Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԶՈՄ-Թոքզ»- Վահէ Պէրպէրեան Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Յարկին Տակ

February 2, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան` «ԶՈՄ-Թոքզ»-ի հանդիպումներուն ծիրին մէջ հետաքրքրական դասախօսութիւն-զրոյց մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ բազմաթիւ երիտասարդ եւ տարեց բազմութեան:

«ԶՈՄ-Թոքզ»-ը կը ձգտի ստեղծել միջավայր մը, ուր ոեւէ անձ, մասնագէտ կամ ոչ, կարենայ իր գիտելիքները փոխանցել նիւթի մը մասին, որ զինք կը հետաքրքրէ: «Talk»-երը կրնան արծարծել տարբեր տեսակի նիւթեր` ըլլայ գիտական, քաղաքական, փիլիսոփայական, համաշխարհային հարցեր եւ այլն… «ԶՈՄ-Թոքզ»-ին նպատակն է թափ տալ մտքերու փոխանակման, գիտելիքներով զարգացնել երիտասարդներու հմտութիւնները եւ նոր հորիզոններ բանալ անոնց միտքերուն մէջ: «ԶՈՄ-Թոքզ»-ը կարճ դասախօսութիւններու շարք մըն է: Միտքերու փոխանակման թափ տալու միտող այս նախաձեռնութեան` «ԶՈՄ-Թոքզ»-ի անունով Ռուբէն Պապէեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան բանախօսը` բազմատաղանդ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանը:

Վ. Պէրպէրեան 1976-ին Լիբանանէն մեկնած է Քանատա, ապա Միացեալ նահանգներ: Լոս Անճելըս հաստատուելով` ունեցած է թատերական գործունէութիւն, նախ թատերախումբերու, ապա` անհատական ներկայացումներու մէջ:

Դասախօսը մտերմիկ եւ իւրայատուկ ոճով աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ հայ ինքնութեան մասին:  Վահէն հիմնաւորեց, որ հայ ըլլալը միայն զգացական նիւթ չէ, այլ նաեւ կենցաղ է ու ապրելաոճ: Արուեստագետին համար հայ ըլալլը գեղեցկութիւն է ու զարգացում եւ` հպարտութեան աղբիւր: Ան նաեւ ըսաւ, որ հայապահպանումը, թէ՛ ըլլայ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, անհրաժեշտ է, սակայն պէտք է նորարար եւ ժամանակակից ձեւերով զարգացնել եւ թարմ  պահել հայ ինքնութիւնը` զգօնութիւն ցուցաբերելով ձուլումի վտանգին դիմաց: Հայապահպանման աշխատանքի եւ ինքնութեան հաստատումի մէջ ան արժեւորեց իւրաքանչիւր հայ անհատին դերը` ըսելով, որ իւրաքանչիւրը պէտք է դերակատար ըլլայ իր ազգի ամբողջական կենցաղին մէջ:

Աւարտին, բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն տեղի ունեցաւ նաեւ տէսակետերու փոխանակում, որմէ ետք մտերմիկ հաւաքը շարունակուեցաւ մասնակիցներու եւ Վահէին միջեւ:

Նախորդը

Ասիան Թրամփի Նախագահութեան Շրջանին. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ Տարածաշրջանը Կը Զիջին Չինաստանին

Յաջորդը

«Բացառիկ Զգացում Կ՛ունենաս, Երբ Կը Տեսնես, Որ Ժողովուրդը Խնդացնելու Կարողութիւն Ունիս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Վահէ Պէրպէրեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.