Փրփուր – Մասարա – Պսակաւոր Ժահր
ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ «Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ» առածը որքա՜ն ճիշտ է: Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ Քեսապի Տոհմիկ Օր մը տեղի պիտի ունենար 28 Մարտին Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի շրջափակին մէջ: Խումբ մը Համազգայինի համակիր Սիտնիաբնակ Քեսապցիներ, յանձինս Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Սօսի Քորթեանի, իրենց դստեր՝ Անիի, Տիկնայք՝ Մարօ Սարգիսեանի, Սօնա Աշըգեանի, Նայիրի Մանճիկեանի եւ Տիարք՝ Հայր ու որդի Անդրանիկ եւ...




















