Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Խանասորի Շունչը (25 Յուլիս 1897)

July 25, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Անվարան կրնանք ըսել ու հաստատագրել, որ հայոց արդի պատմութեան մէջ արձանագրուած է դիպաշար մը, որ, ֆետայական գործողութիւն մը ըլլալով հանդերձ, կը պարփակէ մարդկային շունչի, կամքի, մտածումի եւ նախաձեռնութեան ոգիի հզօր ներկայութիւն:

Օրին, քանի մը տարուան կեանք ունեցող ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը նախաձեռնէր իր բնոյթով եզակի մարտական գործողութեան մը, որով պիտի կարենար փաստել իր կազմակերպական կեանքի աշխուժութիւնը, թշնամիին դէմ կռուելու կամքը, բայց մանաւանդ` վրիժառական արարքով մը ուժգին հարուած հասցնելու քիւրտ մազրիկ ցեղախումբին, որ համարձակած էր զէնք բարձրացնել ֆետայական խումբի մը, որ Վանէն հեռանալով կ՛ուզէր ապաստան գտնել Պարսկաստան:

Դաշնակցական պատմագրութիւնը յետնորդ սերունդներու ժառանգած է պատկառելի գրականութիւն մը, որով լոյսին կը բերէ Խանասորի արշաւանքին տուն տուող պատճառները, մտայղացումին հեղինակը, կազմակերպչական աշխատանքին հսկայ տարողութիւնն ու թիրախը հարուածելու պատրաստակամութիւնը:

Ճիշդ է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնն ու հաւատոյ հանգանակը իր լիարժէք ձեւաւորման մէջ էր, որուն յաջողութեան նպաստած էին մեծ թիւով գաղափարապաշտ տղաներ, այդուամենայնիւ, արշաւանք մը կազմակերպելու ու զայն յաջողութեամբ պսակելու առաջադրանքը վերապահուած էր հոյլ մը նուիրեալ ֆետայիներու, որոնք յանձն առած էին ամէն զոհողութիւն պատժելու թշնամին, որ կը յոխորտար իր բարբարոսի պահուածքով եւ հայութիւնը առաւել բարոյալքելու սին մտադրութեամբ:

Փաստօրէն, Վանի ինքնապաշտպանական մարտերը (1896) լաւագոյնս ցոյց տուած էին հայութեան դիմադրական ոգին: Օրին, վանեցիները միասնական դրօշի տակ մարտնչած էին վայրագ թուրքին դէմ: Օտար դիւանագէտներու միջամտութիւնը կասեցուցած էր կռիւը, պայմանով որ մարտնչող տղաքը հեռանային քաղաքէն:

Աւելի քան 800 մարտիկներ, իրենց ղեկավար դասու` Հնչակեան Մարտիկի, Արմենական Աւետիսեանի եւ Դաշնակցական Պետոյի առաջնորդութեամբ փորձ կը կատարեն անցնիլ Վասպուրականի լեռները, ապաստան գտնելու Պարսկական հողին վրայ:

Անոնք կը թակարդուին մազրիկ ցեղախումբի կողմէ եւ մինչեւ մահ կը կռուին:

Կարծես չէին բաւեր 1895-96 համիտեան ջարդերու պատճառած սարսափը, երկրորդ հարուած մը կը հասցուէր ամբողջ հայութեան:

Ֆետայական խումբին բնաջնջումը ուժգին հարուած մըն էր հայութեան: Պէտք էր հնարել միջոց մը վերականգնելու հայութեան բարոյալքուած հոգին, ինչպէս նաեւ ուժգին հարուածով մը պատժել թշնամին:

Ահաւասիկ, հոս, այս գոյավիճակին մէջ ծնունդ կ՛առնէր արշաւանք մը լոյսին բերելու մտայղացումը: Անկրկնելի հայդուկապետ, ռազմագէտ ու եզակի գործիչ Նիկոլ Դուման կը յղանար արշաւանք մը կազմակերպելու մտածումը:

ՀՅ Դաշնակցութեան Ռայոնական ժողովը (1896-97) յետ խոր քննարկումներու, կը յաջողէր որդեգրել արշաւանքի կազմակերպումը եւ այդ դժուարին ու ծանր գործը կը յանձնէր հզօր կամքի տէր Նիկոլ Դումանին, որ, իր կարգին, կը յաջողի լուռ եւ հետեւողական աշխատանքով կազմակերպել աւելի քան 250 հոգինոց ֆետայական արշաւախումբ մը, որ կ՛ունենայ իր հրամանատարական կազմն ու ծրագիրը:

Յուլիսի 25, 1897, այգաբացին, Արաուլ լերան լանջէն յարձակման ազդանշանը կը տրուի, ու արշաւախումբը կը յարձակի Խանասորի դաշտին վրայ, ուր մազրիկ ցեղախումբը կայք հաստատած էր: Սաստիկ հրացանաձգութիւն, ահ ու սարսափ, հրոյ ճարակ դարձած վրանաքաղաք, թշնամին անակնկալի եկած կը դիմէ փախուստի: Ցեղապետ Շարաֆը` կնկայ շորեր հագած, կը փախչի:

Նիկոլ Դումանի հրահանգը` չդպչիլ կնկայ, երեխայի թէ ծերին, լիարժէքօրէն գործադրուած էր: Զգետնուած էին զէնք բարձրացուցած տարրերը: Քանի մը ժամուան մարտերէ ետք նահանջի ազդանշանը կը տրուէր: Արշաւախումբը տուած էր  19 նահատակներ, որոնց մէջ էր քաջասիրտ ռազմիկ Կարոն (Զօրեան)` Ռոստոմին եղբայրը:

Հայութիւնը` շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան մարտական բազուկին ու կամքին, յաջողած էր ուժգին հարուած տալ քիւրտին, որ սպանդի ու թալանի պատուհաս էր դարձեր: Հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնած էր:

Հերոս տղաներու վրէժը լուծուած էր: Սարսափի ու ջարդի արհաւիրքին կը յաջորդէր ինքնավստահութեան հոգեվիճակը, կը վերականգնէր կամքը` թշնամիին դէմ քաջաբար կռուելու եւ նահատակութեան փառապսակին արժանանալու:

Իրաւամբ, Նիկոլ Դումանի շունչին, ռազմավարի մտքին ու մարտական ոգիին խտացուած արտայայտութիւնն էր, որ բոցավառեց արշաւախումբին մասնակից տղոց սրտերը եւ վերակենդանացուց սեփական բազուկին կառչելու հրամայականը:

Ըստ երեւոյթին, Արցախի կորուստի պատճառներէն հիմնականը` նման շունչի ու ոգիի բացակայութիւնն էր, հակառակ քաջարի տղոց մարտերուն:

Արդ, 129 տարիէ Խանասորայ շունչը կը փորձէ հոգեզինել մեզ` ազգովին:

Կը մնայ օգտուիլ հերոսապաշտի այդ սրբազան շունչէն:

 

Նախորդը

129-Ամեակ Խանասորի Արշաւանքին. Խանասորը` Պայքարի Եւ Յաղթանակի Խորհրդանիշ

Յաջորդը

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.