Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակի, 2 Օգոստոս. Նոր Խորհրդարանը` Ազգային Պատասխանատուութեան Առջեւ

July 31, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Կիրակի, 2 օգոստոս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովը պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը: Նոր խորհրդարանի կազմութիւնը նոր սպասումներու ծնունդ տուող իրադարձութիւն մըն է բնական պայմաններու մէջ:

Սակայն Հայաստանի 2026-ի ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած պատկերը չ՛արտօներ նման լաւատեսութիւն: Նոր խորհրդարանը իր դռները կը բանայ փոխադարձ ամբաստանութիւններու, խոր անվստահութեան եւ քաղաքական  կայունութիւնը խարխլող սուր բեւեռացման մթնոլորտի մէջ:

Պաշտօնական արդիւնքներուն համաձայն, իշխանութիւնը ունի ինքնուրոյն կառավարութիւն կազմելու եւ սովորական օրէնքներ ընդունելու բաւարար մեծամասնութիւն, բայց  ան որբ կը մնայ սահմանադրական փոփոխութիւններ պարտադրելու անհրաժեշտ երկու երրորդ մեծամասնութենէն:

Կառավարելու իրաւունքը ամենեւին չի նշանակեր, թէ իշխանութիւնը կը վայելէ հասարակութեան ամբողջական վստահութիւնը, կամ կրնայ, առանց լայն համախոհութեան, երկիրը հիմնովին վերափոխել: Իշխանութիւնը հակառակ պետական համակարգի, վարչական կառոյցներու եւ միջազգային գործընկերային լայն հնարաւորութիւններուն` չկրցաւ ապահովել այն շռնդալից եւ անվիճելի յաղթանակը, որուն ակնկալութիւնը կը ստեղծէր: Ընտրութիւններուն ընթացքը եւ արդիւնքները վիճարկուեցան ընդդիմադիր ուժերու կողմէ: Երեք ընտրատեղամասերու արդիւնքներ անվաւեր ճանչցուեցան, իսկ շարք մը ընդդիմադիր ուժեր դիմեցին Սահմանադրական դատարան` ընտրական գործընթացին վերաբերող իրենց առարկութիւններով: Միջազգային դիտորդները ընտրութիւնները ընդհանուր առմամբ մրցակցային եւ կազմակերպուած նկատեցին, սակայն նաեւ արձանագրեցին` բեւեռացնող հռետորաբանութեան, անհաւասար պայմաններու եւ ընտրողական արդարադատութեան վերաբերող մտահոգութիւններ:

Իշխանութեան յաղթանակը իրաւական իմաստով բաւարար հիմք է կառավարելու համար, սակայն քաղաքական իմաստով` ոչ ամբողջական լիազօրութիւն: Ան աւելի շատ պարտաւորեցնող պատասխանատուութիւն է, քան` անվերապահ վստահութեան վկայագիր:

Միւս կողմէ` ընդդիմութիւնը նոյնպէս չկրցաւ արդարացնել իշխանափոխութիւն ակնկալող հասարակական շերտերուն յոյսերը:

Ընդդիմադիր ուժերը ընտրութիւններուն մասնակցեցան յաճախ իրարու դէմ մրցող, հակասական ուղերձներով եւ ամբողջական այլընտրանքի վերածուելու անբաւարար կարողութեամբ: Անոնց քննադատութիւնը, բազմաթիւ պարագաներու հիմնաւոր ըլլալով հանդերձ, չվերածուեցաւ իրատեսական ծրագրի: Անոնք մեծ մասամբ յաջողեցան արտայայտել դժգոհութիւնը, բայց չյաջողեցան այդ դժգոհութիւնը համախմբել ազգային համոզիչ հեռանկարի մը շուրջ:

Հասարակութիւնը, իշխանութենէն դժգոհ ըլլալով հանդերձ, նոյնքան անվստահ մնաց ընդդիմութեան նկատմամբ: Անցեալի քաղաքական ժառանգութեան բեռը, արտաքին ուժերու հետ կապերուն շուրջ առկայ կասկածները, ներքին տարակարծութիւններն ու նոր քաղաքական մշակոյթ մը ձեւաւորելու անկարողութիւնը լուրջ խոչընդոտներ դարձան ընդդիմութեան համար:

Քաղաքական ուժ մը իշխանութեան իրական այլընտրանքը կը դառնայ, երբ հասարակութեան կը ներկայացնէ` վստահելի ղեկավարութիւն, յստակ ծրագիր եւ երկրի ապագային վերաբերող իրատեսական տեսլական:

Ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ իշխանութիւնը չստացաւ իր ակնկալած ամբողջական լիազօրութիւնը, իսկ ընդդիմութիւնը չստացաւ իշխանափոխութեան համար անհրաժեշտ հասարակական վստահութիւնը: Փաստօրէն երկու կողմերն ալ չհասան իրենց ամբողջական նպատակին:

Հայաստանի քաղաքական կեանքը այսօր բաժնուած է երկու հակադիր զօրանոցներու: Մէկ կողմը դիմացինը կը տեսնէ իբրեւ պետականութեան թշնամի, իսկ միւսը` ազգային շահերու դաւաճան: Քաղաքական բանավէճը շատոնց դադրած է գաղափարներու եւ ծրագիրներու մրցակցութիւն ըլլալէ: Ան վերածուած է ինքնութեան, վախերու եւ փոխադարձ ատելութեան վրայ հիմնուած բախումի:

Իւրաքանչիւր կողմ կը վիճարկէ միւսին ոչ միայն քաղաքական դիրքորոշումը, այլեւ` օրինականութիւնը, հայրենասիրութիւնը եւ երբեմն նոյնիսկ գոյութեան իրաւունքը: Այսպիսի մթնոլորտի մէջ խորհրդարանը դժուար թէ կարողանայ դառնալ ազգային երկխօսութեան հարթակ:

Առաւել մտահոգիչ է ընդդիմադիր դէմքերու, քաղաքական գործիչներու եւ իշխանութեան նկատմամբ ընդդիմադիր կեցուածք արտայայտող անձերու հետապնդումներուն ու ձերբակալութիւններուն շարունակութիւնը: Իշխանութիւնները այդ գործողութիւնները կը հիմնաւորեն քրէական յանցանքներու կատարման, ընտրակաշառքի, խարդախութեան կամ պետական անվտանգութեան դէմ ուղղուած գործունէութեան կասկածներով:

Ընդդիմութիւնը զանոնք կը նկատէ քաղաքական ճնշման եւ կամայական արդարադատութեան դրսեւորումներ: Միջազգային դիտորդական գնահատականներուն մէջ եւս մտահոգութիւն յայտնուած է արդարադատութեան կամայական կիրարկման եւ ընդդիմադիր շրջանակներուն նկատմամբ ճնշումներ բանեցնելու տպաւորութեան առնչութեամբ:

Դատարաններն են, որ պէտք է ճշդեն իւրաքանչիւր մեղադրանքի իրաւական հիմնաւորուածութիւնը: Սակայն նոյնիսկ օրէնքի սահմաններուն մէջ ձեռնարկուող գործողութիւնները, երբ տեղի կ՛ունենան ծայրայեղօրէն բեւեռացած քաղաքական մթնոլորտի մէջ, կրնան խորացնել հանրային անվստահութիւնը: Պետութիւնը պարտաւոր է ոչ միայն արդարադատութիւն իրականացնել, այլեւ` ապահովել դատական գործընթացներու անկախութիւնը, արդարութիւնը եւ քաղաքական ազդեցութիւններէ զերծ մնալը, ինչպէս նաեւ` ձեռնարկուած միջոցներուն համաչափութիւնը:

Իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը նոր խորհրդարան կը մտնեն` իրենց հետ բերելով փոխադարձ անվստահութիւն եւ որոշ չափով անիրատեսական ծրագիրներ:

Իշխանութիւնը կը փորձէ անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման նոր համակարգ մը կառուցել` Արեւմուտքի հետ մերձեցման, Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբով: Այս ուղղութիւնները ինքնին կրնան անհրաժեշտ ըլլալ եւ արժանի` լուրջ քննարկման: Սակայն խաղաղութիւնը չի կրնար կայուն ըլլալ, երբ կը կառուցուի միայն զիջումներու, անորոշ խոստումներու կամ հանրութենէն գաղտնի պահուած պայմանաւորուածութիւններու վրայ:

Ոչ մէկ խաղաղութեան ծրագիր կրնայ երկարատեւ ըլլալ, եթէ անոր հիմքին չձեւաւորուի ազգային համաձայնութիւն, չապահովուին յստակ անվտանգային երաշխիքներ, եւ չստեղծուի Հայաստանի ինքնիշխան շահերու պաշտպանութեան վստահելի համակարգ:

Ընդդիմութիւնը, իր կարգին, յաճախ կը խօսի նախկին անվտանգային համակարգերու վերականգնման, կորսուած դիրքերու վերադարձի կամ արտաքին հին դաշինքներու վերակենդանացման մասին` առանց յստակօրէն բացատրելու, թէ այդ ծրագիրները ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ գործնական միջոցներով պիտի իրականացուին փոխուած տարածաշրջանային պայմաններուն մէջ:

Անցեալին վերադառնալու երազանքը նոյնքան վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, որքան` անորոշ ապագայի խոստումներուն կուրօրէն վստահիլը: Պետական քաղաքականութիւնը չի կրնար կառուցուիլ ո՛չ պարտութեան հետ համակերպելու տրամաբանութեան, ո՛չ ալ իրականութենէն կտրուած հերոսական կարգախօսներու վրայ:

Հայաստանին անհրաժեշտ է երրորդ ուղի մը` արժանապատիւ իրատեսութեան ուղին: Ուղի մը, որ պիտի մերժէ թէ՛ ինքնանպատակ զիջողականութիւնը, թէ՛ անիրագործելի արկածախնդրութիւնը:

Ստեղծուած քաղաքական խառնիճաղանճին մէջ ամէնէն ցաւալին հաւաքական գիտակցութեան բացակայութիւնն է: Քաղաքական ուժերը կարծես մոռցած են, որ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները անհամեմատ աւելի ծանրակշիռ են, քան` որեւէ կուսակցութեան բարի մտադրութիւններն ու սահմանափակ կարելիութիւնները:

Հայաստան կը գտնուի ռազմաքաղաքական, անվտանգային, տնտեսական, ժողովրդագրական եւ ընկերային բազմակողմանի ճնշումներու տակ: Տարածաշրջանը արագօրէն կը փոխուի, իսկ մեծ տէրութիւններու շահերը կը բախին Հարաւային Կովկասի մէջ: Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններու հին համակարգը կը քայքայուի, մինչ նորը տակաւին ամբողջապէս չէ կազմաւորուած:

Այս պայմաններուն մէջ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ անվերջ թշնամանքը այլեւս պարզ քաղաքական հակամարտութիւն չէ, այլ` ազգային անվտանգութեան սպառնալիք:

Ազգովին ճգնաժամի մէջ ենք: Թող ոչ ոք փորձէ մեզի հակառակը համոզել: Ճգնաժամը ներթափանցած է ամէնուր` պետական հաստատութիւններէն ու քաղաքական մշակոյթէն մինչեւ հասարակական յարաբերութիւններ եւ հաւաքական մտածողութիւն:

Մենք սկսած ենք իրարու մէջ տեսնել ոչ թէ հայրենակիցներ, այլ` հակառակորդներ: Սկսած ենք կուսակցական եւ հատուածական պատկանելութիւնը գերադասել պետական շահէն, իսկ անհատական վիրաւորանքները` ազգային պատասխանատուութենէն: Նորընտիր Ազգային ժողովը տակաւին կրնայ նոր սկիզբի հարթակ դառնալ, եթէ այնտեղ ներկայացուած ուժերը լիովին գիտակցին իրենց պատմական պատասխանատուութեան:

Իշխանութիւնը պէտք է հասկնայ, որ 64 աթոռը միանձնեայ որոշումներ կայացնելու արտօնագիր չէ, այլ` համախոհութեան աւելի լայն շրջանակ ստեղծելու պարտաւորութիւն: Ան պէտք է հրաժարի պետական հաստատութիւնները կուսակցական գործիքներու վերածելու գայթակղութենէն, երաշխաւորէ դատարաններու անկախութիւնը, բացառէ քաղաքական հաշուեյարդարի որեւէ դրսեւորում եւ վերականգնէ պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ հանրային վստահութիւնը:

Ընդդիմութիւնը, իր կարգին, պէտք է դադրի իշխանութեան տապալումը իր միակ քաղաքական ծրագիրը նկատելէ: Ան պարտաւոր է` նորոգել իր ղեկավարութիւնը, ձերբազատիլ անցեալի ծանր ժառանգութենէն, մշակել տնտեսական,  ընկերային,անվտանգային եւ արտաքին քաղաքականութեան յստակ այլընտրանքներ եւ վստահութիւն շահիլ ոչ միայն իշխանութենէն դժգոհ շրջանակներուն, այլեւ հասարակութեան լայն խաւերուն մօտ:

Երկու կողմերն ալ պէտք է վերջ տան ատելութեան հռետորաբանութեան, հայհոյանքներուն, սպառնալիքներուն եւ պետական կեանքը անձնական թշնամանքի դաշտի վերածելու գործելակերպին: Խորհրդարանական ամպիոնը պէտք չէ դառնայ փողոցային վիրաւորանքներու բարձրախօսը:

Հայաստանին այսօր անհրաժեշտ է իշխանութիւն-ընդդիմութիւն լուրջ երկխօսութիւն` ոչ թէ պաշտօններ բաժնելու կամ կեղծ համերաշխութեան պատկեր ստեղծելու, այլ` ազգային գոյութեան հիմնարար հարցերուն շուրջ նուազագոյն համաձայնութիւն մը ձեւաւորելու նպատակով:

Այդ երկխօսութեան առանցքը պէտք է կազմեն` Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, սահմաններու անվտանգութիւնը, բանակի վերակազմակերպումը, արտաքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնը, տնտեսական կայունութիւնը եւ հասարակութեան ներքին հաշտեցումը:

Պէտք է հրաժարիլ թէ՛ փխրուն համաձայնութիւնները վերջնական խաղաղութիւն ներկայացնելէ, թէ՛ անիրագործելի երազները պետական քաղաքականութեան փոխարէն հրամցնելէ:

Իշխանութիւնը պէտք է ընդունի, որ ընդդիմութիւնը թշնամի չէ: Ընդդիմութիւնը, իր կարգին, պէտք է ընդունի, որ ընտրուած իշխանութիւնը պետականութեան օրինական բաղադրիչն է, ոչ թէ` անոր սահմաններէն դուրս գործող ուժ մը: Երկու կողմերն ալ պարտաւոր են հասկնալ, որ իրենց բախումէն տուժողը ոչ միայն դիմացինն է, այլեւ` Հայաստանը:

Նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստը պէտք չէ ըլլայ միայն պատգամաւորներու երդման եւ պաշտօններու ընտրութեան արարողութիւն: Ան պէտք է դառնայ քաղաքական հասունութեան առաջին փորձութիւնը:

Հայաստանի քաղաքական ուժերը պիտի յաջողի՞ն վերջապէս վեր կանգնիլ իրենց կուսակցական հաշիւներէն եւ հաւաքաբար պատրաստուիլ տարածաշրջանին մէջ սպասուող թէ անսպասելի փոփոխութիւններուն: Պիտի կարենա՞ն հասկնալ, որ պատմութիւնը իրենցմէ ոչ թէ նոր փոխադարձ ամբաստանութիւններ, այլ պատասխանատու որոշումներ կը պահանջէ:

Ժամանակը, անկասկած, պիտի տայ պատասխանը:

Սակայն մէկ բան արդէն յստակ է. Հայաստան այլեւս կորսնցնելու ժամանակ չունի: Ան չի կրնար անվերջ կառավարուիլ վախով, բաժանումով եւ փոխադարձ ատելութեամբ: Նոր խորհրդարանը կա՛մ պիտի դառնայ քաղաքական փակուղին աւելի եւս խորացնող հերթական բեմը, կա՛մ ազգային գիտակցութեան վերականգնման համեստ, բայց անհրաժեշտ սկզբնակէտը:

Այս ընտրութենէն կախեալ է Հայաստանի ապագան:

 

 

Նախորդը

Մէկ Դրօշ, Բայց Ի՞նչ Կը Նշանակէ «Համահայկական»-ը

Յաջորդը

Թուղթի Ապագան

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.