Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐԱՆԴԸ

September 15, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գնա՜ց, Վարա՛նդն ալ գնաց… Ափսո՜ս, հազա՚ր ափսոս։

Որքան որ կրցած էի ճանչնալ զինք, որքան որ հասկցած էի իր հոգին, ընկեր Վարանդի հաւատքն ու հաւատարմութիւնը իր ինքնութեան ու գաղափարականին նկատմամբ չափանիշեր էին ինծի համար։ Կրնայինք տաք-տաք վիճիլ, երբ իրարու համաձայն չէինք ըլլար այս կամ այն հարցին մասին, սակայն կը շարունակէինք զիրար սիրել ու յարգել։

Կ՚ուզեմ վերյիշել մէկ դրուագ, ուր կը բացայայտուի ընկ. Վարանդի էութիւնը։ Մէջբերումները կ՚ընեմ «Ոստայն 3 – Հաղորդութիւն» հատորիս «Այս երկիրը երկիր չէ» գլուխէն։

1991 հոկտեմբեր 8-ն է.

«Չորսով կը մեկնինք դէպի Եղէգնաձոր՝ Վայոց ձորի սիրտը։ ՀՅԴ Հայաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ. Մասիսն է (Բաղդասարեան) եւ ինծի արդէն ծանօթ Վարանդ Փափազեանն ու Վահիկ Քիւրքջեանը։ […] Կը վայելեմ հայրենի բնաշխարհը, իր սարահարթերով, ու ծալքաւոր բլուրներով ու լեռներով, այստեղ՝ գրեթէ անծառ, լերկ, կարծես կրօնական խստակեացութեամբ մը։ Բայց քանի կը յառաջանանք, մանաւանդ կ՚ընթանանք Արփայի եզերքով՝ կանաչութիւնը կը շատնայ։

— Ի՞նչ է այս շրջանի յատուկ ծառը,— հարց կու տամ Մասիսին, ապա կ՚աւելցնեմ,— մեր՝ Քանատայի ազգային ծառը թխկին է։

Այդ «մեր»-ը եւ «ազգային»-ը դիւր չեն գար Վարանդին, որ անմիջապէս կը պոռթկայ՝ ըստ իր դիւրաբորբոք բնաւորութեան։ Զիս ուծացածի, օտարացածի տեղ դրաւ հարկաւ. հայը երբուընէ՞ ի վեր Քանատան իրը պիտի նկատէ, եւ դեռ անոր մէջն ալ «ազգայինը»-ը պիտի տեսնէ. մերը միշտ Հայաստանն է, ազգայինը՝ հայկականը։ Վարանդին հետ երկրորդ բախում մըն ալ պիտի ըլլայ քիչ ետք եւ ան ա՛լ աւելի պիտի համոզուի, որ յոյս չկայ ինձմէ, երբոր ժամացոյցիս պիտի նայի ու նկատէ, որ ետ է մնացած։

— Ժամը քանի՞ն է։

— Երեկոյեան ինն է՝ Մոնրէալի ժամով։

Մոնրէալէն մեկնելէս ի վեր չեմ փոխած ժամս, դիտմամբ՝ հետեւելու համար այնտեղ ձգած հարազատներուս՝ տանս թէ խմբագրատանս կեանքին։ Հայաստանեան ժամը հաշուելը դժուար չէ, արդէն ժամացոյցի ալ պէտք չկայ այստեղ։ Իւրաքանչիւր վայրկեանս կ՚ապրիմ ու կ՚ըմբոշխնեմ եկածին պէս…

Սակայն մտածենք պահ մը։ Ճիշտ պիտի չըլլա՞ր արդեօք, որ սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւրս կրէր իր վրայ երկրորդ ժամացոյց մը՝ լարուած Հայաստանի ժամուն վրայ… Ինք՝ Վարանդը, անոնցմէ է, որ որոշած են Հայաստանի ժամով ապրիլ եւ՝ Հայաստանի հողին վրայ»։

Հողը թեթեւ գայ վրադ, յիշատակդ մնայ անթառամ, սիրելի՛ ընկեր։

 

 

 

 

Նախորդը

Վարանդ Փափազեան՝ ՀՅ Դաշնակցութեան Ընկերվարական Գործին Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Տեսաբանը

Յաջորդը

Արազ Օզպիլիս Խաղադաշտ Շինեց Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.