Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Գանձասարի վանական համալիրը, իբրեւ ճարտարապետական եզակի կոթող, կը գրաւէ բոլոր զբօսաշրջիկները, որոնք մասնաւորապէս ամրան շրջանին կ՛ընտրեն Արցախը իբրեւ զբօսաշրջային վայր: 13-րդ դարուն կառուցուած վանական համալիրը կը գտնուի Վանք գիւղին մօտակայքը. 2000-ականներուն սկսան վանական համալիրին վերանորոգման աշխատանքները, որոնք կ՛իրականանային ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանին օժանդակութեամբ:
Գանձասար վանքը առաջին անգամ օծուած է Վարդավառ տօնին օրը, որուն օծման 777-ամեակը նշուեցաւ քանի մը օր առաջ` 23 յուլիսին:
Արցախեան ազատամարտին ընթացքին վանքը եղած է հակառակորդին գլխաւոր թիրախներէն մէկը. վանքի պատերու պարիսպներուն վրայ մինչեւ այսօր կարելի է նկատել 90-ականներէն մնացած ռմբակոծումի հետքեր, նոյնիսկ չպայթած ռումբը, որ արձակուած էր վանքին ուղղութեամբ, սակայն նպատակին չէր հասած:
Արցախի թեմի փոխառաջնորդ, Գանձասարի վանահայր Սահակ վարդապետ Շաքարեանին համաձայն` վանական համալիրին վերանորոգման առումով կը կատարուին բաւական լուրջ աշխատանքներ, որոնք շարունակական բնոյթ կը կրեն:
«Հիմնայատակ վերանորգուած են խուցերը, քառուղիները եւ ընդհանուր համալիրը: Յառաջիկային նպատակ ունինք հացի մշակութային թանգարան մը կառուցել այստեղ, որպէսզի կարենանք ամբողջ աշխարհին ներկայացնել, թէ ինչպիսի զարգացումներ ունեցած է հացի մշակոյթը հայկական բարձրաւանդակին մէջ», նշեց վանահայրը:
Գանձասարի պատմութեան` 11 լեզուով թարգմանուած գիրքը աւելի ընկալելի եւ մատչելի կը դարձնէ զբօսաշրջիկներուն այցելութիւնը վանական համալիր, ուր անոնք, ըստ վարդապետ Շաքարեանին, յատկապէս կը տպաւորուին մարդոց հիւրասիրութեամբ:
Վանքին մօտակայքը կարելի է նաեւ տեսնել Գանձասարի մատենադարանը, որ նոյնպէս կը կրէ Մեսրոպ Մաշտոցին անունը: Անիկա բաղկացած է գիտական եւ թանգարանային բաժիններէ. գրադարան, ընթերցասրահ եւ դահլիճ, ուր կը կազմակերպուին զանազան տեսակի ձեռնարկներ եւ գիտաժողովներ: Արցախի մատենադարանին մէջ կարելի է ծանօթանալ միջնադարեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ ժամանակակից շրջանի ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու:
Ինչպէս որ վանքի պատերուն փորագրուած պատկերները առեղծուածային եւ անբացայայտելի են, այդպէս ալ չորս կողմը սփռուած բնութիւնը, զոր կ՛արժէ կեանքի մէջ գոնէ մէկ անգամ տեսնել ու ապրիլ:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի «Բացայայտիր քեզ համար քո երկիրը» արշաւի ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար 22-24 յուլիս հայաստանեան շարք մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպած է ծանօթացման այցելութիւն դէպի Արցախ: Հայաստանեան 5 լրատուամիջոցներու 8 ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած են շարք մը շրջապտոյտներ դէպի Արցախի գլխաւոր զբօսաշրջային վայրեր, տեղեկատուութիւն փոխանցուած է արցախեան զբօսաշրջային ներուժին, Արցախի մէջ գործող թանգարաններուն, պետական պատմամշակութային եւ բնապատմական արգելոցներուն, պանդոկի տնտեսութեան կազմակերպութիւններուն եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին առնչուող այլ ուղղութիւններուն մասին` նիւթեր պատրաստելու եւ զբօսաշրջիկներուն ներկայացնելու նպատակով: