Գաղութային

Աւանդական Միջինք Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի Կազմակերպութեամբ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Սեդա Պէօյիւքեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին, հինգշաբթի, 22 մարտ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական Միջինքի հաւաքոյթ: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Լուսին Պարամաքեան: Ան նկատել տուաւ, որ երիտասարդ սերունդը մեր ապագան եւ մեր շարունակականութիւնն է, հետեւաբար պէտք է անոնց...

Այնթապ Պապերուս Բնօրրանը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Այնթապ, (Aintab, Ayntap), Աինթապ, Այնթապ Եփրատացւոց, Այնթափ, Այնթեփ, Անթեփ, Անթաբ, Անթապ, Անթէպ, Անթեպ Անտիոքա, Անտիոքա Ատթորիա, Անտիոք առ Եփրատաու, Անտիոք առ Տաւրոսիւ, Անտիոք Տաւրոսեան, Կազիանթեպ Կերպետիսոս, Հաթապ, Համթաբ, Հանթափ, Կազիանթեպ - Քաղաք Կիլիկիոյ շրջանը, անոր հարաւարեւելեան կողմը, Մարաշ-Հալէպ ուղեգիծի վրայ, Եփրատի վտակ` Սաճուրի ափին: Քաղաքը փռուած է դաշտաձեւ բարձրադիր հովիտի մէջ, շրջապատուած է կրաքարի, կաւիճի եւ մարմարի կազմութիւն...

Հայկական 24 Վարժարաններէ 855 Երկսեռ Աշակերտներ Կը Մասնակցին 2011-2012 Տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի Մրցումներուն

Իր հիմնադրութենէն (1966) երկու տարի ետք, 1968ին, երբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յանձն առաւ ԼԵՎԱՄ-ի հովանաւորութիւնը, Լիբանանահայ երկրորդական   վարժարաններու մարզախաղերը լրջօրէն թափ առին` առաջնահերթ նպատակ ունենալով հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մէջ արթնցնել մարմնակրթութեան հանդէպ սէրը, մրցակցութեան  եւ պայքարի ոգին եւ ամենակարեւորը` եղբայրական մթնոլորտի մէջ համախմբել հայ աշակերտութիւնը: Տարիներ շարունակ երկրի քաղաքական եւ այլ աննպաստ պայմաններ յաճախ պատճառ դարձան, որ կարգ մը...

ԼՕԽ-ի, «ԵԱԶԱ»-ի Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան* Ուժերու Հետ Գործակցաբար` «Արկածներու Դէմ Պայքարի Շաբաթ» Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

15-22 մարտ երկարող շաբաթը Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին համար եղաւ յատկանշական: Տնօրէնութեան որոշումով շաբաթը հռչակուեցաւ «Արկածներու դէմ պայքարի շաբաթ» եւ, առ այդ, զանազան նախաձեռնութիւններով, դպրոցական թէ արտադպրոցական հանդիպումներով, աշակերտներ ծանօթացան առօրեայ կեանքի մէջ պատահող արկածներուն, զանոնք կանխարգիլելու միջոցներուն եւ անոնց հետեւանքները դարմանելու ձեւերուն: «Տնային Արկածները Եւ Պատանիները» Քոլեճին եօթներորդ դասարանի աշակերտները ԼՕԽ-ի նախազգուշական բաժնի պատասխանատու Վերժին Խորշիդեանի ճամբով...

«Տոհմիկ Օր» Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մէջ

Հինգշաբթի, 22 մարտ 2012-ին, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ «Տոհմիկ օր» վերնագիրով ձեռնարկ` ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, տիկնանց յանձնախումբին եւ ծնողներուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ բաժնեկցեցան իրենց զաւակներուն խանդավառութիւնն ու երջանկութիւնը, ինչպէս նաեւ վերապրեցան մեր պապերէն աւանդ մնացած սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: Ձեռնարկին բացումը տեղի ունեցաւ աշակերտներուն երգեցողութեամբ, «Կիլիկիա» քայլերգով: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց վարժարանի ուսուցչուհիներէն Լուսինէն, որ այս օրը...

Լուրեր Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցիէն

Կիրակի, 18 մարտին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր խօսքը ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ 19 մարտին Ս. Յովսէփի տօնն է եւ շեշտեց Ս. Յովսէփին հաւատքը, ընտանիքին հանդէպ ունեցած հոգատարութիւնը եւ պաշտպանութիւնը: Այս առիթով ան շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Ժոզեֆ Ժամկոչեանին` իր տարիներու...

Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճ. Հոգեւոր Խորհրդածութեան Պահ Մը` Դպրեվանքի Սաներուն Հետ

Չորեքշաբթի, 14 մարտի կէսօրին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան հրաւէրով քոլեճ այցելեցին եւ աշակերտութեան հետ հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի խումբ մը սաներ` գլխաւորութեամբ դպրեվանքի տեսչութեան անդամ Վարանդ վրդ. Քոթմոսեանի: Հիւրերը ողջունելով` քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ Մեծ պահքի կիսուն, Միջինքի առիթով, ուրախութիւն է հիւրընկալել դպրեվանքի սաները` եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութեան պատրաստուող վաղուան մեր...

Հաղորդագրութիւն. Տուպայի Մէջ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Զօրակցող Բարեսիրական Ընթրիք

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2012-ի երեկոյեան, Տուպայի «Ալ Պուսթան Ռոթանա» պանդոկի «Ռաշիտիյա» շքեղ սրահին մէջ, «Մեսրոպեան` կրթութեան արժանավայել կառոյցը» կարգախօս-պաստառին ներքեւ, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցող բարեսիրական ընթրիքը` ներկայութեամբ 330 հրաւիրեալներու, որոնց շարքին էին` Տուպայի հայ գաղութի գործօն դէմքեր, Տուպայի տեղական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` Տուպայի Լիբանանի գաղութի ներկայացուցիչներ: Ընթրիքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վարուժ Ներկիզեան, որ ընդհանուր...

Ազգային Վարժարաններու Ծաղիկ Դասարանի Աշակերտները Օդակայան Այցելեցին

Նախաձեռնութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 14 մարտ 2012-ին, ազգային վարժարաններու Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ մանկապարտիզպանուհիներն, այցելեցին օդակայան` մօտէն ծանօթանալու համար օդակայանին մէջ ծաւալած գործունէութիւններուն եւ աշխատանքներուն: Օդակայանի մուտքին աշակերտները դիմաւորեց ներքին ապահովութեան ուժերու բաժանմունքի ներկայացուցիչ Նորայր Դերձակեան: Ան առաջնորդեց զանոնք դէպի ներս եւ պտտցուց բոլոր բաժանմունքները, ինչպէս` օդերեւոյթի սենեակը, ուր աշակերտները ականատես եղան համակարգիչի վրայ յաջորդող...

Տարեցներու Միջինքի Համախմբում

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը զանազան առիթներով կը կազմակերպէ հաւաքներ` նպատակ ունենալով հոգեւոր եւ ընկերային մթնոլորտ ստեղծել եւ ուրախացնել այն տարեցները, որոնք առանձին կ՛ապրին, նիւթական եւ ընկերային դժուար պայմաններ կը դիմագրաւեն: Այս աշխատանքներու ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 13 մարտ 2012-ին Միջինքի առիթով տարեցներու համախմբում մը տեղի ունեցաւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկին մէջ: Օրուան անակնկալն էր Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճէն խումբ մը աշակերտներու...

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինը իր հերթական ժողովը գումարեց 26 յունուար 2012-ին` օրակարգի վրայ ունենալով Համազգայինի տրամադրութեան եւ տնօրինումին յանձնուած հիմնադրամներու 2011-ի գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարուելիք յատկացումները: Մարմինը քննելէ ետք Համազգայինի Հիմնադրամներու 2011 տարուան նիթական գործառնութիւններու արդիւնքը եւ ներդրուած գումարներուն տարեփակի հաստատագիրները, վաւերացուց Համազգայինի Հիմնադրամներու առ 31/12/2011 հաշուեկշիռը: Մարմինը` այսու մեր հասարակութեան կը տեղեկացնէ, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գիտութեամբ, 2011 տարուան...

Լիբանանի ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան Ա. Համագումար (Զալքա, 10-11 Մարտ 2012)

Շաբաթ, 10 եւ կիրակի, 11 մարտ 2012-ին, Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ՀԿՄ Պատանեկան միութեան Ա. համագումարը, նախագահութեամբ ՀԿՄ Պատանեկան միութեան հիմնադիր` Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի, մասնակցութեամբ` Սուրբ Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Վարդան վրդ. Գազանճեանի, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ` Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի. ինչպէս նաեւ Միութեան երեք հրամանատարներուն` Արամ Գարատաղլեանի, Յակոբ Թէրճանեանի,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանքի Սաները Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 24 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւններ: Արարողութիւններուն ներկայ էին դպրեվանքի սաները, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանն ու երկու հսկիչ վարդապետները: Ժամերգութիւններու աւարտին սրտի խօսք փոխանցեց Նարեկ արքեպիսկոպոսը: Ան անդրադարձաւ դպրեվանքի առաքելութեան` շեշտելով, որ հոն կը ջամբուի առողջ եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Նարեկ արք. Ալեէմեզեան յորդորեց ներկաները` իրենց զաւակները վստահելու...

Մամլոյ Սենտիքայի Նախագահը Կը Շնորհաւորէ Աղպաշեանը

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2012-ին` ժամը 12:30-ին, Լիբանանի մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամմետ Պաալպեքի, կեդրոնատեղիի իր գրասենեակին մէջ, ի ներկայութեան խմբագիրներու ու մամլոյ սենտիքաներու վարչութեանց անդամ Էլիաս Աունի, ընդունեց լիբանանահայ, խմբագիր, հրապարակագիր ու գրող Պարոյր Աղպաշեանը, շնորհաւորելու հրատարակութիւնը անոր նորագոյն գիրքին (արաբերէն լեզուով), որ կը ներկայացնէր հրապարակագրական ընտրանի մը: Մ. Պաալպեքի դրուատեց Պ. Աղպաշեանի հրատարակչական աշխուժ գործունէութիւնը, մանաւանդ հայ իրականութեան մէջ անոր...

Աւանդական Միջինք Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Վարչութեան Կազմակերպութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ տիկնանց վարչութեան, չորեքշաբթի 7 մարտ 2012-ին տեղի ունեցաւ աւանդական միջինքի ձեռնարկը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի կարիքաւոր սաներու: Յայտագիրին առաջին բաժինով խօսք առաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, որ ըսաւ, թէ միջինքը եղած է որպէսզի աւելիով խորանանք ապաշխարելու մէջ: Ան դիտել տուաւ, թէ Աստուած կը խնդրէ, որ ըլլանք պատասխանատու իրարու հանդէպ: Այսօրուան աշխարհը հիւանդ վիճակի...

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի 80-Ամեակ. Ուսուցչաց Տօնը

Մարալ Լատոյեանին եւ Անի Գէորգի կարգն էր կազմակերպելու 2011-2012 տարեշրջանի հինգերորդ ամսուան տօնախմբութիւնը, որ նուիրուած էր ուսուցիչներու օրուան: Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2012-ին, առաւօտեան զանգը չհնչած, աշակերտները օղակներով կամար կազմած, դիմաւորեցին իւրաքանչիւր ուսուցիչ` անոր կուրծքին զետեղելով անոր անուան սկզբնատառը: Երկու պահ դաս ընելէ ետք, Ա. զբօսանքին` միշտ ուսուցիչներու նուիրուած երգերու ձայնասփռումով, մէկտեղուեցան ուսուցիչները հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ ու աշակերտները ներկայացուցին հետաքրքրական պար...

Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները «Գլխարկները Վար» Կ՛Առնեն Իրենց Ուսուցիչներուն Առջեւ

Լիբանանի մէջ 9 մարտին կը նշուի ուսուցիչներու տօնը: Ամէն տարի կրկնուող այս աւանդութիւնը, որուն ընթացքին վարժարանները կը փակեն իրենց դռները եւ աշակերտները ծաղիկներ կամ այլ տեսակի նուէրներ կը նուիրեն իրենց ուսուցիչներուն, կու գայ բոլորիս յիշեցնելու, թէ գոյութիւն ունին անհատներ, որոնք մեր մանկութեան տարիներէն մինչեւ պատանեկութեան տարիները, մօր նման, մեզ կը խնամեն, հոգ կը տանին, կ՛առաջնորդեն, կը դաստիարակեն, կ՛ուսուցանեն, կը սորվեցնեն,...

Դասախօսութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Չորեքշաբթի, 7 մարտ 2012-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը եւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը դպրոցի սրահին մէջ կազմակերպած էին դասախօսութիւն մը` «Ինչպէ՞ս կրնամ զաւակս պատանեկան շրջանի վտանգներէն հեռու պահել» նիւթով: Դասախօսն էր Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ ընկերային ծառայող է «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ: Ան դասախօսութիւնը սկսաւ պատանեկութեան շրջանի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տալով: Ապա շեշտեց, թէ ծնողքը կարեւոր դեր ունի կատարելիք, որպէսզի պատանեկութիւնը հաւասարակշռուած...

Յարգանք Եւ Երախտագիտութիւն Ս. Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Դաստիարակներուն

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի Շրջանաւարտից յանձնախումբը Ուսուցչաց տօնին առիթով իւրայատուկ գաղափարը յղացաւ` այցելելու քոլեճին մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող հանգստեան կոչուած ուսուցչուհիներուն, որոնք տարիներ շարունակ գործած ու դաստիարակած են վարժարանին մէջ: Ուսուցչուհիներ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են սերունդներ դաստիարակելու, հայեցի շունչ փոխանցելու եւ Հայ մարդը, գլխագիր մարդը կերտելու: Անոնց տարիներու նուիրումին շնորհիւ հազարաւոր աշակերտներ թրծուած են հայ դպրոցի հարազատ երդիքին...

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ձիւնագնացութիւն

Մասնակցութեամբ 156 անդամներու, ինչպէս նաեւ 97 ծնողներու եւ բարեկամներու, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի սկաուտական խումբերու տարեշրջանի երկօրեայ ձիւնագնացութիւնը, շաբաթ 10 եւ կիրակի 11 մարտ 2012-ին, «Սան Սիթի» պանդոկին մէջ, Աժալթուն: Ընտանեկան հարազատ մթնոլորտի մը մէջ տարազաւորներն ու ծնողները անցուցին հաճելի վայրկեաններ` ըմբոշխնելով խմբապետական կազմին ու սկաուտ խորհուրդին կողմէ պատրաստած ծրագիրը: Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին արդէն իսկ բոլորը անհամբեր կը...

Page 108 of 114 1 … 107 108 109 … 114

Արխիւներ