէյրութ, որոշ ատեն մը նամակակցեր է իր եղբայրներուն հետ, իսկ յետոյ իմանալով, որ մահմետականացած են անոնք, խզեր է կապերը: Որքան ալ` զարմանայի, պատմութիւնը շատ նման էր իմ մանկութեան ընկերոջ` Խաչիկին մեծ հօր պատմութեան, ով ատըեամանցի էր նաեւ: «Լսած ենք, որ ճաշարան բացած է Պէյրութի մէջ». իսկ Խաչիկին մեծ հայրը քեպապճի էր Պուրճ Համուտի մէջ, խորոված վաճառող: Մնացած էր մէկ տեղեկութիւն, եւ արդէն վստահ պիտի ըլլայի, որ ճակատագիրը ահա կը միացնէր վշտացած եղբայրներու երրորդ-չորրորդ սերունդները: Պէյրութ գացողին անունը գիտե՞ն, հարցուցի. «Հաչատուր», ըսին: Եւ աւելի՛ն, գիտէին նաեւ, որ հօր անունը Մարտիրոս էր, զաւակինը` նոյնպէս: Ընկերոջս պատմութիւնն էր: «Վերջին Մարտիրոսի որդին ալ Խաչատուր է, Խաչիկ, ընկե՛րս է», ամբողջացուցի շղթան: Վայրկեան մը` քար լռութիւն:

Անմիջապէս skype-ով կապ հաստատեցին Տուպայի մէջ ապրող իրենց զաւակին` Քեմալի հետ, որ տարի մը առաջ հին նամակ մը ձեռքին` գացած էր Պէյրութ ու երկար, բայց ի զուր փնտռած էր Խաչիկենց: Քեմալը անմիջապէս բացաւ իր ընտանեկան արխիւները, ուղարկեց ինծի մէկ-երկու նամակ եւ նկար մը` ընտանեկան, որ իրենց մեծ հօր հասած էր Պէյրութէն: Կինը, որ նստած էր մէջտեղը նկարին, չափազանց նման էր Խաչիկին հօր` Մարտիկին: Ա՛լ կասկած չունէի: Նկարը ուղարկեցի ընտանիքի Պէյրութի թեւին. «Աս ուրկէ՞ ունիս, մենք այս նկարին մէկ այլ օրինակը ունինք մեր մօտ», ըսին ապշած: Ամէն ինչ պատմեցի, ու քիչ անց Պէյրութ-Քեահթա skype-ով կապ մը հաստատուեցաւ:

Եւ պաստառներու ընդմէջէն, ապշած-յուզուած, զիրար կը նայէին Մարտիրոսի ծոռները:

Ժամ մը ետք պարոն Շինասին խոշոր ձեռքերով գլուխս բռնած` պեխերուն մէջէն կը համբուրէր ճակատս, բարի երթ մաղթելով ինծի: Հեռացանք դէպի քաղաք:

Ո՞վ, ինչպէ՞ս զիս բռնեց Պէյրութէն, առաւ, տարաւ ու նետեց Քեահթայի տունը այդ, որ կապեմ Քեմալը Խաչիկին. երեւի երբեք պիտի չհասկնամ:

Չորեքշաբթի, 6 մարտ, 2019

 

Նախորդը

SAT-ի Ծրագիրի Անվճար Դասընթացքներ

Յաջորդը

Պատմութեան Վերակազմութիւն

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.