Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութեան Յաղթանակը

April 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդկային պատմութիւնը ամբողջապէս պայքար է մեղքի եւ շնորհքի միջեւ, իսկ Քրիստոսի յարութեան իրականութիւնը Աստուծոյ վճռական ներգրաւումն է, վերջին խօսքն է այդ բոլորին մէջ:

Մեղքի սահմանումներէն մին կը կարդանք Ա. Յովհաննու 2.16-17-ի մէջ` բացատրուած եռակողմ պատկերով. «Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան, որ աշխարհի մէջ է` մարմնի ցանկութիւնն ու աչքերու ցանկութիւնը, եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը` Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է: Աշխարհս ալ կ՛անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ, բայց ան, որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»:

Աստուծմէ հեռացած էակը մարմնաւոր ցանկութիւններու, աչքի շլացումներու եւ ամբարտաւանութեամբ բռնկած ընթացքի մէջ կը խեղդուի, մեղքի մէջ, տեսակ-տեսակ մահացու վիճակներու մէջ: Անձնական թէ հանրային կեանքի մէջ մեղքը կը տիրէ հոն, ուր Աստուծոյ շնորհալի ներկայութիւնը բացակայ է: Ահա թէ ինչու կայ նիւթական աշխարհապաշտութիւն, կեանք մաշեցնող նախանձ, բռնութիւն, պատերազմ, հոգեմտաւոր թէ մարմնաւոր օրինազանցութիւն, անիրաւութիւն, մինչեւ իսկ գոյութենական յուսահատութիւն` կեանքէն, անձէն, իմաստներէն: Մեղքի մէջ կրնայ ապրիլ անձ մը, հաւաքականութիւն մը, տիրութիւն մը, նոյնիսկ «քաղաքակրթութիւն» մը:

Այդ բոլորէն վեր ու վեհ, կայ աստուածային շնորհքը, այսինքն` Աստուծոյ ազատօրէն պարգեւած սէրը մեզի` անարժաններուս: Շնորհք, որ կը փրկէ մեղքէ, կը յուսադրէ, կը նորոգէ եւ կը փոխակերպէ մարդը: Շնորհքի ընթացքը մեզ կ՛առաջնորդէ խաչէն դէպի կեանք: Այդ անսահման շնորհքին անունը ՔՐԻՍՏՈՍ է` խաչեալ եւ յարուցեալ Տէր, իսկ շնորհքի հոգին` ՍԷՐ աստուածային:

Խաչեալ Յիսուսի յարութեամբ` Աստուած արդարացուց մարդը եւ բարձրացուց զանիկա մեղքի տիղմէն: Դատարկ գերեզմանը հրապարակային նշան մըն էր, որ կը խօսէր ոչ միայն անձնական հաւատքի, այլ նաեւ կեանքի ամբողջական շրջման մասին: Երբ մահը կը սպառնայ, յարութիւնը պատասխան կու տայ: Երբ կիրքը կը տարածուի, Սուրբ Հոգին կը բուժէ: Երբ բռնութիւնը կը քանդէ, թողութիւնը կը կանգնեցնէ: Երբ ցանկութիւնը կը շրջապատէ, Յիսուսի բոյրը կ՛ամոքէ: Վախի մատնուածներուն միջեւ կանգնած` Յարուցեալ Քրիստոսը «Խաղաղութիւն ձեզի» ողջոյնով կը մխիթարէ:

Պատերազմով, տեղահանութեամբ, սպանութեամբ եւ անորոշութեամբ պայմանաւորուած մեր ժամանակներուն մէջ, Քրիստոսի յարութիւնը մեզի  կը ներկայացնէ յաւիտենական յոյս մը, որ կը դրժէ թէ՛ միամիտ լաւատեսութիւնը, թէ՛ կաշկանդող յուսահատութիւնը: Յարութեան պատգամով Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ հոգալու, կառուցելու, պահելու մարդոց արժանապատուութիւնը, առաքելութեան հոգիով գործելու Աստուծոյ մնայուն թագաւորութեան համար: Իսկական Տէրը Յարուցեալն ու յարուցանողն է, ո՛չ դատապարտող մեղքը:

Այսպէս, յարութիւնը կը դառնայ խիզախութեան հրաւէր մը, նուիրում աստուածատուր կեանքի` մահուան փոխարէն, արդարութեամբ ամրապնդուած խաղաղութիւն` խռովութեան փոխարէն, խղճի հանգստութիւն` անձկութեան փոխարէն, հոգեւոր բաղձանք` մարմնաւոր ցանկութեան փոխարէն, քրիստոսակերտ սէր` պայմանաւոր ազնուութեան փոխարէն, արդար յանձնառութիւն` զինադադարի փոխարէն:

Այս յոյսին մէջ, շնորհքը վերջնականապէս կը յաղթէ մեղքին, եւ կեանքը կը յաղթէ մահուան: Այդ հաւատքով ապրելու հրաւիրուած ենք բոլորս:

Յովհաննու 11.25 «Յիսուս ըսաւ անոր. Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի, պիտի ապրի»:

Աղօթարար`

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ

Յարութեան տօն 2026

 

Նախորդը

Հիմնական Ռազմավարական Նպատակներուն Իրենց Աւարտին Մօտենալը Նշելէ Ետք. Թրամփ. «Դիւցազնական Զայրոյթ» Գործողութիւնը Պիտի Շարունակուի «Մինչեւ Ամերիկեան Բոլոր Նպատակներուն Իրագործումը»

Յաջորդը

«Մահն Ընկղմեցաւ Յաղթութեան Մէջ. Ո՜վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Յաղթանակդ. Ո՜վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Խայթոցդ…»

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.