Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի 80-Ամեակի Ճաշկերոյթը` Նիւթաբարոյական Ողջունելի Զօրակցութիւն Մը
Շաբաթ, 25 փետրուար 2012-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութեան, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ արժանի շուքով տօնուեցաւ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակը, աւելի քան երկու հարիւր յարգելի հիւրերու ներկայութեամբ: 80-ամեակի ճաշկերոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին: Ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էր Ազգ. Աբգարեան վարժարանի երբեմնի աշակերտներէն, տնտեսագէտ, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ կառավարիչ, ներկայիս Credit...
