Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժպիտովդ Ու Յիշատակովդ Պիտի Ապրիս (Ճեսիքա Պեզճեանի Յիշատակին)

September 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անցած են 40 օրեր, բայց տակաւին այս ահաւոր ցնցումին ձգած վիշտն ու ցաւը տարբեր տարողութեամբ փորագրուած կը մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ:

Պայթումին յաջորդող ժամերուն, երբ տակաւին աւերներու ստուգման մէջ էի, յանկարծ կարծես երկրորդ պայթում մըն էր երիտասարդ հիւանդապահուհի Ճեսիքա Պեզճեանի անունը լսել զոհերու անուանացանկին մէջ:

Ճեսիքան ճանչցած եմ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ պաշտօնավարած տարիներուս: Առաջին պատկերը, զոր յիշեցի, անոր անմեղ ժպիտն էր, որ երբեք չէր բացակայեր Ճեսիքային դէմքէն` նոյնիսկ ամէնէն դժուար դպրոցական քննութիւններուն ժամանակ: Իր դասընկերներուն միջեւ վէճերն անգամ իր ժպիտով լուծելու կարողութիւն ունէր ան: Վստահ եմ` իր կեանքի դժուարութիւնները եւս պիտի յաղթահարէր այդ ժպիտով, բայց®

Մեր վերջին հանդիպումը դպրոցի վկայականաց բաշխման օրն էր` քանի մը տարի առաջ: Որոշած էր հիւանդապահութեան ճիւղը ուսանիլ. ապագայի ասպարէզ մը, որ շատ մեծ զոհողութիւններ կ՛ենթադրէր, շատ բանի պատրաստ էր ինք, բայց չէր գիտեր ու երեւակայեր, որ այդ զոհողութիւնը զինք պիտի հասցնէր մահուան: Բայց այդպէս եղաւ, ցաւ ի սիրտ, պայթումի ահաւոր երկվայրկեանները բաւարար էին խլելու երիտասարդ կեանքը Ճեսիքային, գողնալու անոր բազում երազները, հիւանդներուն ապաքինման համար տիւ ու գիշեր աշխատելու իր պատրաստակամութեան վերջ տալու, լուսաշող ժպիտը սառեցնելու®

40 օրեր անցած են, եւ ես տակաւին իր ընտանիքին ցաւակցութիւն չեմ յայտնած, իր նկարը նոյնիսկ ընկերային ցանցերու վրայ չեմ զետեղած: Անոր մահուան լուրը ստանալուս առաջին վայրկեանէն իսկ ինքզինքս ուզեցի համոզել, որ Ճեսիքան տակաւին ողջ է, պարզապէս մեր երկուքին կեանքի պայմանները պիտի ըլլային խոչընդոտը, որ մենք երբեք չհանդիպինք:

Կը հաւատամ, որ մահուան հետ միայն սիրտն է, որ աշխատանքէ կը դադրի, բայց այդ փոքր կտորի բաբախումէ դադրիլը երբեք արգելք չի կրնար ըլլալ յիշատակներու ոչնչացման: Ճեսիքան Լիբանանի ամէնէն փոքր  հիւանդապահուհին էր, որ զոհ գնաց այդ պայթումին: Այո՛, զոհ եւ ոչ նահատակ. Ճեսիքան երդուած էր փրկել ուրիշներու կեանքը, բայց ոչ զոհել ի՛ր կեանքը:

Դասընկերներդ, ծնողքդ եւ բոլոր քեզ ճանչցողները քու ժպիտդ եւ անձնուէր բնաւորութիւնդ այսօր եւս կը յիշեն եւ պիտի յիշեն:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, պիտի ապրիս ժպիտիդ ընդմէջէն` բոլորիս յիշատակներուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աունի Խօսքը` ՄԱԿ-ի Կայուն Բարգաւաճման Առցանց Վեհաժողովին Ընթացքին

Յաջորդը

Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.