Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 17, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, չորեքշաբթի, 21 յունիս 2017, երեկոյեան  ժամը 8:00-ին, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի սրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք շրջանաւարտ աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագիրով, ուր շեշտուեցաւ հայ ժողովուրդի անմահացումը: Հայ ժողովուրդը թէպետ քիչ եւ փոքր եղած է, բայց երբեք չէ ընկրկած, դիմագրաւած է ամէն խոչընդոտ, դէմ դրած է մրրիկներու ու փոթորիկներու եւ սաւառնած է վեր, գոյատեւած ու անմահացած է: Աւետիք Իսահակեանի «Անի»-ն, Համաստեղի «Հայու ոգին», Պարոյր Սեւակի « Քիչ ենք, բայց հայ ենք», Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի», Սիլվա Կապուտիկեանի «Հայրենիք» ասմունքները արձագանգեցին սրահին մէջ, եւ հայ աշակերտներուն` նոր սերունդին հետ մէկտեղ ապացուցեցին, որ անցեալն ու ներկան միասնաբար պիտի կերտեն յուսալից ապագայ` շարունակելով անցեալի պատգամը, ներկայի նորութիւններով օժտուած: Ներկայացման ընթացքին աղջիկներու խումբ մը ներկայացուց հայկական պար մը:

Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Տնօրէն Նելլի Վէքիլեան յանձնեց մրցանակներ` պատուոյ ցանկին մաս կազմող բոլոր կարգերու աշակերտներուն: «Սանդուխտ եւ Հայրապետ Խաչերեանի միջնակարգի հայերէնի բարձրագոյն միջինի մրցանակ»-ը եւ «Ժաք Վէքիլեան միջնակարգի գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջինի մրցանակ»-ը շնորհուեցաւ Ը. կարգէն Քրիսթինա Քէօշկերեանին:

Հանդիսաւոր մուտքով մը շրջանաւարտները բարձրացան բեմ: Շրջանաւարտներէն Փաթիլ Եագուպեանը կարդաց հայերէն ուղերձը, Ժան-Քլոտ Չերքեզեանը` արաբերէնը, իսկ Րաֆֆի Քէշիշեանը` անգլերէնը:

Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վեքիլեանը, որ ըսաւ, թէ դպրոցին մէջ հաւաքական ճիգ ի գործ դրուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ այլազան ուղղութիւններով բարգաւաճեցնելու կրթական այս օճախը, ուր ծնունդ առած եւ ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած են բազմաթիւ խանամիրեանականներ: «Այսօր մենք հրաժեշտ կու տանք արդէն հարազատ դարձած մեր կրթօճախին: Դպրոց մը, որ լուսաւոր կանթեղի նման առաջնորդեց սերունդներ` իբրեւ ՀԱՅ ՄԱՐԴ», ըսաւ ան:

Շրջանաւարտներուն ուղղած խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Տակաւին այբուբենը չէիք գիտեր, երբ մուտք գործեցիք հայեցի կրթութեան այս ամրոցը, իսկ հիմա զինուած էք գիտութեան զէնքով ու հպարտօրէն կը մեկնիք Խանամիրեան քոլեճէն` մուտք գործելու այլ դաշտ: Դժուար օրեր ունեցաք վստահաբար, բայց ձեզի հետ կը տանիք միայն բարի յիշատակներ»:

Ն. Վէքիլեան աւարտեց խօսքը` ըսելով. «Յաւելեալ գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ դիմաւորեցէք վաղուան հանգրուանները: Քա՛ջ եղէք եւ ողջամիտ, քալեցէ՛ք ճակատաբաց, կեանքի ճանապարհի ճիշդ մէջտեղէն, միշտ դերակատարութիւն վերցնելու նախանձախնդրութեամբ»:

Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ դպրոցի բարեկամներուն:

Ապա սրբազան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Նելլի Վէքիլեան բաշխեցին վկայականները շրջանաւարտներուն: Այսպէս, վկայական ստացան` Գէորգեան Նազօ, Եագուպեան Փաթիլ, Մանուկեան Խաչիկ, Մատի Սիրուկ, Չերքեզեան Ժան-Քլոտ եւ Քէշիշեան Րաֆֆի:

Ելոյթ ունեցաւ  սրբազան հայրը, որ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, խանդավառութեամբ, ձեր վկայականը բռնած, կը նայիք վաղուան կեանքին, պատճառ չունիք վախնալու, որովհետեւ հայ դպրոցը ձեզի ջամբած է բաւարար գիտութիւն եւ ծանօթութիւն, որպէսզի անոնցմով դուք կարողանաք ոչ միայն յարատեւել կեանքի ասպարէզէն ներս, այլ` նուաճել բարձունքներ: Բայց եւ այնպէս, երբ հասնիք հոն, դարձէք մեր իրականութեան մէջ, դերակատարութիւն ունեցէք ազգային կառոյցներուն մէջ»:

Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը խօսեցաւ հայ դպրոցի անհրաժեշտութեան մասին. «Կանգուն է հայ դպրոցը, ոչ միայն որովհետեւ լայն միջոցներ կը տրամադրուին իրեն, այլ որովհետեւ կրթութեան սրբազան առաքելութեան նկատմամբ հաւատք ունինք, եւ այդ հաւատքէն բխող միջոցներն են, որոնք կը տրամադրուին, որպէսզի հայ դպրոցը շեշտէ ու ապահովէ հայ ազգի գոյատեւումը»: Ան շարունակեց. «Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին կողքին եղան եւ տարբեր առիթներով աջակցեցան այս կառոյցի կրթական ճիգերուն, վարձքը կատար բոլոր ծնողներուն, բարեկամներուն, որոնք պահեցին ու պիտի պահեն հայ դպրոցը»: Ան աւելցուց. «Թէեւ հիմա ցտեսութիւն կ՛ըսենք Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին, սակայն մեր ճիգերը պիտի համախմբենք նոր դպրոցին` Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ` յոյժ գիտակցելով անոր կարեւորութեան»:

Նախորդը

Ազգային Ռուբինեան Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Նախակրթարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Անկեղծ Մտահոգութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?