Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Սենտիքայի Նախագահը Կը Շնորհաւորէ Աղպաշեանը

March 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2012-ին` ժամը 12:30-ին, Լիբանանի մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամմետ Պաալպեքի, կեդրոնատեղիի իր գրասենեակին մէջ, ի ներկայութեան խմբագիրներու ու մամլոյ սենտիքաներու վարչութեանց անդամ Էլիաս Աունի, ընդունեց լիբանանահայ, խմբագիր, հրապարակագիր ու գրող Պարոյր Աղպաշեանը, շնորհաւորելու հրատարակութիւնը անոր նորագոյն գիրքին (արաբերէն լեզուով), որ կը ներկայացնէր հրապարակագրական ընտրանի մը:

Մ. Պաալպեքի դրուատեց Պ. Աղպաշեանի հրատարակչական աշխուժ գործունէութիւնը, մանաւանդ հայ իրականութեան մէջ անոր հրապարակագրական բեղուն վաստակը, որ արժանաւորապէս գնահատուած է Լիբանանի, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, իսկ ներկայ հրատարակութիւնը կու գայ նոր որակ մը տալու անոր լրագրական ասպարէզին:

Սենտիքայի նախագահը, որ գրած էր նաեւ այս գիրքին յառաջաբանը, անգամ մը եւս բարենշելի եւ ողջունելի գտաւ գիրքին մէջ տեղ գտած գրութիւնները, որոնք, ըստ իրեն, հայ-արաբական մերձեցումներուն առաւել ամրապնդման կը ծառայեն` արաբ ընթերցող հասարակութիւնը եւս տեղեակ պահելով հայ լրագրողի մը մտածումներէն, վերլուծումներէն ու դիտարկումներէն, ինչ կը վերաբերի հայութեան, արաբականութեան (Լիբանան) եւ ընդհանրապէս արծարծուած հրատապ հարցերուն:

Այս առիթով Մ. Պաալպեքի պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահելու եւ խօսք առնելու գիրքին նուիրուած որեւէ հրապարակային ձեռնարկի մը, յաւուր պատշաճի անդրադառնալով ու գնահատելով զայն:

Գիրքին հեղինակը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց այս ընդունելութեան եւ յօժարակամութեան համար` խոստանալով իր մտաւորական-հրապարակագրական առաքելութիւնը շարունակել` ի նպաստ հայ թէ լիբանանեան լրագրութեան վերելքին:

Նախորդը

Աւանդական Միջինք Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Վարչութեան Կազմակերպութեամբ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանքի Սաները Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.