Անդրադարձ

«Ես Եմ…»

«Ես Եմ…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ  «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար` եթէ ոչ Ինծմով»:  Աւետարան ըստ Յովհաննու 14:6   Արդէն եղաւ մօտաւորապէս ամիս մը, որ նստած եմ տուն` Քուէյթ, եւ չեմ ճամբորդեր: Երեւի իմ աւելի քան երեսուն երկար տարիներու ճամբորդական աշխատանքային կեանքիս մէջ ամէնէն երկար ժամանակն է ասիկա, որ տունը կը մնամ: Սկսայ տեսնել, թէ ի՛նչ...

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան  (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

Չարին Խափանումը Այլակերպութեամբ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Փոմխան զատկական պատգամի, սրտի խօսք սիրելի ժողովուրդիս, մեծին եւ փոքրին, երիտասարդին եւ երիտասարդուհիին, հարուստին եւ աղքատին, ղեկավարին եւ մշակին, կղերականին եւ աշխարհականին, մտաւորականին ու հողագործին, բոլորին: Դեռ պատանի, կը յիշեմ, մեծ մայրս` Շուշան Նէնէն, որ մեզի դռկից էր, հաւեր կը պահէր, որոնց հաւկիթները կը խաշէր կամ  կը տապկէր մեզի: Տարի մը, գարնան օրերուն, ան, առաւօտեան ժամէն վերադարձին, այլայլած...

Աւագ Շաբթուան Մեկնարկ. Աւագ Շաբաթը՝ Հոգիներու Լուացման Առիթ

Աւագ Շաբթուան Մեկնարկ. Աւագ Շաբաթը՝ Հոգիներու Լուացման Առիթ

Պատրաստեց ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փառք յաւիտեանս. Ամէն»։ Յարութեան շրջանի ժամամուտ  Քրիստոնեայ եկեղեցին առհասարակ եւ ի մասնաւորի հայ եկեղեցին չորս օրեր առաջ՝ Մեծ պահքի շրջանի աւարտին, Ծաղկազարդի տօնէն ետք թեւակոխեց քրիստոնէական կեանքի ամէնէն խորհրդաւոր եւ սուրբ շաբաթը, զոր մեր եկեղեցւոյ հայրերը զայն կոչած են Աւագ Շաբաթ: Արդ, այս...

Շաբթուան Խոկում. Եկեղեցին` Ժողովուրդին Ընդառաջ

Շաբթուան Խոկում. Եկեղեցին` Ժողովուրդին Ընդառաջ

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Անհրաժեշտ է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է, մանաւանդ հայ եկեղեցին, իր ազգային նկարագիրով ու իր հաւատքի առաքելութեան առընթեր իր ազգային ծառայութեամբ»: ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ծաղկազարդէն ետք քրիստոնեայ եկեղեցին կը պատրաստուի տօնել Ս. Յարութեան տօնը: Դժբախտաբար այս տարի արտասովոր իրավիճակի դրութեան բերումով («Քորոնա» համավարակ) ժողովուրդին առօրեայ կեանքը, գործի ասպարէզներն ու առհասարակ եկեղեցական կեանքը սահմանափակումի ենթարկուած են,...

Մինչեւ Ե՞րբ

Առ Ի Տեղեկութիւն

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ «Քորոնա»-ի քննութիւններուն ու հիւանդանոցային սպասարկութիւններուն համար` որոշ լուսաբանութիւն մը: Առաջին հերթին, եթէ իւրաքանչիւր անհատ երեք օրէ աւելի տաքութիւն ունի, այսինքն` 38,5 եւ վեր, եւ անոր կ՛ընկերակցի հազ կամ շունչի նեղութիւն կամ փորհարութիւն, փորի ցաւ, ուրեմն պէտք է բժիշկի մը հետ խորհրդակցի եւ անհրաժեշտութեան պարագային «Քորոնա»-ի ախտճանաչման քննութեան երթայ: Այսօր Լիբանանի մէջ երկու տեսակի քննութեան կեդրոններ կան: Առաջինը` պետական,...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Յետքորոնական Աշխարհը Հսկուած Շուկայի Աշխարհն Է

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 1928-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամէն ի վեր եւ իբրեւ անոր հետեւանք, անգլիացի տնտեսագէտ Ճոն Մայնըրտ Քէյնզի տեսութիւնը կը դիտուի իբրեւ «տնտեսական ճգնաժամերու ժամանակ որդեգրուած քաղաքականութիւն»: Քէյնզը կը հաւատար, որ շուկան միայն իր սեփական միջոցներով չի կրնար բարգաւաճում ապահովել հանրութեան, այլ ան նաեւ կարիքը ունի պետական միջամտութեան` կանխարգիլելու համար գործազրկութեան վտանգը: Պետութիւնը այս պարագային ներդրումներ կը կատարէ հանրային ծառայութեանց մարզին...

Լրատուական Կամուրջ Արաբական Երկիրներու Հետ.  Արմէնփրես»-ը Կ՛ընդլայնէ Համագործակցութիւնը

Imagine, there’s no newsroom… Լրատուամիջոցները Համավարակից Յետոյ

Արամ ԱՆԱՆԵԱՆ Արմենփրես լրատուական գործակալութեան տնօրէն Եթէ չլինէին լրատուամիջոցները, համացանցը եւ հեռահաղորդակցութիւնը, կարող էր թուալ, թէ յետ ճարտարարուեստական  մարդկութիւնը վերադարձել է խորը միջնադար: Աւելի ճիշդ՝ միջնադարի այն հանգրուանը, երբ մարդու տեղաշարժը սահմանափակուած է իր բնակավայրի (շատ երկրների դէպքում` իր բնակարանի) տարածքով: Մի քանի ամիս առաջ ոչ ոք անգամ ամենասարսափելի մղձաւանջում չէր կարող պատկերացնել, որ «սոցիալական հեռաւորութիւն»  առօրէական բառակապակցութիւնն իրական կեանքում նկարագրելու է մարդկային շփումների ասոցիալացումը:...

Ակնարկ.  Անյաղթահարելի Պայմաններ Եւ Իրաւական Ելքեր

Ակնարկ. Անյաղթահարելի Պայմաններ Եւ Իրաւական Ելքեր

Շ.Գ. Արցախի մէջ պսակաձեւ ժահրի առաջին վարակակիրի հաստատման լուրը անմիջապէս մտածել կու տայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլի կայացման կամ չկայացման հաւանականութիւններուն մասին: Բնականաբար, մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնը, պետութեան գլուխի լիազօրութիւնները կը շարունակէ վարել պաշտօնավարման շրջանը աւարտող գործող նախագահը: Այստեղ կայ անշուշտ սուր հարց, այն առումով, որ պսակաձեւ ժահրին  պատճառով  երկրորդ փուլի հետաձգումը կամ առկախումը կրնայ թուականի անորոշութեան տանիլ ընդհանրապէս ընտրութեան...

Պարկը

Պարկը

ՆԱՆՈՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ Երբ ոեւէ անձ տեսնէ այս պատկերը, անկասկած պիտի հարցնէ` «ի՞նչ կայ մէջը»: Մարդիկ պիտի պատասխանեն` մէկ քիլօ ձաւար, երկու քիլօ  շաքար, աղ, բրինձ, կաթ, ձէթ, թաշկինակ... Իսկ ես պիտի ըսեմ` այստեղ կայ հաւաքական աշխատանքի աննկարագրելի երեւոյթ,  հայ գիւղացիին նեցուկ կանգնելու բարձր գիտակցութիւն, սկաուտական միշտ պատրաստ ոգի, ԼՕԽ-ականի անձնուէր պատրաստակամութիւն, ԼԵՄ-ական երիտասարդի եւ կուսակցական ընկերոջ գաղափարապաշտական միասնակամութիւն, քաղաքապետարանի ենթամարմիններու...

Պսակաձեւ Ժա՞հր, Թէ՞ Մարդկային Խոցելիութիւն

Պսակաձեւ Ժա՞հր, Թէ՞ Մարդկային Խոցելիութիւն

ԲԺԻՇԿ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Պսակաձեւ ժահր կամ «Քորոնա» ժահր: Մինչեւ վերջերս մարդկութեան համար ոչինչ նշանակող այս անունը դարձած է եօթը հազարամեայ մարդկային քաղաքակրթութիւնը ի դերեւ հանող գոյացութիւն: Ժահրը`  ըլլայ ան բնածին, թէ արհեստական, այսօր դուրս է մարդ արարածին վերահսկողութենէն, եւ յստակ չէ, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ կանգ կ'առնէ: Համամարդկային չարիքի վերածուած այս համաճարակը բացայայտեց մարդկութեան անզօրութիւնը որեւէ աներեւոյթ չարիք դիմագրաւելու, մինչ...

Արեւմտեան Հայաստանի Ծպտեալ Հայեր. Ատիամանի Հայերը

Արեւմտեան Հայաստանի Ծպտեալ Հայեր. Ատիամանի Հայերը

Այսօր, հայ ընտանիքներու թիւը Ատիամանի մէջ կը գերազանցէ 1600-ը Ատիամանի Հայեր. ի՞նչն է, որ անոնց աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ կը դարձնէ Լրագրող Նայիրի Հոխիկեան կը շարունակէ ուսումնասիրել, թէ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատմական ժառանգութենէն ի՞նչ մնացած է, որո՞նք կ’ապրին մեր հարեւանութեամբ՝ մեր պատմական հողերուն վրայ, միայն թիւրքերն ու քիւրտե՞րը, թէ՞ հայկական արմատները կը շարունակեն ծիլեր տալ… Սփութնիք Արմենիան հրատարակած է Լրագրող...

Մութը Անիծելու Փոխարէն Մոմ Վառենք…

Մութը Անիծելու Փոխարէն Մոմ Վառենք…

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Աշխարհն ամբողջ տագնապի մէջ է: Տագնապի մէջ էինք արդէն Լիբանանի մէջ, իսկ այսօր «Քորոնա»-ի աղէտը գլեց անցաւ ամէն նախատեսութիւն: Անկախ պետական մակարդակի նախաձեռնութիւններէն, փաստօրէն իւրաքանչիւր համայնք կամ կազմակերպութիւն ինք եւս շնորհակալ գործ կը կատարէ` հասնելու ժողովուրդին եւ թեթեւցնելու անոր  պարտադրուած բեռը: Հայ համայնքը եւս իր կազմակերպուածութեամբ, սահմանափակ կարելիութիւններով առաւելագոյն ճիգը ի գործ կը դնէ հասնելու իր զաւակներուն: Համայնքային...

Սեդան Եւ Մարալը

Սեդան Եւ Մարալը

2020-ը սկսաւ համաշխարհային դժնդակ պայմաններով: Իսկ 2020-ի ապրիլ ամիսը դարձաւ աւելի դաժան, երբ մահը եկաւ խլելու երկու սիրելի ընկերուհիներ` քանի մը օր տարբերութեամբ: Երկուքը` «Ազատամարտ»-ական: Երկուքը` ընտանիքիս մտերիմ բարեկամներ: Երկուքը` հաւատաւոր դաշնակցականներ: Երկուքը` նուիրեալներ, Սեդան` ԼՕԽ-ին, Մարալը` կրթական մարզին: Երկուքը` համեստ, նոյնիսկ իրենց թաղման արարողութիւններով... Հրաժեշտ տուին այս կեանքին` ճգնաժամային օրերու, երբ արտօնելի չէին համախմբումներ: Երկուքը սպասող ունէին անդենականին մէջ`...

Հայուն Հաւաքական Կերպարը Եւ Ինքնութիւնը

Հայուն Հաւաքական Կերպարը Եւ Ինքնութիւնը

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ արուեստագէտներ ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ ու ստեղծագործել. անոնց անունը դուրս կու գայ իրենց ապրած երկրին սահմաններէն, հասնելու համար տարբեր երկիրներ ու ցամաքամասեր: Անոնք ոչ միայն չեն ժխտեր իրենց ազգութիւնը, այլ հպարտօրէն կը նշեն իրենց արմատները եւ կը սատարեն ՀԱՅ մարդու կերպարին բիւրեղացման. օտարներուն համար: «Հայը» անծանօթ, լաւագոյն պարագային՝ մշուշոտ կերպար մը...

Ակնարկ.   Դէպի Բնականոն  Կեանքի Հուն

Ակնարկ. Դէպի Բնականոն Կեանքի Հուն

Պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թուային  պատկերները երկրէ երկիր կը տարբերին: Հոն, ուր ուշացած են ինքնամեկուսացման կամ մեկուսացման գործընթացները, միտումներու կշռոյթը արագ է, եւ վարակումի տարողութիւնները` բարձր: Կը տարբերին բնականաբար մահացութեան դէպքերու թիւերը: Հետեւաբար նաեւ` բուժուածներու պարագաները: Այս բոլոր վիճակագրութիւնները անընդհատ կը թարմացուին եւ կը հրապարակայնացուին: Ժահրին դէմ յայտարարուած պատերազմին Չինաստանը կը շարունակէ գրաւել առաջին հորիզոնականը: Կը թուի, որ վիճակագրական սուր եւ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Կեցուածք. Քանատա Պէտք Է Բացատրութիւն Տայ, Նաեւ՝ Պաշտօնազրկէ Թուրքոյ Մէջ Իր Դեսպանը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արցախի մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները խժալուր արձագանգներ ստեղծեցին արեւմտեան որոշ շրջանակներու մէջ. Եւրոպական Միութեան արտայայտած՝ որոշ չափով զգուշաւոր ու վերապահ անբաւարարութենէն ետք, Թուրքիոյ մէջ Քանատայի դեսպանը քանի մը քայլ անդին գնաց եւ յայտարարեց, որ «Քանատա չի ճանչնար այսպէս կոչուած՝ ընտրութիւնները», զանոնք կը նկատէ «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին խաղաղարար ճիգերուն վնաս բերող», ու աւելին՝ յայտարարեց, որ իր երկիրը «աջակից...

Մինչեւ Ե՞րբ

Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Քորոնայի ճգնաժամային շտապի աշխատանքներուն համար անցնող շաբթուան ընթացքին նուիրատուութիւններ կատարուեցան եւ կը կատարուին տակաւին: Նախազգուշական արշաւի համար սկսած շտապը օրը-օրին մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի: Պետութիւններ անկարող են կազմակերպելու եւ երեւոյթին դէմ յանդիման կենալու: Լիբանանահայութիւնը իր կառոյցներով անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ինքնուրոյն է իր կազմակերպուած ուժով եւ պատրաստակամութեամբ: Այսօր փաստօրէն 5.000 ընտանիք եւ աւելի կարիքը ունի սնունդի:...

Ուշացած   Շնորհակալութիւն

Ուշացած Շնորհակալութիւն

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Տագնապ  կ'ապրի  աշխարհը: Մարդկութիւնը գոյապայքար կը մղէ խորհրդաւոր եւ դաժան  ժահրի մը դէմ: Անոր աւերներուն առջեւ  անզօր մնացած է  արհեստագիտական նուաճումներով   յոխորտացող  քաղաքակրթութիւնը: Բոլորս ակամայ  բանտարկեալ  դարձած  ենք  մեր  բնակարաններուն մէջ: Սոսկումով կը հետեւինք «Քորոնա» ժահրի  գիշատիչ ճանկերուն մէջ ինկող մահացութեան  ամէնօրեայ  թիւերուն: Դադրած են օդային,  ցամաքային, ծովային   հաղորդակցութիւնները: Կղզիացած է աշխարհը, մարդկութիւնը:  Համայն աշխարհ  դարձած է  այս...

«Հայրենիք»ի Խմբագրական․ Հեգնական Եւ Սնոտի Արժեւորում

«Հայրենիք»ի Խմբագրական․ Հեգնական Եւ Սնոտի Արժեւորում

Աշխարհը… յատկապէս քաղաքակրթուած ու կատարելոգործուած աշխարհը սովորաբար օրինակներ կը քաղէ Եւրոպայէն, ուր ընդհանրապէս ազատութիւն, ժողովդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ այլք շատ աւելի յառաջդիմած են, քան այլուր։ Միշտ ալ օրինակելի եւ նախանցելի եղած է Եւրոպան, յատկապէս քաղաքական բնագաւառէն ներս, իր ողջմտութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Խոցելի կէտեր ու վիճակներ ստեղծուած են եւ պատմութեան սլաքը ետ տանելով՝ կարելի է նշել պարագաներ։ Սակայն, նիւթը այդ պատմութեան ընդմէջէն...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Անիծեալ «Քորոնա»ն Եւ Մենք

  ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հրահանգ է եւ վերջ: Տնեցիք ինծի բացարձակապէս արգիլեցին տունէն դուրս գալ: Իրաւունք ունին: Որովհետեւ… անէ՛ծք չար սատանային…որովհետեւ ա՛յդ «քորոնա» ըսուած ե՛ւ վախազդու, ե՛ւ մահացու որակուած անկոչ «հիւրը», մեր ապրած ա՛յս հայահոծ քաղաքն ալ հասած է: Ինծի համար մերիններուն այս կեցուածքը, պարզապէս արտայայտութիւնը եւ արձագանգն է իրենց մտահոգութեան եւ միեւնոյն ժամանակ իրենց հոգածութեան ցուցանիշը՝ հանդէպ տան մեծին, տարեցին,...

Page 400 of 807 1 … 399 400 401 … 807

Արխիւներ