«Նախ Եւ Առաջ Վերականգնել Հայու Վիրաւորուած Արժանապատւութիւնը» . Կիրակոս Գույումճեան
«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխան Քուէյթաբնակ գործարար՝ Կիրակոս Գույումճեան: -Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։ Իրականութեան մէջ, վերջին 44-օրեայ պատերազմին մեր կրած ծանր պարտութենէն ետք, ինծի համար քիչ մը երկրորդական կը թուին Հայաստանի քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրավազքի, քարոզարշաւներու եւ հարցազրյոցներու միջոցաւ՝ տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներ ընելու վերաբերեալ ներկայացուած խոստումները, որովհետեւ, իմ կարծիքով շատ աւելի մեծ վնաս մը կայ որ պէտք է վերականգնուի, այն...