Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Կը Թուի, Թէ Հայաստանը Ուժեղ Է, Բայց Կրնայ Մէկ Օրուան Մէջ Ճաքիլ

March 17, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Մինչ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներու  ծուխը կը տարածուի Հարաւային Կովկասի  ամբողջ տարածքին, Հայաստանի մէջ   խօսակցութիւնները հասկնալիօրէն, ուղղուած են դէպի երկինք: Բոլորը կը խօսին հրթիռային պաշտպանութեան, «Թրամփի ուղի» (TRIPP) առեւտրային միջանցքի եւ պատերազմի մէջ գտնուող Մերձաւոր Արեւելքի փոփոխուող դաշինքներու մասին: Սակայն անտառագէտները կ՛ըսեն, որ անտառային հրդեհը հազուադէպ պարագաներու կը յառաջանայ միայն կայծակէն:

Իսկական աղէտը կը յառաջանայ գետնի վրայ  առկայ «վառելիքի կշիռքէն»:

Քլիոտինամիքայի, հայերէնով կ՛առաջարկեմ Տիրատինամիքա (Տիրը դպրութեան,  պատմութեան, գիտութիւններու ու արուեստներու  աստուածն է հին հայկական դիցաբանութեան մէջ), պատմական շրջաններու  ուսումնասիրութեան լեզուով` Հայաստանը ներկայիս բարձր ճնշումով ապրող համակարգ է, որ կը մօտենայ իր կոտրման կէտին: Մինչդեռ իրանական պատերազմէն բխող սպառնալիքը կրնայ կայծը ըլլալ այդ կոտրման, ներքին անկայունութիւնը` գետնին փռուած մեռած փայտը, իսկական վտանգն է: Յատկապէս այն պատճառով, որ Հայաստան կը տառապի «Ընտրանիներու գերարտադրութիւն» անունով յայտնի երեւոյթէն:

Պատկերացուցէք Հայաստանի քաղաքական տեսադաշտը` որպէս անտառ: Որպէսզի անտառը ծաղկի, անհրաժեշտ է  բաւարար արեւու լոյս  բոլորին համար: Սակայն Հայաստանի մէջ այսօր չափազանց շատ «բարձր ծառեր» կան` մեծամիտ, ինքնահաւան, բարձր կրթութեամբ, քաղաքական  վայրի յաւակնութիւններով մարդիկ. սակայն երկրին մէջ բաւարար արեւու լոյս չկայ: Կայ առաջնորդել տենչացող մարդոց մեծ խումբ, բայց սեղանին շուրջ տեղերուն թիւը  փոքր է եւ հետզհետէ կը նուազի:

Երբ հասարակութիւնը կը  ստեղծէ աւելի շատ «ընտրանի յաւակնորդներ», քան` իշխանական պաշտօններու դիրքեր, ապա անտեղ  մնացածները ոչ թէ լուռ ու մունջ կը հեռանան, այլ` կը դառնան հակաընտրանիներ. ասոնք կը սկսին պետութիւնը դիտարկել ոչ թէ որպէս ընդհանուր տուն, այլ` որպէս խոչընդոտ: Այսպէս կը գործեն այսօրուան իշխանութիւնները: Մեծ թիւով մարդիկ պահ մը կու գան իշխանութեան ու կ՛երթան, սակայն անոնց համար իսկական տեղ գոյութիւն չունի: Տեղ կայ միայն փոքրիկ խումբի մը եւ միայն մէկ խումբի անդամներուն համար:

Այսօր այս հսկայ ճեղքը հասած է ահաւոր չափերու: Կան երկու իրերամերժ իրականութիւններու համար պայքարող կողմեր. մէկ կողմը «Թրամփի ուղի» միջանցքը կը համարէ ջուր, որ պիտի փրկէ  իրական Հայաստան  պետութիւնը, միւսը կը համարէ պենզին, որ կը բռնկի ու կ՛այրէ երկիրը:

Ընտրանիներու վէճերը վերածուած են  գոյութեան կռիւի: Երբ առաջնորդները այլեւս չեն կրնար համաձայնութեան գալ, թէ ո՛ր մէկը «սպառնալիք» է, եւ ո՛ր մէկը` ոչ, ապա հասարակութիւնը կը սկսի արագ քայքայուիլ:

Կը թուի, թէ Հայաստանը ուժեղ է, բայց կրնայ մէկ օրուան մէջ կոտրուիլ

Ծառերու  աշխարհին մէջ կայ մէկ ծառ` կինկքոն, որ առասպելական է, կենդանի բրածոյ, որ  գոյատեւած է միլիոնաւոր տարիներ:

Կինկքոյին կը նայիս եւ կը տեսնես, թէ ի՛նչ կը նշանակէ  դիմադրողականութիւն: Բայց ծառը ունի գաղտնիք մը: Ի տարբերութիւն ուրիշ ծառերու, օրինակ` կաղնիին, որուն մահը  աստիճանական է եւ կրնայ տեւել տարիներ, կինկքոն յաճախ կը թուի լիովին առողջ ըլլալ, մինչեւ գայ այն անսպասելի պահը, երբ մէկ ժամուան մէջ մէջտեղէն կը բաժնուի:

Տիրատինամիքայի /Քլիոտինամիքայի մէջ այս երեւոյթը կը կոչուի Կինկքոյի փլուզման մոտել:

Ինչո՞ւ կը գրեմ այս մասին: Որովհետեւ հրատապ փլուզման  այս մոտելը այսօրուան Հայաստանի համար նախազգուշացում կրնայ ըլլալ:

Ամրութեան  պատրանքը

Եթէ այսօր քալէք  Երեւանի փողոցներուն մէջ,  կը թուի, թէ ամէն ինչ հոյակապ է, թէ` պետութիւնը ամուր է: Սրճարանները լեցուն  են, կը թուի,  թէ  կառավարութիւնը անխափան  կը գործէ: Ասոր անունը  «Ամառնային Կինկքոն» է` կանաչ, կենսունակ եւ թուացեալ մշտական: Բայց այդ կանաչ ծածկոյթի տակ ներքին լարուածութիւնը հասած է կոտրման կէտին: Որպէսզի երկիրը կանգուն մնայ, անոր տարբեր շերտերը (ժողովուրդը, վերնախաւը, մտաւորականները, ընտրանիները եւ պետութիւնը) պէտք է ձգուին մէկ եւ նոյն ուղղութեամբ: Հայաստանի մէջ այս  շերտերը ներկայիս ծայրայեղ հակոտնեայ են  եւ արագ չափերով իրարմէ կը հեռանան:

Կինկքոյի տերեւը իւրայատուկ է, քանի որ այն երկու մասէ կը բաղկանայ, երկու առանձին կէսերէ:  Սա ճիշդ պատկերն է այսօր Հայաստանի քաղաքական մթնոլորտին: Մենք ունինք մէկ կէս, որ կը ձգտի  դէպի Արեւմուտքի հետ ապագայ, իսկ միւս կէսը` դէպի Արեւելքի հետ աւանդական անվտանգութեան դաշինք: Երբ ազգի վերնախաւը` քաղաքական մշակութային, տնտեսական, այլեւս չի կրնար համաձայնութեան գալ, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ  պիտի շարժի հանրապետութիւնը,  անոնք կը դադրին գործելէ իբրեւ մէկ բուն: Անոնց միջեւ լարուածութիւնը այնքան մեծ է, որ փայտը կը սկսի ճաքիլ:

Յանկարծակի ճեղք

Ինչո՞ւ կինկքոն այդքան յանկարծակի  կը բաժնուի: Որովհետեւ անիկա նախատեսուած է արտաքին փոթորիկներու  դիմանալու համար, բայց  միաժամանակ ներքին  պայքարի մէջ է իր սեփական ծանրութեան դէմ: Հայաստանը այժմ կքած է հսկայական ներքին ծանրութեան տակ` 120.000 տեղահանուած Արցախի բնակչութիւն,  պատերազմի պարտութիւն, հասարակութեան հիասթափութիւն,  հակահայ  քաղաքականութիւն վարող կառավարութիւն, Իրանի պատերազմ, տնտեսական ցնցումներ եւ իշխանութեան շատ քիչ պաշտօնատեղերու համար պայքարող յաւակնոտներու մեծ թիւ:

«Կինկքոյի նախազգուշացումը» հետեւեալն է.

Լռութիւնը պէտք չէ շփոթել կայունութեան հետ:

Այսքան մեծ ճնշման տակ գտնուող պետութեան անկումը դանդաղ չի կրնար ըլլալ. Անիկա կը պահպանէ ուժի տեսքը, մինչեւ  գայ այն պահը, երբ ներքին լարուածութիւնը գերազանցէ կեղեւի ամրութիւնը: Այնուհետեւ կը հասնի շատ արագ ճեղքը:

Ճեղքը կանխելու միակ միջոցը ծառի բունը լայնցնելն  է:

Հայաստանին համար այս պահուն անհրաժեշտ է հեռանալ գործող «յաղթողը կը վերցնէ ամէն ինչ»  համակարգէն եւ ստեղծել  երկրի կառավարման  այնպիսի  մոտել, որ մրցակցող ձայներուն թոյլ կու տայ միաւորուիլ: Իսկ ընտրութիւնները կեղծելու պարագային, այդ կոտրման կէտը կրնայ անվերադարձ ըլլալ:

Կեղծուած ընտրութիւնները կարող են առաջնորդը աթոռին պահել քանի մը շաբաթ եւս, բայց կրնան ոչնչացնել աթոռն ինքնին. բաց հրաւէր կը դառնայ արտաքին թշնամիներուն, որ մտնեն, միջամտեն:   Իսկ բնակչութեան մէջ հիասթափութեան «գոլորշին» անպայման կը գտնէ այլ ելք մը, իսկ պատմութիւնը կ՛ըսէ, որ այդ ելքը հազուադէպ  պարագաներու խաղաղ կ՛ըլլայ: Պետութիւնը փրկելու համար փականը պէտք է բաց մնայ: Ժողովուրդը պէտք է հաւատայ, որ իր ձայնը կարեւոր է, հակառակ պարագային` հայ մարդը կրնայ որոշել, որ լսելի մնալու միակ ուղին պետական մեքենան ամբողջութեամբ կոտրելն է:

Հայաստանը եւ իր վերնախաւերը պարտաւոր են  բուժել այս ճեղքը, եւ սա` շատ արագ, նախքան փոթորիկի յաջորդ պոռթկումը:

Այլապէս մեր գեղեցիկ ծառը` կինկքոն, կը վերածուի սոսկ յիշողութեան:

 

Նախորդը

Սէր, Սեռ Եւ Քրիստոնէութիւն (Նորատիպ Հրատարակութեան Մը Առիթով)

Յաջորդը

Ի Սկզբանէ՞ Այսպէս Է Եղել, Թէ՞…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.