Փոխման Ս. Կուսին Մայր Եկեղեցին` 255 Տարիներու Լուռ Վկան Լիբանանահայութեան
ՄԱՇՏՈՑ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքին Լեռնալիբանանի գողտրիկ բարձունքին վրայ թառած Զմմառու մայրավանքի Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցին 255 տարիներ առաջ կառուցուած է` մայրավանքի հասարակութեան հոգեկան ճախրանքներն ու սլացքը բարձրացնելու առ Աստուած` փառաբանելով Զայն եւ խնդրելով, որ զերծ պահէ ազգը անողոք եւ անագորոյն թշնամիին խարդաւանքներէն: 1771-ին կառուցուած եկեղեցւոյ ներքին գմբէթը` Հռոմէն, 1780-ականներուն բերուած...




















