Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակին Առիթով Հայկական Մշակութային Գոհարներու Ներկայացում` Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» Պատկերասփիւռի «Միուզիքըլ» Յայտագիրէն
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Հայ երաժշտութիւնը իր մէջ կը սնուցանէ ոգին ի՛ր իսկ ցեղին, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամէնէն մաքուր հայելին է ցեղին»: ԿՈՄԻՏԱՍ Ազգերու պատմութեան մէջ մեծերը սոսկ երեւոյթ չեն, այլ նոյնինքն ազգին ինքնութիւնը կը կերտեն: Հայոց պատմութեան մէջ Մեսրոպ Մաշտոց մեր ինքնութեան հիմնադիրը եղաւ եւ մեր գոյատեւումը գիրով ու բանով դարբնողը: Կոմիտաս եկաւ ամբողջացնելու Մեսրոպ Մաշտոցի աշխատանքը, որովհետեւ հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ...



















