Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Փետրուար 14, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց պատմութիւնը` իր կատարած նուաճումներուն շնորհիւ, կը մնայ անժամանցելի բոլոր ժամանակներուն համար, որովհետեւ ան հաւատքով կը փոխանցուի իրերայաջորդ մեր բոլոր սերունդներուն, որոնք, իրենց կարգին, գիտեն ապրիլ, յիշատակել եւ տօնախմբել ըստ արժանւոյն:

Երեքշաբթի, 6 փետրուար 2018-ին Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, առաւօտեան ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագի եւ հաղորդուեցան Վարդանանց խորհուրդով: Օրուան պատարագիչ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Վարդանանց պատերազմի նահատակութեան իմաստը` քրիստոնեայ մնալու հրամայականը, շեշտելով, որ այս օրերուն նորահաս սերունդներէն եւս կը պահանջուի ըլլալ բծախնդիր իրենց կրօնաբարոյական սկզբունքներուն նկատմամբ եւ պատասխանատու գիտակցութեամբ նուիրուիլ ու պահանջատէր ըլլալ իրենց ազգային իրաւունքներուն:

Կէսօրին աշակերտները հանդէս եկան յատուկ յայտագիրով, որ կը փոխանցէր Վարդանանք խորհուրդը` բանաստեղծութիւններով, մարտնչական երգերով, երաժշտական կտորներով, կենդանի պատկերներով, որոնք ինքնուրոյն դիմագիծով ներկայացուեցան երրորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն կողմէ, նաեւ` ազգագրական պարերով:

Աշակերտներուն կողմէ արտասանուած կամ ներկայացուած կտորները մեր հեղինակներուն գրած ու մշակած Վարդանանք խորհուրդին նուիրուած նոյն բանաստեղծութիւններն էին, սակայն աշակերտներուն քաջարի եւ վճռակամ արտայայտութիւններն էին, որոնք հանդիսատեսը շուրջ մէկ ժամ միացուցին ու նոյնացուցին բեմին հետ:

Այս առիթով տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան գնահատեց հայոց լեզուի, երգի ու պատմութեան ուսուցիչները, որոնք աչալրջութեամբ ստանձնած են մեր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ ան գնահատեց օրուան յայտագիրի բովանդակութիւնն ու պատրաստութիւնը, մանաւանդ աշակերտներուն ջերմեռանդ մասնակցութիւնը: Ան մեծերն ու փոքրիկները հրաւիրեց յանձնառու գիտակցութեամբ տէր ու պաշտպան կանգնելու հայ ժողովուրդին աւանդոյթներուն եւ արժէքներուն:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ ներկայացան «Ֆապրիանօ» ընկերութեան ներկայացուցիչներ, որոնց անունով խօսք առաւ Նիքոլա Նահաս, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Լիբանանի մէջ «Ֆապրիանօ»-ի 55 տարուան բեղուն գործունէութիւնը` աշակերտական նկարչական մրցանքներու ընդմէջէն, որոնց մասնակցած են բազմահազար աշակերտներ, եւ հայ դպրոցն ու հայ աշակերտը եւս իր մասնակցութիւնը բերած է իր իւրայատուկ եւ ակնայայտն ոճով:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան (2016-2017) տարուան մրցանակակիր աշակերտները` Ալիսիա Ետալեան, Էնտրու Աբրահամեան, Սերենա Թոփաքեան, Ճոնի Գարգուր, Ժորժ Սուսանի, Կի Մարտիրոսեան, Սերլի Քէօշկերեան, Յակոբ Կիւվլէքճեան, որոնք ստացան համապատասխան մրցանակներ, իսկ Ալիսիա Ետալեանը արժանացաւ Պէյրութի առաջնութեան մրցանակին:

Նիքոլա Նահաս մրցանակաբաշխութենէ ետք իր խօսքը եզրակացուց իր հօր կատարած մէկ վկայութեամբ. «Երանի ձեզի, որ դուք հայ էք, ուրիշներէ տարբեր էք եւ այլ յատկութիւններ ունիք»:

Կ. Գ.

Նախորդը

Վարդանանց Ճակատամարտի Տօնակատարութիւն Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Վարդանանցի Եւ Բարեկենդանի Նշում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?