Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասարանէն Ներս Աւելի Ամուր Յարինք Քաղաքականացման Աշխատանքին

Մտորումներ 2026-ի «Սփիւռք» Խորհրդաժողովէն

April 28, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնել միտք մը, որուն շատոնց անդրադարձած եմ:

Ես եւ ինծի նման շա՜տ շատեր մեծցած ենք սփիւռքի մէջ` բարձրանալով գաղութային եւ, մեր պարագային, կուսակցական բոլոր աստիճաններէն:

Եւ ես միշտ գիտակցութիւնը ունէի, թէ այն, ինչ որ ինծի հետ կը պատահէր, քաղաքական ձեւաւորում էր, որ` այն արժէքները, պատմութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը, որոնք ինծի կը փոխանցուէին, միմիայն մշակութային չէին: Անոնք պատրաստութիւն էին ինչ-որ բանի մը:

Շուրջս նաեւ կը տեսնէի ուրիշներ, որոնք նոյն գործընթացէն անցնելով հանդերձ, գիտակցութիւն չունէին իրենց միտքի ու արժէքներու ձեւաւորման, հակառակ անոր որ նոյն ժողովներուն ներկայ կ՛ըլլայինք, նոյն ուսումը կը ստանայինք, նոյն պատմութիւնը կը սորվէինք եւ նոյն վիշտը ունէինք:

Եւ անոնք այդ բոլորը կ՛ընդունէին` որպէս ինքնութիւն, որպէս պատկանելիութիւն, որպէս պարզապէս հայ ըլլալ, առանց երբեք հարց տալու, թէ այս բոլորը ի՛նչ կը պահանջեն իրենցմէ: Առանց երբեք տեսնելու այդ ձեւաւորումին իսկական բնոյթը:

Այդ բացը` փորձառութեան եւ հասկացողութեան միջեւ, այն բանն է, որուն մասին ես տարիներ շարունակ մտածած եմ: Նախ` որպէս ուսումնասիրող, իսկ այժմ` որպէս ուսուցիչ եւ համալսարանի դասախօս:

Այդ բառը, որ կրնայ տարբերել կամ բացատրել հայ աշակերտին անձին կերտման փորձառութեան եւ հասկացողութեան միջեւ, միայն քաղաքականացում բառն է:

Երբ այսպիսի վայրերու մէջ մարդիկ այս բառը կը լսեն, շատ անգամ կը պատկերացնեն, թէ երիտասարդներուն հետ ինչ-որ միտքի աղաւաղում կը կատարուի: Կը կասկածին, որ արտաքին ուժ մը կը մտնէ եւ կը շեղէ չէզոք միտք մը` դէպի որոշ օրակարգ:

Թիւրիմացութիւն մըն է այդ գաղափարը, որովհետեւ չէզոք հասկացողութիւն գոյութիւն չունի: Երբեք ալ չէ եղած:

Քաղաքականութեան հիմքը կուսակցութիւններու կամ ծրագրերու կամ աջ ու ձախ թեքումներու մասին չէ: Ան կը բացատրուի իբրեւ ուժ. ո՛վ որ ունի այդ ուժը, ինքզինք կը կազմակերպէ եւ իր շահերուն համար կ՛օգտագործէ զայն` ժամանակ մը վերջ զայն դարձնելով բնական ընթացք, մինչ ուրիշներուն իրաւունքները կ՛անտեսուին:

Քաղաքականացումը պարզապէս այն ընթացքն է, որով մարդ մը կը սորվի հասկնալ իր տեղը վերոյիշեալ ուժային դրութեան մէջ. ի՛նչ են իր իրաւունքները, ինք ի՛նչ կը պարտի ուրիշներուն, ի՛նչ բան կարելի է փոխել եւ ի՛նչ բան իրեն պարտադրուած է իբրեւ իրականութիւն եւ այլն:

Այս սահմանումով, արժէքներ փոխանցող ամէն համայնք արդէն քաղաքական աշխատանք կը կատարէ: Ամէն ընտանիք: Ամէն դպրոց: Ամէն եկեղեցի: Ամէն երիտասարդական կազմակերպութիւն: Ուստի հարցը երբեք այն չէր, թէ արդեօք պէ՞տք է քաղաքականացնել յաջորդ սերունդը: Հարցը սակայն այն է, թէ այդ մէկը գիտակցաբա՞ր պէտք է ընել, թէ՞ ձգել զայն պատահականութեան:

Մտածեցէք, թէ հայ աշակերտի մը առօրեային մէջ ի՛նչ բան կը ներշնչէ զինք. վստահաբար` ոչ դասագիրքերը, այլ` պարզապէս այս համայնքին մէջ ապրիլ (ընտանիքը համայնքին սահմանումին մէջ է այստեղ):

Ան կը սորվի, որ գոյատեւումը անհատական չէ, այլ հաւաքական է: Ան կը սորվի, որ ազգային յիշողութիւնը պարզապէս զգացում մը չէ այլ պարտաւորութիւն է: Ան շատ անգամ շատ փոքր տարիքէն կը սորվի, որ աշխարհը քեզ չի պաշտպաներ, եւ որ` այն կառոյցները, որոնք քեզ կը պաշտպանեն, պէտք է դուն ինքդ կառուցես: Ան կը սորվի, որ իր մշակոյթին, իր լեզուին եւ ժողովուրդին գոյութիւնը երաշխաւորուած չեն: Անոնք պէտք է պաշտպանուին, կազմակերպուին եւ գիտակցաբար փոխանցուին:

Սա քաղաքական կրթութիւն է:

Բայց մենք շատ անգամ կը զգուշանանք այս դաստիարակութիւնը կոչել քաղաքականացում: Մենք զայն կոչած ենք` մշակոյթ, աւանդութիւն, հաւատք, ինքնութիւն, համայնք եւ այլն: Եւ այո՛, այդ բոլորը ճիշդ են, բայց ան նաեւ քաղաքական ձեւաւորում է, եւ այն իրականութիւնը, որ փախուստ տալով` զայն քաղաքականացում չենք կոչեր, աւելի հզօր կը դարձնէ բառն ու իր նշանակութիւնը:

Հիմա կան ուրիշ ուժեր ալ, որոնք այսօր մեր երիտասարդութիւնը եւ անոր միտքը կը ձեւաւորեն: Ընկերային ցանցերուն մէջ գոյութիւն ունին լծակներ, որոշ ազդեցիկ անձերու միջավայրեր (influencers), որոնք նոյնպէս քաղաքական աշխատանք կը կատարեն` ունենալով մեծ ազդեցութիւն սփիւռքահայ երիտասարդներուն եւ աշակերտներուն վրայ: Անոնք ալ աշակերտութեան ինքնութիւնը կը թիրախաւորեն: Անոնք ալ կը խօսին անապահովութեան, պատկանելիութեան եւ իմաստ ունեցող բանի մը մաս կազմելու ցանկութեան մասին: Բայց տարբերութիւնը հետեւեալն է. մեր հաստատութիւնները եւ դպրոցները կը սորվեցնեն, որ քու ինքնութիւնդ քեզ կը կապէ հաւաքական գոյատեւման եւ համերաշխութեան պատմութեան մը հետ, մինչ այդ միջավայրերը կը սորվեցնեն, որ քու ինքնութիւնդ վտանգի տակ է, եւ միակ լուծումը գերակայութիւնն է: Նոյն մեքենայականութիւնը, բայց` բոլորովին տարբեր բարոյական կառուցուածքով:

Ես այս կը նշեմ ոչ թէ ահազանգ հնչեցնելու համար, այլ` բան մը յստակացնելու համար: Մեր հաստատութիւններուն մէջ տեղի ունեցող ձեւաւորումը պարզապէս անվնաս աւանդութիւն մը չէ: Ան իրական հակակշիռ մըն է այն ամէնէն քայքայիչ ուժերուն դէմ, որոնք այսօր երիտասարդները կը ձեւաւորեն: Այսինքն հայ աշակերտը ամէն պարագայի պիտի քաղաքականացուի, պէտք է մտածենք, թէ ազգային քաղաքականացումը ինչպիսի՛ տեղ կը գրաւէ դասարանի ապահով պատերէն ներս` ընդդէմ ընկերային ցանցերու անսահման եւ վտանգաւոր աշխարհին:

Կ՛ուզեմ այստեղ իմ ուսումնասիրութիւններէս մէկ բան մէջբերել` աւելի յստակացնելու համար այս հարցը:

Տարիներ շարունակ ես ուսումնասիրած եմ, թէ ինչպէ՛ս հայկական համայնքներ/սփիւռքեան գաղութներ, երկու բոլորովին տարբեր երկիրներու եւ քաղաքական աշխարհի մէջ` Միացեալ  Նահանգներ եւ Լիբանան, կարողացան իրենց ժառանգած նոյն ինքնութիւնը, նոյն ազգային յիշողութիւնը եւ նոյն պատմութիւնը վերածել տեւական քաղաքական ազդեցութեան եւ ուժի: Սակայն այդ մէկը ըրին բոլորովին տարբեր քաղաքական ռազմավարութիւններ օգտագործելով:

Եւ ի յայտ եկաւ, թէ այն, ինչ որ մենք ենք` իբրեւ մեր ազգային ինքնութեան բովանդակութիւն, այնքան որոշիչ դեր չէր ունեցած, որքան մեր հասկացողութիւնը` մեր գաղութներուն ապրած համակարգին կանոններն ու օրէնքները հասկնալն ու յարմարցնելը եւ ի սպաս դնելը մեր ազգային ու գաղութային շահերուն:

Քաղաքական ուժը միայն թիւ կամ զանազան միջոցները չեն, այլ պետական, տնտեսական, ուսումնական, ընկերային եւ այլ հաստատութիւններու հմտօրէն ծանօթութիւնն է: Ամերիկայի կամ Լիբանանի ազգային կառոյցները ունեցան գիտակցութիւնը` հիւրընկալ պետութիւններու համակարգը լաւ ուսումնասիրելու ու շաղուելու եւ անոր մէջ գործելու` առանց կորսնցնելու իրենց ինքնութիւնն ու նպատակը: Այս իրականութիւնը կազմաւորուած է սերունդներու ընթացքին, այս սրահին մէջ գտնուողներուն մաս կազմած կազմակերպութիւններու միջոցով: Անիկա կառուցուած է, բայց հազուադէպօրէն անոր անուն տրուած է: Եւ ահա վերադառնամ նոյն կէտին` ես այս համայնքին կողմէ կազմաւորուած եմ: Անոր ամէն մէկ խաւէն անցած եմ: Գլխագիր հարցումը հետեւեալն է, ես կը քաղաքականացուէի՞, թէ՞  պարզապէս կը դաստիարակուէի որպէս հայ (ինքնութիւն):

Իսկ երբ այս իրականութիւնը դիտենք դուրսէն` տեսնելով, թէ այս նոյն հաստատութիւնները ինչպէ՛ս կը գործեն տարբեր քաղաքական միջավայրերու մէջ, ինչպէ՛ս ինքնութիւնը գործընթացի կը վերածեն, ինչպէ՛ս կը սորվեցնեն իշխանութեան համակարգերու մէջ կողմնորոշուիլ, միայն այն ատեն կը տեսնենք, որ այս բոլորը քաղաքականացում է:

Մենք հաստատութիւններ կառուցած ենք, մանաւանդ` հայ դպրոցը, որ արտասովոր կերպով յաջող է ինքնութիւն փոխանցելու մէջ: Բայց արդեօք նոյն չափով եւ դիտաւորեալ կերպով յաջողա՞ծ ենք փոխանցել այն գիտակցութիւնը, թէ ինչո՛ւ այդ ազգային ինքնութիւնը քաղաքականօրէն նշանակութիւն ունի:

Կ՛ուզեմ աւելի յստակացնել միտքերս, որովհետեւ վերացական խօսելով է, որ փաստարկումները կը մեռնին: Ես ազգային դպրոցի շատ հպարտ շրջանաւարտ եմ: Եւ այսօր հայ դպրոցի մը մէջ կը դասաւանդեմ, ինչպէս նաեւ` համալսարաններու մէջ: Այն, ինչ որ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ ձեզի հետ, անձնական փորձառութիւն եւ աշխատանք է:

Օրինակ, ես կը դասաւանդեմ AP (Advanced placement – քոլեճի մակարդակի դասանիւթեր, որոնք կը տրուին երկրորդականի  աշակերտներուն: Երբ աշակերտը տուեալ նիւթի քննութեան յաջողի, համալսարանի քրետի կը ստանայ: Ամերիկեան դպրոց / համալսարան համաձայնութիւն) համաշխարհային պատմութիւն, ինչպէս նաեւ` ամերիկեան պատմութիւն: Եւ կարեւորագոյն բաներէն մէկը, որ դիտմամբ կ՛ընեմ, հետեւեալն է. ամէն նիւթ, ամէն վերլուծական աշխատանք, ամէն պատմական ձեւաչափ կը կապեմ հայկական մշակոյթին եւ հայկական պատմութեան հետ:

AP համաշխարհային պատմութիւն տարուան աւարտական աշխատանքը, որ աշակերտները պէտք է լրացնեն, կ՛ընդգրկէ տեղաւորել հայը, Հայաստանը, հայկական քաղաքականութիւնը եւ այլն` համաշխարհային պատմութեան դասանիւթի տարբեր բնաբաններու մէջ: Այս աշխատանքին նպատակն է` ամրապնդել այդ իրականութիւնը, որ մենք` իբրեւ հայ, ներկայ եղած ենք համաշխարհային պատմութեան մէջ, որ` մենք ազդած ենք եւ ազդուած, որ` մեր պատմութիւնը եւ իրականութիւնը աշխարհի պատմութեան մէջ ծանօթագրութիւն մը չէ, այլ անոր մէջ հիւսուած պատմութիւն է:

Իսկ երբ աշակերտները կապերը գտնեն, երբ ինչ-որ բան կը «մտմտայ», կը սողոսկի մտքին մէջ, եւ ան կը գիտակցի, որ այն ուժերը, որոնց մասին վերացական ձեւով կը խօսէինք, ուղիղ գիծ մը ունին դէպի իր իսկ գոյութեան հետ, անիկա ամէնէն ուժեղ պահերէն մէկն է դասարանին մէջ:

Բայց նոյն ատեն ուրիշ բան մըն ալ կը նկատեմ: Եւ ասիկա այն մասն է, որուն մասին կ՛ուզեմ, որ լրջօրէն խորհիք: Երբ կը դասաւանդեմ, օրինակ, գաղութատիրութեան մասին, կամ ցեղապաշտութեան` racsim-ի մասին, կամ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մասին, կամ այն մասին, թէ կայսրութիւնները իրականութեան մէջ ի՛նչ կը կատարեն ժողովուրդներուն, հայ աշակերտները յաճախ իրենք զիրենք այդ պատմութեան մէջ չեն տեղաւորեր: Անոնք այս բոլորը կը վերլուծեն դուրսէն: Երբեմն ալ, առանց գիտակցելու, կը կլանեն գերիշխողի քարոզչութիւնը, հակառակ անոր որ այդ նոյն ուժը մեր ազգին վնասած է կամ տակաւին կը վնասէ:

Աւելի՛ն. երբ ես` իբրեւ ուսուցիչ, կը մատնանշեմ, որ որքա՛ն վտանգաւոր է այդ մօտեցումը, մեծ դիմադրութեան կը հանդիպիմ աշակերտութեան կողմէ: Ես այս բոլորը կ՛ըսեմ` առանց զանոնք դատելու, այլ պարզապէս` իբրեւ դիտորդ: Հետեւաբար այն, ինչ որ մենք մեր աշակերտութեան պիտի փոխանցենք, պատմական իրականութիւններն ու դէպքերը կապելու կարելիութիւնն է:

Կապել մեր պատմական իրականութիւնները` գործածելով սահմանումներ, որոնց ընդմէջէն պիտի սորվեցնենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեծ ուժ ունեցող պետութիւններու կողմէ լքուիլ, թէ` ի՛նչ կը նշանակէ, որ մեր գոյութիւնը անգամ անտեղի նկատուի, թէ` ի՛նչ կը նշանակէ գոյատեւել հաւաքական աշխատանքի միջոցով, որովհետեւ ուրիշ որեւէ ելք չկայ. այս նոյն վերլուծական կարողութեան վրայ պարտինք կեդրոնանալ մեր աշակերտներուն հետ:

Եւ ես անկեղծօրէն կ՛ըսեմ այս բոլորը, որ ես կը տեսնեմ իմ դասարանիս մէջ, նաեւ ներկայ է մեր եւ ձեր բոլորին քաղաքական զրոյցներու մէջ, մտահոգիչ է: Հասարակութեան անկարողութիւնը` կապել մեր պատմութիւնը այսօրուան քաղաքական կեանքին եւ իրականութիւններուն հետ, խիստ մտահոգիչ է:

Յամենայն դէպս մենք մեր երիտասարդներուն ու աշակերտներուն սորվեցուցած ենք, թէ մեզի ի՛նչ պատահեցաւ: Բայց միշտ չէ, որ սորվեցուցած ենք` ինչպէս մտածել այդ մասին:

Այստեղ է հարցը` յիշողութեան եւ մեթոտի միջեւ, եւ այս է, որ ես կը կարծեմ մեր իրական գործը պէտք է ըլլայ այսուհետեւ:

Կ՛ուզեմ խօսքս փակել հետեւեալով.

Սփիւռքահայ աշակերտը քաղաքականօրէն ամէնէն պատրաստ երիտասարդութիւններէն մէկն է: Մտածեցէք միայն, թէ ի՛նչ կը կրեն անոնք իրենց հետ. պատմական գիտակցութիւն մը, զոր իրենց օտար հասակակիցներուն մեծ մասը երբեք պիտի չունենայ, երկու մշակոյթ միաժամանակ պահելու փորձառութիւնը, ըմբռնումը, թէ ի՛նչ կը նշանակէ փոքրամասնութիւն ըլլալ, հաւաքական գործողութեան վրայ յենիլ, գիտնալ, թէ հաստատութիւնները երբեմն կրնան քեզ ձախողութեան տանիլ, եւ գիտակցութիւնը` համայնքային կառոյցներ ստեղծելու կարեւորութեան, մանաւանդ` հայ դպրոցը, այն համոզումին վրայ, որ գոյատեւումը կազմակերպում կը պահանջէ:

Ասիկա բեռ չէ: Ասիկա հարստութիւն է: Այնպիսի հարստութիւն մը, որուն աշխարհը իսկապէս կարիքը ունի այսօր: Բայց` հարստութիւն մը, որուն մասին անգիտակից ես եւ չես գործածեր:

Խնդիրը այն չէ, որ մեր երիտասարդութիւնը կամ աշակերտութիւնը անտարբեր է կամ կորսուած: Խնդիրը այն է, որ մենք անոնց կու տանք քաղաքական կրթութեան բովանդակութիւնը` առանց անոնց տալու շրջագիծերը: Մենք անոնց կու տանք ինչը, բայց ոչ միշտ` ինչո՛ւն: Մենք անոնց ցոյց տուած ենք այն, ինչ որ մեզմէ խլուեցաւ` առանց ամբողջութեամբ ցոյց տալու այն, ինչ որ իրենք իբրեւ երիտասարդ եւ աշակերտ կը կրեն իրենց հետ` խուսափելով քաղաքականացում բառն ու մեթոտը գործածելէ:

Այս սրահին մէջ գտնուող դպրոցներուն անձնակազմերն ու կազմակերպութիւնները հիանալի գործ մը կը կատարեն: Հայկական հաստատութիւններուն մէջ տեղի ունեցող պատմական եւ ինքնութենական աշխատանքը իրական է: Ան կարեւոր է: Եւ ան շատ աւելի քաղաքական նշանակութիւն ունի, քան շատերը կը գիտակցին: Բայց մէկ բան կ՛ուզեմ ըսել: Այն կազմաւորումը, որ մենք մէկ դար շարունակ կատարած ենք, միշտ ալ քաղաքական եղած է: Պարզապէս միշտ չէ, որ այդպէս անուանուած է:

Եւ տարբերութիւն կայ բան մը պարզ փոխանցելու եւ զայն գիտակցաբար վերլուծելու միջեւ: Տարբերութիւն կայ երիտասարդին ինքնութիւն տալու եւ անոր տալու այն գործիքները` հասկնալու համար, թէ այդ ինքնութիւնը ի՛նչ կը պահանջէ իրմէ այն աշխարհին մէջ, ուր ան կ՛ապրի: Յաջորդ սահմանագիծը նոր բան մը կառուցելը չէ, այլ` ամբողջացնել այն, ինչ որ մենք արդէն կառուցած ենք:

Մէկ դար մենք ջանք թափեցինք վստահ ըլլալու համար, որ հայ աշակերտները գիտնան, թէ ի՛նչ խլուեցաւ մեզմէ, իսկ այսօր դասարանէն ներս աւելի ամուր յարինք քաղաքականացման աշխատանքին:

Դոկտ. Լալէ Բագրատունի կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս եւ «Ուոտպըր»-ի համալսարանին ու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ դասախօս եղած է. ան քաղաքական գիտութեանց եւ միջազգային յարաբերութեանց ճիւղերուն մէջ մասնագիտացած է Քլերմանթի համալսարանին մէջ, մասնակցած է  շարք մը խորհրդաժողովներու, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններ հրապարակած է մասնագիտական թերթերու մէջ` կեդրոնանալով սփիւռքի հայ երիտասարդութեան կացութեան վրայ: Ան Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցած է յատկապէս Արցախի նուիրուած նախաձեռնութիւններու:

* 14 եւ 15 մարտին Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի «Սփիւռք» խորհրդաժողովին արտասանուած խօսք:

Նախորդը

Զահրատ` Ապրիլ 24-ին

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտներէն Եւ Մարզիկներէն Կազմուած Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ Դպրոցը Եւ Ճիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.