ՀՅԴ պաշտօնաթերթի մարտի թիւը կը սկսի անդրադարձով վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան» նորացուած ձեւաչափով նախընտրական դաշինքի ձեւաւորման առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկին: Հայաստան այս օրերուն դանդաղօրէն կը մտնէ յառաջիկայ ընտրութիւններու նախընտրական հեւքի մէջ, եւ անոր բնորոշ դրսեւորումներէն մէկը քաղաքական ուժերու եւ դաշինքներու ներկայացուցած նախընտրական յայտերն են: Ասով հանդերձ, պատահական չէ, որ հանրութեան մէջ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ Առաջ կուսակցութիւններու կողմէ նախընտրական դաշինքի ձեւաւորումը, որ վարչապետի թեկնածու առաջադրեց Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը:
«Դրօշակ»-ի առաջնորդողը ընթերցողին եւ առհասարակ հայ ընտրողին կ՛առաջարկէ պետութեան համար ճակատագրական ընտրութենէն առաջ յստակացնել այն չափանիշները, որոնք պէտք է գոյութիւն ունենան առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ երկրի կառավարման պատասխանատուութիւնը ստանձնող անձի պարագային:
«Դրօշակ»-ի մնայուն յօդուածագիր Անի Մելքոնեանը մտահոգութեամբ կ՛անդրադառնայ սահամանադրութեան այն նախագիծին, զոր գործող իշխանութիւնները կը պատրաստուին ներկայացնել ժողովուրդին: Հիմնուելով փաստաթուղթի նախագիծին վրայ` յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ անիկա աւելի շատ «մահուան վկայական» է պետութեան հայկական պատկանելութեան:
Տարածաշրջանին մէջ բռնկած մեծ պատերազմի բնաբանը, բնականաբար, չէր կարող դուրս մնալ «Դրօշակ»-ի ուշադրութենէն. քաղաքագէտ Վահէ Դաւթեանը, իրանագէտներ Լիանա Պետրոսեանը եւ Նարէ Գէորգեանը տարբեր դիտանկիւններէ անդրադարձած են այս բնաբանին` օրինաչափօրէն շօշափելով այն հանգամանքը, թէ տուեալ վտանգաւոր իրադարձութիւնը ի՛նչ ազդեցութիւններ կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ:
Ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեանը ներկայացուցած է մարտ 1920-ին Ազրպէյճանի ոճրագործ ղեկավարութեան կազմակերպած Շուշիի ջարդերը:
Թեհրանի մէջ լոյս տեսնող «Ալիք» թերթի խմբագիր Արամ Շահնազարեանը մահուան տարելիցին առիթով վերլուծած է ՀՅԴ գաղափարական եւ քաղաքական հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի հայեացքները, որոնք արդիական են մեր օրերուն եւս, երբ մասնաւորապէս կասկածի տակ կը դրուին որեւէ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքն ու անոր հիմնաւորուածութիւնը:
Թիւին մէջ տեղ գտած է նաեւ Համաստեղի յօդուածը` նուիրուած Դաշնակցութեան ականաւոր գործիչ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ անդամ Վահան Նաւասարդեանին:
Բանասէր եւ մանկավարժ Անժելա Յարութիւնեան «Դրօշակ»-ի էջերուն մէջ կը քննարկէ այն հարցը, թէ ինչպիսի՛ մեթոտներով ապազգային ու կործանարար քաղաքական-պետական իշխանութիւնները կը ձգտին լռեցնել սերունդներու դաստիրակութեան կարեւորագոյն առաքելութիւնը ստանձնած գիտակրթական ընտրանիները:
«Դրօշակ»-ի այս թիւը կարդալու համար կրնաք այցելել
https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2026/03/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-3-2026%D5%A9.pdf


