Լիբանանի Նահատակներուն Անժամանցելի Պատգամը
Լիբանան նկատուած է ազատութեան եւ համայնքներու համակեցութեան հայրենիք: Լիբանանցի ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ճաշակած է օտար նուաճումներ ու տիրապետութիւններ, աւերածութիւններ ու զրկանքներ տեսած է, բայց միշտ պահած է իր ազատատենչ ոգին: Օսմանեան սուլթան Սելիմ Ա. 1516-ին, Հալէպի մօտ, Մարժտապէքի ճակատամարտին պարտութեան մատնեց Եգիպտոսի մեմլուքները, նուաճեց արաբական երկիրները եւ մտաւ Լիբանան: Այսպիսով Լիբանան դարեր շարունակ օսմանեան տիրապետութեան տակ մնաց, բայց...




















