Հինգշաբթի, 29 յունիս 2017-ին երեկոյեան ժամը ութին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջափակի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժիններու շրջանաւարտից հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին տասնչորս աշակերտներ հրաժեշտ տուին երկրորդականի ուսումնական փուլին, իսկ վեցերորդ կարգի քսաներկու աշակերտներ, աւարտելով իրենց կարգի պահանջները եւ ստանալով համապատասխան վկայական, պատրաստ են թեւակոխելու միջնակարգի փուլ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ուսուցիչներու եւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով, որուն յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութիւնը: 12-րդ կարգի աշակերտներէն Խաչիկ Սերոբեանի Աստուածաշունչի ընթերցումէն եւ Ռիթա Գասարճեանի աղօթքէն ետք վեցերորդ կարգէն խումբ մը աշակերտներ մեկնաբանեցին «Ապրել խաղաղ» երգը: Մթնոլորտը խանդավառուեցաւ, երբ պարի ակումբի աշակերտները հեզաճկուն նազանքով ներկայացուցին հայկական պարային փունջ մը: Ապա վեցերորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Ճանաչիր» պարը:
Օրուան բանախօսն էր Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, ըստ որուն, լիբանանահայ վարժարաններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները կարելի է յաղթահարել իրապաշտ տեսիլքով: Ան ըսաւ, որ ամէն մեծ ծրագիր արդիւնք է մեծ տեսիլքի, զոր պէտք չէ շփոթենք երազին հետ, որովհետեւ եթէ կ՛երազենք քնացած վիճակի մէջ, ապա տեսիլք ունենալու համար շա՜տ արթուն ըլլալու ենք: Ան շեշտեց, որ տեսլապաշտին հիմնական յատկանիշը փոփոխութենէ չվախնալն է ու նորութիւնը սիրելը: Տեսիլքի իրականացումի կարեւոր քայլ է ներդրումներու քաղաքականութեան ճշդումը: Բանախօսը յայտնեց, որ մեր ամէնէն կենսական ներդրումը այս անգին աշակերտներն են, որոնց մեծագոյն արժէքը հայ դպրոցի շրջանաւարտ ըլլալն է: Ան յիշեցուց, որ այս տարի լիբանանահայ դպրոցը ունեցաւ 273 շրջանաւարտ, որոնք պիտի արտացոլացնեն այն, ինչ որ ստացան հայ դպրոցէն: Ի շարս այլոց, նշեց բանախօսը, սէրը պէտք է ըլլայ մեծագոյն ներդրումը` ծախսուած աշակերտներուն վրայ, որոնք օր մը սիրով պիտի փոխադարձեն իրենց ստացածին:
Ուղերձներով ելոյթ ունեցան 12-րդ դասարանի աշակերտներէն` Յակոբ Աւետիքեան (հայերէն), Մերի Խաչատուրեան (արաբերէն) եւ Ծաւի Պիլալեան (անգլերէն), որոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին ու իրենց ծնողներուն: 12-րդ կարգի աշակերտուհի Ալիսիա Իշխանեան ինքնատիպ առոգանութեամբ ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ողջերթ»-ը` ներկաներուն ներշնչելով հաւատքով ու հայրենասիրութեամբ գօտեպնդուելու անսասան կամքը:
Տեղի ունեցաւ վկայականներու տուչութիւն: Վեցերորդ դասարանէն վկայական ստացան` Ապուսէֆեան Սերենա, Առաքել Սերժ, Չուլճեան Նաթալի, Տէր Խաչատուրեան Թամար, Տէրտէրեան Լոռի, Տէր Կարապետեան Փաթիլ, Էճիտեան Քրիստափոր, Կէյիքեան Սելին, Գարակէօզեան Սէրլի, Գարավարդանեան Դալար, Գազազեան Վանայ, Մարաշլեան Լոռի, Մարտօ Քրիսթիան, Մելքոնեան Մէյսըն, Միսիսեան Սերժիօ, Մոզեան Ճօ, Նազարեան Գրիգոր, Ունանեան Նարեկ, Սապունճեան Սէրլի, Սարաֆեան Սիրենա, Եագուպեան Սերժիօ եւ Եթիմեան Սերժ:
12-րդ դասարանի կենսագիտական բաժանմունքէն վկայական ստացան` Հաննէեան Աբրահամ, Մանուկեան Ժիւլիանա, Մկրտիչեան Վաղիկ եւ Պիլալեան Ծաւի: Ընդհանուր գիտական բաժանմունքէն` Աւետիքեան Յակոբ եւ Էճիտեան Պետիկ: Ընկերատնտեսական բաժանմունքէն` Այնթապլեան Սելինա, Գասարճեան Ռիթա, Իշխանեան Ալիսիա, Խաչատուրեան Մերի, Մազմանեան Ճեսիքա, Մխսեան Սարգիս, Յակոբեան Վանայ եւ Սերոբեան Խաչիկ:
Վկայականներու բաշխումէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած վահանի փոխանցումը, որուն համար բեմ բարձրացան 6-րդ դասարանէն Նաթալի Չուլճեան եւ Սերժիօ Միսիսեան, իսկ 12-րդ դասարանէն` Սելինա Այնթապլեան եւ Վաղիկ Մկրտիչեան:
12-րդ կարգի աշակերտները քաջ գիտակցելով վահանի խորհուրդին` զայն հպարտութեամբ յանձնեցին 6-րդ կարգի աշակերտներուն, որոնք խոստացան նոյն կենսունակութեամբ ու վճռակամութեամբ քալել իրենց նախորդներուն ճամբան:
Վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան իր «Հուսկ բանք»-ին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները, խրախուսեց շրջանաւարտները, որ արժանաւոր շրջանաւարտները դառնան այդ դարբնոցին` պահելով ազգային եւ հոգեւոր այն բոլոր սկզբունքները, զորս սորվեցան այդ յարկին տակ: «Եղէք հպարտ ձեր ինքնութեամբ, բայց` ոչ գոռոզ, պահեցէք ձեր համեստութիւնը, համեստութիւնը զարդն է մարդուն. լեցուն հասկը, սիրելինե՛ր, գլուխը վար թեքուած կը մնայ. լեցուեցէք փայլուն գաղափարներով, վսեմ սկզբունքներով եւ մարդասիրական ջերմ զգացումներով», հաստատեց տնօրէնը:
«Հուսկ բանք»-էն ետք 12-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ հայրենասիրական ապրումով ներկայացուցին «Իմ փոքրիկ Հայաստան» երգը:
Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայ աւետարանական Էշրեֆիէի եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով: