Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Ճակատամարտի Տօնակատարութիւն Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Փետրուար 14, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց ուրբաթ, 2 փետրուար 2018-ին` օրուան պատգամախօս ունենալով Վարագ վրդ. Պէրպէրեանը:

Բացման խօսքը կատարեցին 11-րդ դասարանի աշակերտներ` Լոռի Տեմիրճեանը, Մհեր Ճենանեանը, Դուին Էքշեանը եւ Ալինա Գայֆեճեան, որոնք ըսին, որ իրենք փոքր տարիքէն կը յիշատակեն այս տօնը, այսօր սակայն կը հասկնան, որ Վարդանանց յիշատակութիւնը տօն չէ, այլ` սրբազան խորհուրդ մը, որուն ճակատամարտը ամէն օր կը մղուի մեր կեանքի ընթացքին: «Այսօր հաւատքի, հայրենասիրութեան յիշատակի օրն է, որ յաղթանակ մըն է լոյսի` խաւարին դէմ, յաղթանակ մը բարիի` չարին դէմ, յաղթանակ խաչին` կրակին դէմ: Այսօր եւս մենք կանչուած ենք դէմ կենալու` խաւարին, չարին ու կրակին, ըլլալով հաւատարիմ ու անյաղթ զինուորը Քրիստոսի եւ հայրենիքի»:

Յայտագրի առաջին բաժինով մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները արտասանութեամբ ու երգով գովերգեցին Վարդանանց հերոսները: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան` 4-րդ դասարանը` «Հայ ապրինք եղբարք», «Վարդանի Ս. արիւնին» եւ «Հայուն» երգերով, 3-րդ դասարանը` «Արի Հայեր» խմբային արտասանութեամբ, 3-րդ դասարանէն Յարութ Չափատարեանը եւ Էլի Կարապետեան` «Հայրն ու որդին» երկխօսութեամբ,  որմէ ետք դպրոցին պարախումբը ներկայացուց պար մը:

Վարագ վրդ. Պէրպէրեանը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ինչ որ պարսիկը իր փիղերով, ինչ որ Հռոմը իր հսկայ կայսրութեամբ, ինչ որ Բիւզանդիոնը իր սուրերով, եւ ինչ որ վայրագ օսմանցին իր կախաղաններով եւ զէնքերով չկրցան ընել, չըլլայ,  որ այդ ցեցը, որ մտած է մեր հայ ժողովուրդին մէջ, ներսէն կրծէ հայուն մարմինը եւ մեզ ներփլուզումի մատնէ: Ան նշեց, որ մենք այսօր հայ կը մնանք, որովհետեւ Վարդանը ճակատամարտ մղեց, ու թէեւ նահատակուեցաւ, բայց իրմէ ետք հազարաւոր Վարդաններու ծնունդ տուաւ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ չամչնան հայ ըլլալէն ու ամօթ չհամարեն հայերէն խօսիլը: Լաւ է ֆրանսերէն խօսիլը, լաւ է անգլերէն գիտնալը, բայց այս բոլորը մեզ ո՛չ Վարդան կը դարձնեն, ո՛չ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը բերեն, ո՛չ ալ Շնորհալի մը կրնան տալ, ըսաւ վարդապետը: Ան կոչ ուղղեց վարժարաններուն եւ միութիւններուն` միասնաբար աշխատելու հայ ժողովուրդի բարիքին համար, պարծենալու եւ հպարտանալու հայութեամբ, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը միայն մէկ յարութիւն կը նշէ` Քրիստոսի յարութիւնը, իսկ մենք` երեք յարութիւն, Քրիստոսի, Վարդանանցի եւ Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յարութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ վարժարանի վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանը եւ տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք պատրաստեցին եւ ներկայացուցին օրուան յայտագիրը: Ան շնորհաւորեց նաեւ Վարդան, Վահան եւ Ղեւոնդ անուն կրողները:

 

Նախորդը

Հայ Հոգեւորականներ Մեսրոպեանի Աշակերտներուն Դասախօսեցին Եկեղեցւոյ Միութեան Մասին

Յաջորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?