Քառասունք` «Ազդակ»-ի Վաստակաշատ Նախկին Խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի
40 օրեր առաջ Լոս Անճելըսի մէջ անժամանակ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեանը, որ երկար տարիներ լիովին նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ: Նախապէս յայտարարած էինք, որ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը որոշած է անոր նուիրել «Ազդակ»-ի յաւելուած մը, որ պիտի ներառնէ մամլոյ վաստակաւոր գործիչին մասին յուշագրական նիւթեր եւ անոր...




















