Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ուաշինկթըն Խոցեց Թուրքիոյ Վարկը

September 15, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ 12 սեպտեմբերին, իր Կիպրոս այցելութեան նախօրեակին, խօսելով արեւելեան Միջերկրականի մէջ տիրող լարուածութեան մասին, յայտնեց. «Կը յուսանք իսկական զրոյցներ ունենալ, նաեւ կը յուսանք, որ հոն գտնուող սպառազինութիւնները պիտի հեռացուին, որպէսզի այդ զրոյցները կարելի ըլլայ կայացնել»` այդպիսով Թուրքիոյ կոչ ուղղելով` իր ուժերը հեռացնելու արեւելեան Միջերկրականի շրջանէն: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ Կիպրոսի նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Ամերիկան մեծապէս մտահոգ է արեւելեան միջերկրականին մէջ Թուրքիոյ քայլերով»:

Ամերիկեան պատգամը յստակ էր: Թրքական կողմը, բնական հարստութիւններու որոնման «Օրուչ Ռէյիս» նաւը, եւ բնականաբար անոր ընկերակցող մարտանաւերը, շրջանէն հեռացնելով վերադարձուց «տուն»: Քայլ մը, որ վարկաբեկիչ էր Օսմանեան կայսրութեան փառքը վերականգնելու նպատակը հետապնդող եւ նախկին կայսրութեան տարածքին վրայ տիրութիւն ընելու Թուրքիոյ փառամոլ ու մեծամիտ իշխանութիւններուն համար, ուստի շարք մը թուրք պաշտօնատարներ այդ իրողութիւնը ծածկելու կամ առնուազն այդ  վարկաբեկման տարողութիւնը մեղմացնելու փորձով մը նշեցին, թէ տեղի ունեցածը նահանջ չէ, «Օրուչ Ռէյիս»¬ը իր աշխատանքը առկախած է ժամանակաւորապէս` աւելցնելով, թէ նաւը Անթալիոյ նաւահանգիստ վերադարձած է վերանորոգութիւններու համար, որմէ ետք իր աշխատանքը պիտի շարունակէ:

Ամերիկեան կողմը Փոմփէոյի Նիկոսիա այցելութեան ընթացքին Կիպրոսի հետ ծովային սահմաններու անվտանգութեան պահպանման մարզման արձանագրութիւն ստորագրեց: Ուաշինկթըն նախքան այդ արդէն ջնջած էր 1987-էն ի վեր Կիպրոս ամերիկեան զէնքի մատակարարման գծով հաստատուած արգելքը: Յունական լրատուամիջոցներ 14 սեպտեմբերին հաղորդեցին, թէ Աթէնք եւ Ուաշինկթըն միացեալ ռազմափորձերու կը սկսին:

Ստեղծուած կացութեան մէջ, ամերիկեան յաւելեալ «հակաթուրք» քայլերէ խուսափելու համար, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի չընդունի Կիպրոսի հետ հարցին մէջ Ռուսիոյ միջնորդութիւնը, սակայն, Կիպրոսի յունական հատուածը Փոմփէոյի այցելութեան հակադարձելով եւ Անգարայի «երեսի ջուրը» պահելու յուսահատ քայլով մը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հրաւիրեց այցելելու միջազգային ընտանիքին, ներառեալ` Ռուսիոյ կողմէ չճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն:

Ուաշինկթըն Փոմփէոյի մէկ խօսքով արեւելեան Միջերկրականի մէջ Անգարայի ականջը ոլորեց` այդպիսով մեծ վնաս հասցնելով Թուրքիոյ վարկին ու անոր նոր օսմանական ձգտումներուն: Բացառուած չէ, որ թրքական կողմը քանի մը օր ետք «ըմբոստանայ»` եւ «անկարգանալով» «Օրուչ Ռէյիս»¬ին հրամայէ դարձեալ նաւարկել, կամ փորձէ շրջանի մէկ այլ վայրին մէջ ամերիկեան կողմին համար խնդիր ստեղծել, սակայն միեւնոյնն է. ամբողջ Միջին Արեւելքն ու այդտեղ գտնուող Անգարայի համակիրները տեսան, թէ Թուրքիան «սպասուած փրկիչ»¬ը չէ:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Սեպտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 24.857-ի, Մահուան Պարագաներունը` 246-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 8765-ի

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.