Շաբաթ, 24 յունիս 2017-ին տեղի ունեցաւ 2016-2017 տարեշրջանը փակող Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսը, Հազմիէի մէջ:
Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի ու Մխիթարեանի քայլերգներով` երգեցողութեամբ վարժարանի աշակերներուն: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Յովսէփ ծ. վրդ. Թոփալեանը, որ իր խօսքը ուղղեց հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Հայր Թոփալեանը հաստատեց, որ ութսունամեայ Մխիթարեան վարժարանը պիտի շարունակէ իր երթը եւ գոյատեւէ` քաջալերական ու շատ դրական տրամադրութիւն փոխանցելով ներկաներուն:
Յովսէփ ծ. վրդ. Թոփալեան հաստատեց, որ մխիթարեանական վարդապետը, լիովին գիտակից իր կոչումին, իր կեանքն ու կարողականութիւնը կը զոհաբերէ` ի խնդիր ազգին ու Աստուծոյ` իրեն յանձնուած սերունդներուն միայն ու միայն սէր ջամբելով, տանելով մարդակերտումի, հայակերտումի եւ քրիստոնէակերտումի մեծ աշխատանք` նոր սերունդներուն ջամբելով հոգեւոր եւ մտաւոր կրթութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ կատարուած աշխատանքին եւ առաքելութեան մէջ իրենց գործօն մասնակցութիւնը ունին նաեւ ծնողները, որոնք իրենց կարգին օրինակ պէտք է դառնան յարատեւ անձնազոհութեան:
Ան շնորհակալութեան խօսք յայտնեց տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան, ուսուցիչներուն, պատասխանատուներուն եւ հանդէսը պատրաստողներուն: Ինչպէս նաեւ ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Աստուծոյ եւ Աստուածամօր` 2016-2017 տարեշրջանի յաջող աւարտին համար:
Ապա երգերով ու պարերով հանդէս եկան մանկապարտէզի եւ բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները, որոնք արժանացան ներկաներուն քաջալերական ու շնորհակալական ծափերուն:
Ապա կատարուեցաւ ասմունք` տնօրէն-վարդապետին «Հայու ճամբան…» արձակ քերթուածը, ինչպէս նաեւ Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութեան երգ»-ը:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը, որմէ ետք դարձեալ խօսք առաւ վարժարանին տնօրէնը` Յովսէփ ծ. վրդ. Թոփալեանը, որ այս անգամ պատգամ յղեց աշակերտներուն, զանոնք յորդորեց անդադար աշխատիլ` վստահեցնելով ու մաղթելով, որ միայն այդպէս կրնան յաջողիլ իրենց կեանքին մէջ: