Անդրադարձ

«Արցախ Գնացի Մէկ Շաբաթով, Մնացի 28 Տարի»

«Արցախ Գնացի Մէկ Շաբաթով, Մնացի 28 Տարի»

ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ 2023 թ. սեպտեմբերի 28-ի ուշ երեկոյ էր: Ստեփանակերտի իր տանը Միքայէլ Հաջեանը վերցնում է լուսանկարները, փաստաթղթերը, շրջանակներից հանում է նկարները, խողովակ դարձնում, որ քիչ տեղ զբաղեցնեն պայուսակում, ապա վերցնում եւս մի քանի անհրաժեշտ իրեր ու սպասում Արցախից Հայաստան գնացող վերջին հանրակառքերից մէկին: Գիշերուայ ժամը 2:00-ն էր: Մթութիւնը հեղեղի պէս լցուել էր ոչ միայն Ստեփանակերտի փողոցներ, այլեւ` մարդկանց սրտեր:...

Սթափելու Ժամանակը

Պատերազմը Խաղաղութեան Միջոց Չէ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան համաձայնած են հինգշաբթի, 26 փետրուարին Ժընեւի մէջ անուղղակի բանակցութիւններու երրորդ հանդիպումը կայացնել: Երրորդ հանդիպման համար նախապայման էր Իրանի կողմէ խելամիտ առաջարկի մը ներկայացումը: Կը թուի, որ այդ առաջարկը մշակուած է եւ փոխանցուած ամերիկեան կողմին, որ զայն ընդունելի համարած է իբրեւ բանակցային հիմք: Այս մասին չի յայտարարուիր, փոխարէն կը հնչեն պատերազմական շեփորները: Միացեալ Նահանգներ...

Բաց Նամակ.  «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով

Բաց Նամակ. «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ Պօղոս-Սնապեանի տուն թանգարանի վարիչ Պատուարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի, Շարունակաբար չորս բաժիններով  վերջերս «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսաւ Այնճարի մասին պատկերազարդ յօդուածաշարք մը` «Մէկ ընտանիքի պէս ապրում ենք այստեղ» խորագիրով, որ բաւական յստակ պատկեր մը կու տայ գիւղին ներկայ դրութեան մասին` ներկայացնելով հանդերձ անոր պատմական անցեալն ու անցած դժուարին ուղին: Յօդուածին համահեղինակներն են հայրենի «Հետք» թերթի աշխատակիցներ` Վահէ  Սարուխանեանն ու...

Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին

Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Փետրուարեան արտասովոր պայծառ երկինքը վայելելով, ուրբաթ առաւօտ, դասաւանդումի սովորական օրուան մը համար կ ՛ուղղուիմ դպրեվանք, Պիքֆայա: Հեռաձայնիս պաստառին վրայ գոյժ մը կը ցնցէ զիս` Տաթեւ սրբազանը վախճանեցաւ... Դէպի դպրեվանք սիրած ճամբաս հիմա աւելի դարձդարձիկ, երկար եւ դժուար կը թուի. անիկա կարծես կը դառնայ կեանք մը ամբողջ, յիշողութիւն մը համապարփակ, արդարեւ, որքան որ կորսնցուցածներուս ցաւին առկայութեամբ աչքերս կը...

«Հայաստանում Իշխանութիւնը Վերածուել Է Քաղաքական Ճնշման Գործիքի». Լիլիթ Գալստեան

«Հայաստանում Իշխանութիւնը Վերածուել Է Քաղաքական Ճնշման Գործիքի». Լիլիթ Գալստեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան 20 փետրուարին Վիեննայի մէջ ելոյթ ունեցաւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռային նստաշրջանին` լուսարձակի տակ բերելով Հայաստանի իշխանութեան ներկայ քաղաքականութիւնը, Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմագերիներու ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ` Եկեղեցւոյ դէմ պայքարը: Ստորեւ` խօսքին ամբողջութիւնը. «Ցանկանում եմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող երկու խորապէս մտահոգիչ խնդիրների վրայ: «Առաջինը` Պաքւում...

Երբ Լռութիւնը Մեղսակցութիւն Է, Իսկ Խիղճը` Մեղադրեալ

Երբ Լռութիւնը Մեղսակցութիւն Է, Իսկ Խիղճը` Մեղադրեալ

«Ում խղճի վրայ կը մնայ արցախցու խիղճը մարմնաւորող ղեկավարների դատը» ՀԱՏԻՍ   Արցախի անցեալ ու ներկայ ղեկավարների դատավարական ճակատագիրը մի ձեւակերպմամբ բնորոշելը անհնարին է: Եթէ մէկ բառով` նրանք արժանապատուօրէն իրենց վրայ վերցրին արցախահայութեան անփորձանք տեղահանութեան ամբողջ ծանրութիւնը: Ոչ որպէս անձնական ձախողում, այլ` որպէս պատմական պատասխանատուութիւն: Սա ողբերգ էր ու ցաւ ոչ այնքան իրենց համար, որքան` այն խղճի, որին նրանք մարմնաւորում...

Խաղաղութեան Անունով  Լռութիւն, Իսկ Լռութեան Ետին` Ազգային Նահանջ

Խաղաղութեան Անունով Լռութիւն, Իսկ Լռութեան Ետին` Ազգային Նահանջ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Պաքուն այսօր կը փորձէ պատմութիւնը վերաձեւել` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի վրայ հիմնուած ազգային-ազատագրական շարժումը ներկայացնելով իբրեւ «ահաբեկչութիւն»: Սակայն ժողովուրդ մը, որ իր պատմական հողին վրայ կը պայքարի գոյութեան, անվտանգութեան եւ արժանապատուութեան համար, չի կրնար ահաբեկիչ կոչուիլ միայն այն պատճառով, որ մերժած է ենթարկուիլ բռնապետական իշխանութեան: Արցախեան շարժումը ծնունդ առաւ միջազգային իրաւունքի ամրագրած ինքնորոշման սկզբունքէն: Ան ծնունդ առաւ այն գիտակցութենէն,...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Փոխնախագահը Արդեօք Կը Համարձակուէ՞ր

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Միացեալ Նահանգների փոխնախագահ` Ճէյ. Տի. Վանսը կը համարձակուէ՞ր սրբագրել հրեաների Ողջակիզումի կոթողին իր  պաշտօնական այցը Իսրայէլում, կամ` որեւէ այլ երկրում, անշուշտ ո՛չ: Բայց կարողացաւ շատ հեշտօրէն դա անել հայ ժողովրդի դէմ գործադրուած մեծագոյն Ցեղասպանութեան յուշակոթողը այցելելուց յետոյ: Ինչո՞ւ... Թէեւ հարցս իր պատասխանն ունի, սակայն կրկին մնում է հարց` ուղղուած մեր հասարակութեանը: Գիտենք, որ Հայաստանի ղեկավարը ինքը...

Բերքահաւաք

Հովին Խաղը

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ձմեռ է: Փետրուար ամիս: Քեսապի քաղցր առաւօտը ո՛ւր, քաղաքի առաւօտը ուր: Քեսապ, երբ առաւօտեան աչքդ կը բանաս ու գարնան թէ ամրան պատուհանէն դուրս կը նայիս, երկնքի գեղեցիկ կապոյտը կը վայելես: Արեւուն ջերմացնող շողերը մեղմիկ-մեղմիկ դէմքդ կը շոյեն, եթէ շուտով գոհունակութեան ժպիտովդ պատասխան չտաս անոնց, զօրաւոր տաքութեան ու լոյսի կը վերածուին ու աչքերդ կը կծկեն: Հետզհետէ հորիզոնին վրայ...

Դար Մը Պայքարի Ժառանգութիւն, Դար Մը Ազատագրութեան Դրօշակիր` ՀՅԴ-ն Արցախի Ազատագրութեան Առաջնագիծին Վրայ

Դար Մը Պայքարի Ժառանգութիւն, Դար Մը Ազատագրութեան Դրօշակիր` ՀՅԴ-ն Արցախի Ազատագրութեան Առաջնագիծին Վրայ

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ 1988-էն մինչեւ 1994 երկարող ժամանակահատուածը հայ ժողովուրդին համար եղաւ ճակատագրական եւ անկիւնադարձային փուլ` պատմական արդարութեան պահանջով եւ ազգային զարթօնքով: 11 փետրուար 1988-ին Ստեփանակերտի մէջ ծայր կու տան ժողովրդային ցոյցեր` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Խորհրդային Հայաստանի միացնելու պահանջով: Յաջորդող օրերուն պահանջատիրական երթը կը ծաւալի Արցախէն Հայաստան, տեղի կ՛ունենան` բազմահազարներու մասնակցութեամբ ժողովրդական ցոյցեր, դասադուլներ,...

Քամպոտիոյ Ծիծաղելի Դատարանը

Քամպոտիոյ Ծիծաղելի Դատարանը

ՓԱՕԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ Քամպոտիան երկիր մըն է, որուն մասին թերեւս շատեր չեն լսած կամ քիչ բան լսած են: Անիկա Վիեթնամի  եւ Թայլանտի միջեւ գտնուող հսկայ երկիր մըն է, որ այսօր ունի 181.035 քառ. քմ տարածութիւն, այսինքն Լիբանանէն 18 անգամ մեծ է եւ 17.640.000 բնակիչ ունի: 30 հոկտեմբեր 2025-ին այցելեցի Քամպոտիա եւ անոր մայրաքաղաքը` Ֆնոմ Փեն, որ գեղեցիկ եւ փոքր քաղաք մըն...

Արցախեան Շարժման 38-Ամեակ. Արցախահայութեան Տունդարձը… Քեսապի Պրիսմակէն

Արցախեան Շարժման 38-Ամեակ. Արցախահայութեան Տունդարձը… Քեսապի Պրիսմակէն

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի հայաթափումը եւ անոր բռնագաղթը բնականաբար իրենց ծանր անդրադարձը ունեցան նաեւ քեսապահայութեան հոգեվիճակին վրայ, որովհետեւ քեսապահայութիւնը իր մորթին վրայ զգացած էր բռնագաղթն ու «վայելած»` տեղահանութիւնն ու տարագրութիւնը, 21 մարտ 2014-ին: Քեսապահայութիւնը  մեծամասնութեամբ ապաստան գտած էր Լաթաքիա քաղաքը (Քեսապէն 60 քմ հեռու)` հարազատներու, բարեկամներու, ծանօթներու (հայ թէ արաբ ու իսլամ) մօտ, մինչ փոքր թիւ մը անցած էր Լիբանան,...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Արեւմտահայերէնը Կը Փրկուի Եթէ Հաւաքական Կամեցողութիւն Ցոյց Տանք (Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենի Լեզուին Օրուան Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 5-էն 7-րդ դարերում հայ ժողովուրդը ծնել է աւելի քան 300 գրող, որոնք գրել են աւելի քան 17 հազար գիրք: Տարի մը առաջ հայ մամուլի էջերէն կարդացեր էի ուշագրաւ գրութիւն մը ու հանդիպեր շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններու, որոնք կ՛առնչուին հայ ժողովուրդի փառաւոր անցեալին, մշակութային նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ` մեր ազգային արժեհամակարգին: Գրութիւնը, ըստ ձեւի, գրախօսութիւն մըն էր` փոքր ծաւալի գիրքի մը...

Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Հրայր Սաղըրեանի Յիշատակին

Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Հրայր Սաղըրեանի Յիշատակին

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ի՜նչ արագ սահեցան քառասուն օրերը: Ահա քառասուն օրեր անցան այն սեւ օրէն, երբ նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական  Հրայր Սաղըրեան առյաւէտ բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն, բարեկամներէն եւ միութենականներէն: Ցաւալի է այս կորուստը` անհաւատալի ըլլալու չափ, որովհետեւ կեանք, կորով եւ աշխուժութիւն ներշնչող Հրայր Սաղըրեան իրաւունք չունէր այսքան շուտ հրաժեշտ տալու մեզի: Աւելի ճիշդ` նախախնամութիւնը իրաւունք չունէր այսքան շուտ զինք պոկելու մեզմէ: Բայց եւ...

Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշուէտուութեան եւ վերարժեւորումի

Զգաստանալու Ժամանակն Է

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Ազգովին կը գտնուինք մեր գիտակցական կեանքի ամէնէն խոր եւ ահաւորագոյն ցնցումին դէմ յանդիման: Անցնող հինգ տարիներուն հայութեան ներաշխարհը խանգարուած ու խռոված է, բոլորիս հոգիները վիրաւոր են, սրտերը` արիւնոտ: Այսօր ո՛չ թէ արտաքին թշնամիին, այլ մեր իսկ հայրենի իշխանութեան կողմէ գործադրուած հալածանքներուն դիմաց ցնցուած ենք ազգովին: Այսօր մեր աչքերուն առջեւ Հայաստանի բանտերը կը լեցուին բարձրաստիճան հոգեւորականներով, վարդապետներով, քահանաներով եւ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Մենք Արցախը Վաճառեցինք Կամայ Թէ Ակամայ» (38-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պատառիկ մը մեր առօրեայէն: Բարեկամի մը գործատեղին հաւաքուած քանի մը սրտցաւ հայորդի, գաւաթ մը սուրճի գլուխն անցած, կը զրուցեն հայ կեանքին առնչուող իրադարձութիւններու մասին: Բնականաբար, Արցախը կը գրաւէ առանցքային տեղ, որովհետեւ շատերու կարծիքն է, ըստ ամենայնի, որ հայութեան գլխուն եկած վերջին տարիներու ցաւն ու տառապանքը, անդառնալի կորուստներու պատճառն ու պետական մակարդակի այս կամ այն խաղքութիւնը, հայոց պառակտեալ վիճակը,...

Արցախեան Շարժման 38-Ամեակ.  Արցախի Հայութեան Հայաստանին Վերամիանալու Պատմական Որոշումը

Արցախեան Շարժման 38-Ամեակ. Արցախի Հայութեան Հայաստանին Վերամիանալու Պատմական Որոշումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի հայութիւնը 38 տարի առաջ որոշեց դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ Հայաստանի միանալ: Խորհրդային իշխանութիւններու հռչակած հրապարակայնութեան եւ վերակառուցման քաղաքականութեան ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ 1987-ին  ստորագրահաւաք սկսաւ` պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը վերադարձնել Խորհրդային Հայաստանի: Արցախցի հայերու պատուիրակութիւնը շուրջ 80 հազար ստորագրութիւնները  փոխանցեց Մոսկուա` համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ընդունարան: Զօրի Բալայեանի եւ Իգոր Մուրատեանի աջակցութեամբ,...

Ինքնութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Ըմբռնում Եւ Գալիք

Ինքնութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Ըմբռնում Եւ Գալիք

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Տարեդարձներ կու գան ու կ’անցնին, տուրք կու տանք անցելապաշտութեան` վարագուրելու համար ներկայի գորշութիւնը: Առանց փողի եւ թմբուկի, առանց փուչիկներով խաղալու` կը մտածե՞նք գալիքի մասին, որ արդէն մեր նահանջներու ներկան է: Հայ եւ հայութիւն ընդհանրացած ու կրկնուող բնորոշման տակ գտնուող մարդիկ եւ հաւաքականութիւնները ի՞նչ եղած են եւ այսօր հասարակաց ի՞նչ ունին, որպէսզի անոնց հայ ազգի շարունակութիւն ըլլալը երաշխաւորուի, որ`...

Հայաստանի ԱԲ (AI) Հսկայական Նախագիծը Կ՛անցնի Երկրորդ Փուլ. 4 Միլիառ Տոլարի Ներդրում Եւ 50.000 Nvidia GPU-ներ

Հայաստանի ԱԲ (AI) Հսկայական Նախագիծը Կ՛անցնի Երկրորդ Փուլ. 4 Միլիառ Տոլարի Ներդրում Եւ 50.000 Nvidia GPU-ներ

Հայաստանի արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գերհամակարգչային հսկայական նախագիծը, որ մշակուած է «Firebird AI»-ի կողմէ,  թեւակոխած է իր երկրորդ փուլը: Ամերիկեան արտածման արտօնագիրներու եւ կանոնակարգային վաւերացումներու ստացումէն ետք, կանաչ լոյս տրուած է Հայաստանին յաւելեալ 41.000 NVIDIA GB300 կրաֆիքական քարտերու (GPU) վաճառքին եւ մատակարարման համար: Այսպիսով, նախագիծը կը վերածուի 4 միլիառ տոլարի ներդրումի մը, որուն նպատակն է մինչեւ 2026 թուական Հայաստանի մէջ հիմնել...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Ինչո՞ւ Փաշինեան Դարձած Է Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Սիրելին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Օրէ օր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը նեղցնեն օղակը Հայաստանի պարանոցի շուրջ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրհնութեամբ: Անոր ինքնահռչակ «Թրամփի ուղի»-ն (Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման) ասոր լաւագոյն ապացոյցն է: Թրամփը չէ հետաքրքրուած Հայաստանով կամ անոր շահերով: Ան կը մտածէ միայն իր անձնական շահերուն մասին` յուսահատօրէն ձգտելով անարժան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակ: «Թրամփի ուղի»-ն պարզապէս այլ անուն...

Page 39 of 808 1 … 38 39 40 … 808

Արխիւներ