Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեցներու Միջինքի Համախմբում

March 21, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը զանազան առիթներով կը կազմակերպէ հաւաքներ` նպատակ ունենալով հոգեւոր եւ ընկերային մթնոլորտ ստեղծել եւ ուրախացնել այն տարեցները, որոնք առանձին կ՛ապրին, նիւթական եւ ընկերային դժուար պայմաններ կը դիմագրաւեն:

Այս աշխատանքներու ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 13 մարտ 2012-ին Միջինքի առիթով տարեցներու համախմբում մը տեղի ունեցաւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկին մէջ:

Օրուան անակնկալն էր Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճէն խումբ մը աշակերտներու մասնակցութիւնը` յայտագրի գեղարուեստական բաժինով: Անոնք երգեցին, պարեցին եւ ասմունքով ոգեւորեցին ներկաները: Հանդիսավար աշակերտուհին բացման խօսքին մէջ նշեց, որ աշակերտներուն համար ուրախութիւն է գտնուիլը այն ձեռնարկին եւ մեր մամիկներուն եւ պապիկներուն օրհնութիւնը ստանալ. ան խնդրեց, որ անոնք աղօթեն աշակերտներուն համար, որպէսզի ըլլան աշխատասէր, ստեղծագործ եւ տիպար հայեր:

Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին աշակերտները նուէրներ բաժնեցին տարեցներուն` այն գումարով, որ ապահոված էին դպրոցին մէջ անուշեղէնի վաճառք մը կազմակերպելով:

Յայտագրի երկրորդ բաժինով խօսք առաւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեան: Ան անդրադարձաւ Մեծ պահքի իմաստին եւ խորհուրդին` խրախուսելով ներկաները եւ հոգեւոր վերելք ու յոյս ներշնչելով անոնց: Ան նաեւ շեշտեց, որ սէրը, զղջումը եւ ներումը այն շնորհներն են, որ Քրիստոս մեզի փոխանցեց, իսկ աղօթքը մեր հոգւոյն բալասանն է:

Օրուան ճաշը պատրաստուած էր կամաւոր տիկիններու կողմէ, որոնք նաեւ սիրայօժար կերպով օգնեցին ճաշի բաշխման աշխատանքներուն, իսկ անուշեղէնը` շիրիկով հաց ձրիօրէն տրամադրուած էր հայկական փուռի մը կողմէ: Յայտագրի աւարտին ներկաները մեկնեցան հոգեկան գոհացումով:

Հանդիպումը իր պատրաստութեան եւ իրականացման ձեւին մէջ իւրայատուկ էր այն իմաստով, որ ան մէկտեղեց ապագայ սերունդէն ներկայացուցիչներ` երէցներու ծառայութեան եւ անոնց յարգանքի տուրք մատուցելու պատանեկան յատուկ ոճով: Դպրոցական աշակերտներու մասնակցութիւնը գեղարուեստական բաժինի կազմակերպման եւ ներկայացման մէջ, անոնց բարի կամեցողութիւնը անուշեղէն վաճառելով գումար մը գոյացնելու եւ այդ գումարը սիրայօժար տրամադրելու ներկայ տարեցներուն ուրախացնելու համար, օրինակելի երեւոյթ է Մեծ պահքի այս շրջանին: Պէտք չէ մոռնալ անշուշտ եւ պէտք է բարձր գնահատել կամաւոր տիկիններու տարած աշխատանքը:

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք այս ձեռնարկին ընդմէջէն նպաստեցին տարեցներուն դէմքերուն վրայ ժպիտ մը գծելու եւ անոնց հոգիները զուարճացնելով առաքելութեան:

Նախորդը

Պատերազմի Վերսկսման Հաւանականութիւնն Աստիճանաբար Աճում Է

Յաջորդը

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ (Համադրում «Ռեգնում»-ի Եւ «Երկիր»-ի Հարցազրոյցներու. Վտանգաւոր Է, Երբ Նախագահը Կարծում Է, Որ Երկրում Կեանքը Լաւացել Է

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.