Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արարատի Համար` Կանգուն»

July 29, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութիւնը եւ անոր յաջորդող Արցախի բռնի տեղահանութիւնը սրեցին սփիւռքի` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ունեցած դերին մասին հակասական տրամադրութիւնները: Համասփիւռքեան կառոյցներ ստեղծելու փորձերը մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմ շօշափելի արդիւնքներ չէին տուած: Պատերազմէն ետք հայրենադարձութեան ալիքը բազմաթիւ համայնքներու մէջ քայքայիչ հետեւանք յառաջացուցած էր, Խորհրդային Հայաստանը Հայ դատի վերջնագոյն փուլ համարողներուն եւ Հայաստանի անկախութեան հաւատացողներուն միջեւ սուր պայքարը իր սնունդը կը ստանար արեւմտեան եւ արեւելեան աշխարհներու միջեւ ահագնացող Պաղ պատերազմէն: Սակայն Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակի համահայկական նշումը` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, վերարծարծեց հայութեան քաղաքական խիղճը եւ դարձաւ Հայ դատի հետապնդման համար նոր սկիզբի յայտարարը: Հայաստանի մէջ խորհրդանշական շինարարութիւններու կողքին, զարթօնքը, հասկնալի պատճառներով, մտաւորական մակարդակի վրայ մնաց, մինչ սփիւռքի մէջ քաղաքականացման պահանջը շուտով յառաջացուց ազգային կառոյցները վերանայելու անհրաժեշտութիւնը: Այս անհրաժեշտութենէն ծնաւ համասփիւռքեան կառոյցներ ստեղծելու ու աշխատանքները համադրուած ուժերով առաջ տանելու կարիքը: Համասփիւռքեան կազմակերպութեան օրինակներ կային արդէն. անոնք հետագային դասական յորջորջուած կուսակցութիւններն էին եւ քանի մը հասարակական այլ կազմակերպութիւններ:

Նախորդ դարու եօթանասունական թուականներուն սկիզբ առած շարժումը նախ մեղմացուց կուսակցութիւններու միջեւ պայքարը եւ Հայ դատի հետապնդման շուրջ համախոհութիւն գոյացուց: Ապա, մէկը միւսին ետեւէն ստեղծուեցան սփիւռքի բոլոր գաղութները ներառող կառոյցներ` համասփիւռքեան պատգամաւորական ժողովներով միաւորուած եւ կեդրոնական վարչութիւններով ղեկավարուած: Կազմակերպուեցան` համաժողովներ, միացեալ բանակումներ, մարզախաղեր, երիտասարդական հաւաքներ: Սփիւռքը վերածուեցաւ արտերկրային պետականութեան մը, որ օրինակելի կերպով համերաշխօրէն կը ղեկավարուէր երէկ հակառակորդ ու այժմ հանդուրժող զանազան կեդրոններէ:

Հայաստանի անկախութիւնը համասփիւռքեան կառոյցներու սեւեռակէտը փոխադրեց Արցախ եւ Հայաստան: Համասփիւռքեան ձեռնարկները համահայկական դարձան: Հակառակ Հայաստանի յաճախ համեստ մասնակցութեան` այս ձեռնարկները ցոյց տուին հայ ազգի անքակտելի միասնութեան կենարար ճշմարտութիւնը: Հայաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպուած Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովները, կրթական եւ այլ համագումարները, ապա սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը խորացուցին «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք հաւատամքին գաղափարական կենսունակութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի համագաղութային սկաուտական բանակումները փոխադրուեցան Հայաստան, ինչպէս` շատ մը համագաղութային նախաձեռնութիւններ: Աւելի քան 23 երկիրներէ եկած 900-ը գերազանցող պատանիներու եւ երիտասարդներու համախմբումը հայրենի հողին վրայ ոչ պետական կազմակերպութեան մը կողմէ կազմակերպական խիզախում է: ՀՄԸՄ-ի երգերէն մէկուն բնորոշումով` «Օտար աշխարհ, օտար բարքեր, բայց` հայրենի վեհ դրօշին տակ», համախմբուած այս տղաքն ու աղջիկները,, «Արարատի համար` կանգուն» նշանաբանին հաւատարիմ, տողանցեցին Երեւանի փողոցներուն վրայ ու հաւաքուեցան Ազատութեան հրապարակին մէջ: Հնչեցին Հայաստանի, Արցախի փառերգները եւ ՀՄԸՄ-ի «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգը:

Վերադառնանք սփիւռքի կազմակերպութեան հարցին: Ղարաբաղեան շարժումի սկզբնաւորութենէն եւ հիւսիսային Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժէն ետք, սփիւռքի նիւթական ու բարոյական բոլոր կարելիութիւնները դրուեցան ի սպաս Հայաստանի եւ Արցախին: «Սփիւռքը պէտք է կազմակերպել Հայաստանի համար» նշանաբանը գտաւ իր գործադրութեան միջավայրը: Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու հսկայական ներդրումները փոշիացան Արցախի կորուստով եւ ուրացուեցան «Իրական Հայաստանի» խաբուսիկ քաղաքականութեամբ: Սփիւռքը իր հնարաւորութիւնները ներդնելով բացառաբար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, յօժարեցաւ իր կարելիութիւնները նուազած տեսնել մայր հայրենիքի բարգաւաճման նպաստելու համար: Հիմա, երբ Արցախը ժամանակաւորապէս չկայ, ու Հայաստանը ժամանակաւորապէս կը ժխտէ բոլոր հայերուն հայրենիքը ըլլալու հրամայականը, սփիւռքը պէտք է վերադառնայ իր կազմակերպական կառոյցները հզօրացնելու ու հայութիւնը քաղաքականացնելու վարքագիծին: «Միշտ կենսունակ սփիւռք` կենսունակ Հայաստանի համար» նշանաբանին հաւատարիմ: Առանց կենսունակ Հայաստանի` սփիւռքը անիմաստ է, որովհետեւ աշխարհով մէկ տարտղնուած հայութիւնը Հայաստանի սփիւռքն է: Ինքնանպատակ սփիւռք չի կրնար գոյութիւն ունենալ:

Հայութիւնը, հակառակ բոլոր տարակարծութիւններուն, մէկ է ու միասնական: Այնպէս, ինչպէս ՀՄԸՄ-ի սկաուտական ու մարզական շարքերն են, որոնք մանրատիպն են այն «կամաւոր բանակին», որուն գալուստը կ՛ուշանայ, բայց անպայման կու գայ:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հարցը Չէ՛ Փակուած

Յաջորդը

Լիզպոնի Հինգը` Արժանապատուութեան, Զոհողութեան Եւ Անկոտրում Կամքի Յաւերժ Խորհրդանիշը

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.