Հետեւեալ գրութիւնը կը նուիրուի 44-օրեայ պատերազմին ողջակիզուած 5000 հայ երիտասարդներու յիշատակին:
Ոտքդ կը խրի
Վազքդ կանգ կ՛առնէ
Հորիզոն չկայ
Այսպէս դէպի ու՞ր
Յիմարացում հաւաքական
Ժողվէ՛ ուժերդ
Ո՜հ, որքան ցանցառ
Ղեկդ փշրուած
Ո՞վ կու լայ հեռուն
Վաղանցուկ ցոլքեր, որոգայթ անտառ
Ուր հրեշատիպ
Րաքունները գորշ
Դէմքդ կը լզեն, կը խնդան
Քթիդ
Ով յիմա՛ր ու խեղճ
Մեսրոպի ժառանգ`
Իմաստուն նախկին:
Արքաներ շուար
Կու գան, կանգ կ՛առնեն
Փնտռող նայուածքով
Րոպէն
Կը զննեն
Ու
Թանձր
Իւղոտ
Ներկան
Ըմպելով
Քենոտած
Ողբով ու
Հեւքով
Անուժ
(Ւ)
Անձայն
Քայլերով
Անխօս
Կը դառնան ու կը հեռանան:
Ալ բաւ է, ելի՛ր
Նոր
Ու հին, Անիի Վեստեան
Ժառանգ
Իժային
Միտքն, հոգին
Է առջիդ
Ջախջախ
Է՛
Պէյրութ, 7 ապրիլ 2026



