ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մեր աշխարհահայեացքը ձեւաւորուեցաւ 1968-էն ետք տեղի ունեցող ուսանողական շարժումներուն ընթացքին:
ՍԱՐԳԻՍ ՀԱՑՊԱՆԵԱՆ
(Հրանդ Տինքի դասընկեր ու Արցախեան
ազատամարտի մասնակից)
Ընթերցասէր բարեկամի մը հարցումին, թէ տակաւին ո՞վ կը յիշէ Հրանդ Տինքը, պատասխանեցինք, «Ճիշդ է, որ տարիները թաւալգլոր կ՛անցնին, ու ամէն ինչ, նաեւ յիշատակներն անգամ մոռացութեան կը տրուին, ինչ-ինչ պատճառներով, սակայն այս պարագային, Հրանդի թողած ժառանգը, իր իւրայատկութեամբ եւ խորաթափանց զգացողութեամբ, պէտք է, որ մեր բոլորին ուշադրութեան կիզակէտին մնայ, որովհետեւ ան հանդիսացաւ այն տիպար անձնաւորութիւնը, որ իր հոգիին ու մտքին մէջ կը կրէր որբութեան, տառապանքի, ինքնութեան փնտռտուքի ու ազգային պատկանելիութեան մտասեւեռումները, աւելի՛ն. հայկականութեան ամէնէն բնորոշ գիծը` ազնուասիրտ ըլլալու յատկութիւնը»:
Փաստօրէն, Հրանդ Տինքի մասին զանազան տիպի պատումները, որոնք լոյսին եկան անոր նահատակութենէն ետք, բաւարար ատաղձ կ՛ընդգրկեն Հրանդ Տինքի կազմաւորումը լիիրաւ հասկնալու առումով:
Իր դասընկերոջ ու մօտիկ բարեկամին մտորումները, որոնք շղարշուած են անկեղծ ու մարդկայնական ապրումներով, մեզի մտածել կու տան, որ Հրանդին ու իր սերնդակից ընկերներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, յայտնապէս որբութեան ու ապա երիտասարդութեան տարիքին, ցուցանիշ են, որ Մալաթիոյ մէջ ծնած ու ապա Պոլիս փոխադրուած Հրանդ Տինք դիմագրաւած է բազում մարտահրաւէրներ ու անցած դաժան կեանքի ճանապարհը:
Իրաւամբ, Հրանդ մեծ ազդեցութիւն կրած էր ուսանողական շարժումի յառաջդիմական գաղափարներէն` ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, ազատ մտածելու ու գործելու կարելիութիւն եւ այլն, որոնք ձեւով մը խմորած էին իր ներաշխարհը, ուր կրցաւ յայտնաբերել իր ազգային ապրումներուն շտեմարանը:
Հրանդ Տինքին սերնդակիցները, պարուրելով իրենց հոգեմտային աշխարհը ազատական գաղափարներով ու ազգային պատկանելիութեան զգացումով, յանգած էին այն մտքին, տակաւին երիտասարդականի տարիքին, թէ առաջին հերթին պարտաւոր են պատասախան տալ զիրենք չարչրկող երկու հարցումներու` ովքե՞ր են իրենք եւ ի՞նչ կ՛ուզեն այս աշխարհէն:
1968-1970 թուականներու, այսպէս ըսած, որոշակի ազատութեան տարիներուն կը յաջորդէ բռնատիրական իշխանութիւն, որուն պատճառով երիտասարդական ուժեր թէ հազարաւոր ազատամիտ մտաւորականներ կը ձերբակալուին ու բանտեր կը քշուին, անոնց կարգին`Հրանդ Տինք:
Գարակէօզեանի եւ Ներսիսեան վարժարաններու, Թուզլայի, Արմէն քեմփի թէ Գընալը կղզիի վրայ երեխաներու յատկացուցած ճամբարներու մէջ որբութիւն ապրած Հրանդ Տինք չափահաս տարիքին պիտի դառնար այն անձնաւորութիւնը, որ շնորհիւ իր ամբարած համալսարանական կրթութեան, հայաշունչ նկարագիրին, կամքին ու իր հաւատամքին` պիտի նետուէր պայքարի դաշտ յանուն հայ եւ թուրք ժողովուրդներու հաշտութեան, իրերհասկացողութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին:
Դառնալով «Ակօս» թերթի խմբագիր, ան առհասարակ պիտի ճանչցուէր իր հրապարակագրական աշխատանքով, տուած դասասխօսութիւններով եւ տարբեր ամպիոններու վրայ կատարած յանդուգն կեցուածքներով:
Հայազգի այս մտաւորականը Պոլսոյ ու ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին եղաւ այն հրապարակախօսը, որ կրցաւ ակօսներ բանալ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ` զիրար հասկնալու եւ պատմական ճշմարտութիւնները ընդունելու:
Բնականաբար, թուրք ոճրամիտ պետական համակարգն ու Գորշ գայլերու վոհմակը պիտի չհանդուրժէր նման քաջարի մարդոց ներկայութիւնը, այդ ալ՛ Թուրքիոյ սրտին մէջ: Փաստօրէն, Հրանդ Տինք օր ցերեկով սպաննուեցաւ «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ, Էրկենեքոն կոչուած վայրագ շարժումին կողմէ, Էօկիւն Սամասթ 17-ամեայ ոճրագործի մը ձեռամբ:
Եզակի հայու եւ քաջասիրտ մտաւորականի սխրանքին դիմաց հայութիւնը պարտաւոր է իր յարգանքի տուրք մատուցել ամէն պատեհ առիթի, յիշեցնելու ամբողջ մարդկութեան, որ երբեմնի օսմանցին, իթթիհատականն ու այսօրուան Էրտողանը պարզապէս ժառանգորդներն են հայատեացութեամբ լեցուած ժողովուրդի մը, որ ցեղապաշտի մուշտակ հանդերձած կ՛ապրի թրքութեամբ եւ ոճրամիտ պահուածքով:
Հրանդի խաղաղասիրական կոչերն ու բարի կամեցողութիւնը` թուրքը արեամբ պատասխանեց ու լռութեան մատնեց ազնուասիրտ հայու արդար ձայնը:


