Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Թափօնները Եւ Անոնց Վերահսկումը

Հոկտեմբեր 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Մարդկային գործունէութեան պատճառով յառաջացած թափօնները բազմաթիւ վտանգներ կը ներկայացնեն մեր շրջակայ միջավայրին, առողջութեան եւ բարեկեցութեան: Թափօններէն ոչ պատշաճ ձերբազատումը եւ անոնց սխալ կառավարումը կրնայ յանգեցնել զգալի հետեւանքներու: Բան մը, որ հրամայական կը դարձնէ թափօնները նուազեցնելու միջոցներու ձեռնարկելը: Այս յօդուածով կը ներկայացնենք թափօններու հետ կապուած վտանգները եւ կ՛ընդգծենք, թէ ինչո՛ւ թափօններու կրճատումն ու վերահսկումը ո՛չ միայն ընտրութիւն է, այլ նաեւ անհրաժեշտութիւն մեր մոլորակի կայունութեան եւ ապագայ սերունդներու առողջութեան համար:

Թափօնները կրնան տարբեր ձեւի ու տեսակի ըլլալ, եւ անոնց ճակատագրերը` տարբեր, եւ այդ կախում ունի թափօններու տեսակէն, վերամշակման ծրագիրներէն եւ բնապահպանական կանոնակարգերէն: Ահա թափօններու տարբեր տեսակներու եւ անոնց ճակատագիրներու օրինակներ.

  1. Կերպընկալէ շիշեր

Կերպընկալէ շիշերը կրնան վերամշակուիլ նորշիշերու, հագուստի համար նախատեսուած փոլիեսթըր մանրաթելերու կամ կերպընկալէ այլ արտադրանքներու: Եթէ անոնք չվերամշակուին, կրնան յայտնուիլ աղբավայրերու մէջ կամ աղտոտել շրջակայ միջավայրը` ապականութիւն յառաջացնելով:

  1. Թուղթի թափօններ

Թուղթի թափօնները կրնան վերամշակուիլ թուղթէ նոր արտադրանքի մը, խաւաքարտի կամ նոյնիսկ մեկուսիչ նիւթի (insulation material): Վերամշակումը կը պակսեցնէ թուղթի արտադրութեան համար աւելի շատ ծառեր կտրելու անհրաժեշտութիւնը:

  1. Սննդեղէնի թափօններ

Սննդեղէնի թափօնները կարելի է պարարտացնել` արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան համար սննդանիւթերով հարուստ հող ստեղծելու համար:

  1. Ելեկտրոնային թափօններ (E-Waste)

Ելեկտրոնային թափօնները պէտք է պատշաճ կերպով վերամշակել` արժէքաւոր մետաղները վերականգնելու եւ շրջակայ միջավայրի ապականութիւնը պակսեցնելու համար: Ելեկտրոնային սարքերու վերամշակման կեդրոնները կրնան քակել եւ վերամշակել ելեկտրոնային թափօններու բաղադրիչները` վերօգտագործման համար:

  1. Ապակեայ շիշեր եւ պահածոներ

Ապակին կարելի է անվերջ վերամշակել` առանց սկզբնական իր որակը կորսնցնելու: Ապակիի վերամշակումը կը խնայէ ներուժը եւ կը պակսեցնէ կարիքը հումնիւթերու (raw material): Այսպիսով ապակին կը դառնայ նիւթի կայուն տարբերակ մը:

  1. Վտանգաւոր թափօններ (օրինակ` քիմիական նիւթեր, մարտկոցներ)

Վտանգաւոր թափօնները (hazardous waste) կը պահանջեն յատուկ մշակում եւ տնօրինում: Անոնք սովորաբար կը մշակուին կամ կը պահուին յատուկ հաստատութիւններու մէջ` շրջակայ միջավայրին եւ մարդոց առողջութեան վնաս չհասցնելու համար:

  1. Շինարարութեան եւ քանդման թափօններ

Շինարարութենէն եւ քանդումէն յառաջացած նիւթերը, ինչպիսիք են կրաձոյլը (concrete), փայտը եւ մետաղը, կրնան վերամշակուիլ նոր շինանիւթերու կամ վերօգտագործուիլ տարբեր պէտքերու համար:

  1. Կերպասեղէնի թափօններ (օրինակ` հին հագուստ)

Կերպասեղէնի թափօնները կարելի է վերօգտագործել նոր նպատակով, օրինակ` մաքրութեան կտորի վերածելով: Բարեգործական կազմակերպութիւններուն լաւ վիճակ ունեցող հագուստ նուիրելը անոնց օգտակարութեան եւս մէկ տեսակ է:

  1. Ելեկտրածինի օգտագործուած իւղ

Ելեկտրածինի օգտագործուած իւղը կարելի է վերամշակել բարձրորակ լպրծարկու իւղերու (lubricating oils): Եթէ այդ իւղերը պատշաճ կերպով չկառավարուին, կրնան աղտոտել հողնուջուրը` յառաջացնելով բնապահպանական վտանգներ:

  1. Անիւներ

Անիւները կրնան վերամշակուիլ ձգախէժէ ասֆալթի, գործածուիլ խաղավայրերու մրցասպարէզներու պատրաստութեան կամ նոյնիսկ օգտագործուիլ վառելանիւթի արտադրութեան մէջ հրալուծութեան (pyrolysis) միջոցով: Ապօրինի կերպով թափուած անիւները կրնան բարենպաստ միջավայր դառնալ հիւանդութիւն կրող մժեղներու համար:

  1. Թիթեղներ

Փայլաթիթեղները կարելի է հալեցնել եւ վերածել նորթիթեղներու կամ փայլաթիթեղէ այլ ապրանքներու: Փոխանակ հում աղբիւրներէ արտահանելու, փայլաթիթեղի վերամշակումով զգալիօրէն ներուժ կրնանք խնայել:

  1. Կենցաղային վտանգաւոր թափօններ (օրինակ` ներկեր, միջատներու թունաւոր դեղեր)

Այս նիւթերը պէտք է տեղափոխել վտանգաւոր թափօններու հաւաքման կեդրոններ` անվտանգ հեռացման կամ վերամշակման համար` կանխելով ապականութիւնը եւ առողջութեան հետ կապուած վտանգները:

  1. Կենսաբժշկական թափօններ (օրինակ` ներարկիչներ, բժշկական թափօններ)

Կենսաբժշկական թափօնները խիստ կանոնակարգերու ենթակայ են: Անոնք սովորաբար կ՛այրուին, բարձր ճնշումի եւ ջերմաստիճանի տակ կը հականեխուին` հիւանդութեան տարածումը կանխելու համար:

  1. Պարարտացնող թափօններ (օրինակ` պարտէզներու թափօններ)

Պարարտացնող թափօնները կրնան վերամշակուիլ պարարտանիւթի` հարստացնելով հողը եւ նուազեցնելով քիմիական պարարտանիւթերու անհրաժեշտութիւնը:

  1. Միջուկային թափօններ

Բարձր մակարդակի միջուկային թափօնները կը պահուին առանձնայատուկ տեղամասերու մէջ, ինչպիսիք են երկրաբանական խորունկ պահեստները: Հետազօտութիւնները կը շարունակուին միջուկային թափօններէ ձերբազատման երկարաժամկէտ լուծումներ գտնելու համար:

  1. Կենսազանգուածի (biomass) թափօններ (օրինակ` գիւղատնտեսական մնացորդներ)

Կենսազանգուածի թափօնները կրնան վերածուիլ կենսավառելանիւթի, ինչպէս օրինակ` Պայոէթանոլը կամ Պայոտիզելը, կամ օգտագործուիլ ներուժի արտադրութեան համար:

  1. Մէկանգամեայ օգտագործման կերպընկալներ (օրինակ` կերպընկալէ պատառաքաղ, ձողիկ)

Շատ մը երկիրներ արգելքներ կը դնեն մէկանգամեայ օգտագործման կերպընկալի վրայ: Այլընտրանքներէն են կենսաքայքայուող կերպընկալները կամ բազմակի օգտագործման տարբերակները` կերպընկալի ապականումը նուազեցնելու համար:

Թափօններու Նիւթերու Վտանգները

Թափօնները կը ներառեն նիւթերու լայն շրջանակ` կերպընկալի տեսակներէ եւ քիմիական նիւթերէ մինչեւ օրկանական նիւթեր եւ ելեկտրոնային թափօններ: Այս նիւթերը, երբ պատասխանատու կերպով չկառավարուին, կրնան ունենալ հետեւեալ վտանգները.

Շրջակայ միջավայրի ապականութիւն- Թափօններէ վտանգաւոր քիմիական նիւթերու եւ ապականիչներու արտանետումը կրնայ ապականել օդը, հողը եւ ջուրի աղբիւրները: Այս ապականումը ունի նաեւ աւելի խոր հետեւանքներ, ինչպէս` բնահամակարգերու սպառնացող վնասը, կենսաբազմազանութեան կորուստը եւ բնական գործընթացներու խաթարումը:

Մարդոց առողջութեան հետ կապուած վտանգներ – Վտանգաւոր թափօններու ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ առողջական ծանր հետեւանքներ: Թափօններէ յառաջացող քիմիական ապականիչները կրնան յանգեցնել շնչառական, քաղցկեղի եւ ուղեղային զարգացման խնդիրներու, ինչպէս նաեւ առողջական այլ խանգարումներու, յատկապէս անոնց մօտ, որոնք կ՛ապրին թափօններու ձերբազատման վայրերու մօտ:

Կլիմայի փոփոխութիւն – Թափօնները, յատկապէս աղբավայրերու մէջ հաւաքուած օրկանական թափօնները, կ՛արտազատեն մեթան կազը, որ պատճառ կը դառնայ համատաքացման (global warming): Այս կը սրէ կլիմայի փոփոխութիւնը` յանգեցնելով աւելի ծայրայեղ օդերեւութային իրադարձութիւններու եւ շրջակայ միջավայրի խաթարումներու:

Բնական աղբիւրներու սպառում – Հումնիւթերու արդիւնաբերութիւնը եւ վերամշակումը այլ արտադրանքներ մշակելու համար կը յառաջացնէ թափօններ` միաժամանակ սպառելով սահմանափակ աղբիւրները: Թափօններու կրճատումը կ՛օգնէ խնայելու այս աղբիւրները, նուազեցնելու օգտագործելիք ներուժի սպառումը եւ կը թեթեւցնէ ճնշումը բնահամակարգերու վրայ:

Տնտեսական ծախսեր – Թափօններու սխալ կառավարումը զգալի տնտեսական բեռ կրնայ յառաջացնել:

Գեղագիտական եւ ընկերային ազդեցութիւն – Թափօնները կը վատթարացնեն ժողովուրդներու կեանքի որակը, կը նուազեցնեն կալուածներու արժէքը եւ կը դառնան սպառնալիք զբօսաշրջութեան: Թափօններու մէջ ապրելու հետեւանքները կրնան յանգեցնել բարեկեցութեան նուազման եւ ժողովուրդի քայքայման:

Ինչո՞ւ Պէտք Է Կրճատել Թափօնները

Թափօններու կրճատումը զուտ բնապահպանական պատասխանատուութեան խնդիր չէ. այդ հրատապ հրամայական մըն է քանի մը պատճառներով.

Շրջակայ միջավայրի պահպանում – Թափօններու կրճատումը կարեւոր է մոլորակի բնահամակարգերու պահպանման, ապականութիւնը նուազեցնելու եւ բնական աղբիւրներու պահպանման համար: Այդ մէկը համահունչ է կայուն կեանքի սկզբունքներուն:

Առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն – Թափօնները նուազագոյնի հասցնելը սատար կը հանդիսանայ մարդու առողջութեան` նուազեցնելով թունաւոր նիւթերու ազդեցութիւնը, բարելաւելով օդի եւ ջուրի որակը եւ պակսեցնելով թափօններու հետ կապուած հիւանդութիւններու վտանգները:

Կլիմայի բարեկարգում – Թափօններու կրճատումը, վերամշակումը եւ վերահսկումը կ՛օգնեն մեղմելու կլիմայի փոփոխութիւնը` նուազեցնելով ջերմանոցային կազերու, մասնաւորապէս` աղբավայրերէ մեթանի արտանետումները:

Տնտեսական արդիւնաւէտութիւն – Թափօններու կրճատման գործողութիւնները կրնան ծախսեր խնայել: Անոնք կրնան նաեւ խթանել նորարարութիւնը եւ աշխատանքներ հայթայթել:

Միջավայրի եւ ընկերային առաւելութիւններ- Աւելի մաքուր, թափօններէ զերծ միջավայրերը կը նպաստեն միջավայրի բարեկեցութեան, կը բարելաւեն գեղագիտութիւնը եւ կը խթանեն ընկերային համախմբումը: Թափօններու կրճատումը կրնայ յանգիլ աւելի կայուն ու կենսունակ միջավայրի:

Իրաւական եւ բարոյագիտական պարտաւորութիւններ – Շատ երկիրներ ունին կանոնակարգեր եւ օրէնքներ, որոնք կը կարգաւորեն թափօններու կառավարումը` շրջակայ միջավայրը եւ հանրային առողջութիւնը պաշտպանելու համար: Այս օրէնքներուն համապատասխանիլը ե՛ւ իրաւական պահանջ է, ե՛ւ բարոյագիտական պարտաւորութիւն:

Եզրափակելով, թափօններու նիւթերու վտանգները կը ներառեն բնապահպանական, առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն մեր ուշադրութիւնն ու գործուն մասնակցութիւնը: Ընդունելով թափօններու կառավարման պատասխանատու գործելակերպը, վերամշակումը եւ որդեգրելով «կայուն»-ի մտածելակերպը` մենք կրնանք ո՛չ միայն մեղմել այդ վտանգները, այլ նաեւ ճանապարհ հարթել մեր եւ գալիք սերունդներուն համար աւելի մաքուր, առողջ եւ կայուն ապագայի:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Հոկտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Ես Կը Սպասեմ (Ղօղանջ Կեանքի Ու Մահուան)

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

Դեկտեմբեր 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

Դեկտեմբեր 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

Նոյեմբեր 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?