Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ռուբինեան Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Նախակրթարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը

Յուլիս 17, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները գործադրեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը:

Ներկաները հիացմունքով ըմբոշխնեցին բեմի ետնապատի գծապատկերը, որ ստեղծագործութիւնն էր վարժարանի նկարչութեան ուսուցիչ ճարտարապետ Ամալիա Երամեանին եւ կը խորհրդանշէր Մեսրոպ Մաշտոցը, սրբազան լեռ Արարատը, նաեւ հայ դպրոցն ու մայրենի լեզուն:

Նախ բեմը տրամադրուեցաւ վարժարանի երգչախումբին. աշակերտները երաժշտութեան ընկերակցութեամբ արաբերէնով կատարեցին երաժիշտ Զեքի Նասիֆի «Մահմա եթժարրահ պալատնա» երգը:

Ապա Տալիտա Սալպաշեան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ Ազգային Ռուբինեան վարժարանին մէջ մայրենի լեզուի կողքին իրենք սորվեցան եւ երգեցին հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով:

Ապա աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ կատարեցին «Հայու պարծանք», «Հայեր միացէք» եւ «Հայաստան» խմբային երգերը: Ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին անոնց լաւ կատարումը, որ արդիւնքն էր Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեանի հետեւողական ջանքերուն եւ բծախնդիր աշխատանքին:

Լոռի Կէրկէրեան ասմունքեց հայերէն բանաստեղծութենէ հատուած մը, ապա հայերէն ուղերձը կատարեց: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, թէ ցաւով, սակայն լաւ յիշատակներով կը բաժնուին Ազգային Ռուբինեան վարժարանէն: Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնին, քարտուղարութեան եւ կրթական մշակներուն, ջամբած ուսման, անհուն զոհողութեան ու ջանքին, ինչպէս նաեւ իբրեւ երկրորդ ծնողք ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ թանկագին խրատներուն համար, ինչպէս նաեւ ծնողներուն` անոնց մեծ ծառայութեան համար:

Արաբերէն ուղերձը արտասանեց Տալիտա Սալպաշեան, որ ըսաւ, թէ վարժարանին մէջ ուսման կողքին ունեցած են` հոգատար տնօրէն եւ ուսուցչական կազմ, հաստատելով, որ անոնք իրենց  մտքերուն մէջ պիտի մնան առյաւէտ:

Անգլերէն ուղերձը արտասանեց Կերի Գոլեան, որ խոստացաւ ուսուցիչներուն խրատական  խօսքերով առաջնորդուիլ, որպէսզի յաղթահարեն բոլոր դժուարութիւնները: «Մենք այստեղ ստացանք լաւ դաստիարակութիւն, դարձանք իսկական հայեր, նաեւ լաւ քաղաքացիներ, եւ ամէնէն կարեւորը` սորվեցանք, որ յաջողելու համար պէտք է լաւ աշխատիլ»:

Շրջանաւարտները կատարեցին Մանուէլ Ադամեանէն երկու բանաստեղծական կտորներ` «Մեր ժամանակները» եւ «Կու գայ ժամանակ» խմբային ասմունքները:

Յաջորդաբար ասմունքեցին Կարօ Քութուճեան («Լուպնան», արաբերէնով), իսկ Սէրլի Կիւլիւմեան, Սէրլի Գարապոյեան, Մարի Էլենա Գէորգ, Նայիրի Հեքիմեան, Թամար եւ Արազ Քոչունեաններ (անգլերէնով երկու խմբային արտասանութիւններ` «Է կրեճուէյշըն պլեսինկ» եւ «Ուի ար կրեճուէյթինկ նաու):

Ապա երաժշտութեան ընկերակցութեամբ բեմ բարձրացան նախակրթարանի Զ. դասարանի տասը շրջանաւարտները` առաջնորդութեամբ իրենց դաստիարակ Ազնիւ Ալթունեանի եւ ստացան իրենց վկայականները առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Ռիթա Տէր Ստեփանեանի, վարժարանի տնօրէնին եւ Ազնիւ Ալթունեանի ձեռամբ:

Վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր վարժարանը 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը աւարտեց Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդին հետ անվերջ գործակցելով: Ազգային վարժարանի առաքելութիւնն է ուսման կողքին կերտել` հայ մարդն ու պիտանի քաղաքացին, որ պատրաստ պիտի ըլլայ ծառայելու իր ազգին: Մենք կը հաւատանք, որ մեծ է դերը հայ վարժարաններուն, հոն կը տրուի ազգային դաստիարակութիւն, հայ մանուկին սրտին մէջ հայ ազգին պատկանելիութեան վեհ դաստիարակութիւնը կը դրոշմուի: 83-ամեայ կաղնին դժբախտաբար 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին պիտի չկարենայ իր դռները վերաբանալ, այլ պիտի միանայ միացեալ վարժարանին»:

Տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին իր հայրական հոգատարութեան համար, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուսուցչական կազմին, յատկապէս վաստակաւոր ուսուցչուհի Ազնիւ Ալթունեանին եւ պաշտօնէութեան:

Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց եւ շնորհաւորութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած էին այս վարժարանին:

Տնօրէնը բեմ հրաւիրեց վարժարանի մեծ ընտանիքին բոլոր անդամները` պատուելու համար ծաղկեփունջերով:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականի բաշխում:

Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն. նուէրներ ստացան վարժարանի տիպար աշակերտուհին եւ իւրաքանչիւր դասարանի ուսման մէջ բարձրագոյն միջինը ունեցող աշակերտները, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի Զ. դասարանի հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի բարձրագոյն միջինը ունեցող աշակերտները:

Ապա Ազնիւ Ալթունեանի հնչեցուցած զանգակի երկար զրնգումը` վերջին զանգը, ներկաները անակնկալի բերաւ` զիրենք փոխադրելով դպրոցական օրերը: Իսկապէս յատուկ էր այդ պահը եւ շատ յուզիչ, որովհետեւ այդ զանգը վերջին անգամ կը հնչէր այս վարժարանին մէջ:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ իր կարգին բարձր գնահատեց Ազգային Ռուբինեան վարժարանին մէջ մեր աշակերտութեան հայակերտումին համար իրենց լաւագոյնը ընծայող դաստիարակները եւ կրթական մշակները, պատասխանատու մարմինները, բարերարները, բարեկամները, հոգաբարձութեան անդամները, որոնք տարիներով այս վարժարանի հոգը իրենց ուսերուն վերցնելով ըրին այն, ինչ որ մարդկայնօրէն կարելի է:

Շարունակելով իր խօսքը առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Վարձքը կատար բոլորին, նաեւ անոնց, որոնք անցնող տասնամեակներուն իրենց հաւատքի մասնակցութեամբ առիթ տուին, որ այս եկեղեցւոյ կողքին այս դպրոցը ծաղկի, վերելք արձանագրէ եւ մշակէ մեր ժողովուրդի կեանքը իր ջամբած արժէքներով»:

Ան յայտնեց, որ Ազգային վարժարաններու աշխատանքները պիտի շարունակուին միացեալ վարժարանին մէջ, ուր աշակերտները աւելի արդիական ու աւելի լաւ պայմաններու մէջ իրենց ուսումը պիտի ստանան: Հայը հայ պահուեցաւ մեր դպրոցներոն մէջ եւ հայը կերտուեցաւ ազգային արժէքներով: Մենք պարտաւոր ենք նորոգելու եւ զարգացնելու մեր դպրոցը:

Նախորդը

Հպարտութեան Եւ Յոյսի Պատկերներ

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?