Սրտի Խօսք` Սարգիս Նաճարեանին
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Գուժը կու գար բարեկամէ մը: Ոչ եւս է Սարգիս Նաճարեանը... Անուն մը, խորհրդանիշ` լրագրութեան, հայ մամուլի եւ հրապարակագրութեան: Սփիւռքահայ եւ լիբանանահայ մամուլի պատմութեան մէջ ինքնուրոյն տեղ կը գրաւէ Սարգիս Նաճարեանը: Արհեստավարժ լրագրողի իսկական տիպար մը: Ընթերցողին համար հաճոյք էր հետեւիլ « Արարատ» օրաթերթին մէջ Սարգիս Նաճարեանի առաջնորդողներուն ու խմբագրականներուն, որովհետեւ նեղ չափանիշներով չէր կշռադատեր տեղական, շրջանային, հայրենական, ազգային...



















