Գաղութային

Ապրիլ 24-ը «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Յատկանշական ու խորհրդանշական էր Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի նշումը «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: Արդարեւ, աշակերտները նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչեցին իրենց մասնակցութիւնը բերելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող թանգարանի կառուցման: «Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտները անձամբ փորեցին եւ պատրաստեցին կառուցման ընթացքի մէջ եղող թանգարանին մուտքին գտնուող հողակոյտին այն բաժինը, ուր պիտի զետեղուի Ապրիլեան Նահատակաց յուշարձանը: Ասիկա յատկանշական նախաձեռնութիւն մըն է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու հիմնական ապաստանը հանդիսացած «Թռչնոց...

Մոմավառութիւն Ռաուտայի Մէջ

Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, 23 ապրիլին շրջանին մէջ տիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչման մթնոլորտ: Արդարեւ, փողոցները, ակումբի մուտքին, շէնքերուն պատշգամներուն ծայրը զետեղուեցան եւ վառեցան մոմեր, շրջանին մէջ հնչեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան յարմարող երգեր:

Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Յատուկ Ձեւով Նշեցին Ս. Զատիկը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով նախորդ կիրակի, 8 ապրիլ 2012-ին, Պուրճ Համուտի հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ գործադրուեցաւ յատուկ նախաձեռնութիւն մը: Հայկական սովորութիւններն ու աւանդութիւնները պահպանելու նպատակով եւ այդ աւանդութիւններուն հանդէպ իրենց նախանձախնդրութենէն մղուելով, Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անդամ պատանիները Ս. Զատկուան օրը ուղղուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Վարդանանց, Ս. Սարգիս եւ Ս....

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Լիբանանի Մէջ Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանին Այցը Ճեմարան

Չորեքշաբթի, 4 ապրիլ 2012-ին, Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան: Դպրոցին մուտքին դեսպանը դիմաւորուեցաւ ճեմարանական ՀՄԸՄ-ական սկաուտ աշակերտներու, տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին եւ Լսարանական միութեան պատասխանատու, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանին կողմէ: Դեսպանը անմիջապէս ուղղուեցաւ տնօրէնութեան գրասենեակը, ուր ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ: Ճեմարանի տնօրէնը դպրոցին մասին տեղեկութիւններ...

Ս. Զատկուան Առիթով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Շեփորախումբը Այցելեց Հայ Ազգային Բուժարան

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի բարեսիրական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Ս. Զատկուան առիթով խումբը այցելութիւն մը տուաւ Հայ ազգային բուժարան, նաեւ շրջագայեցաւ Լեռնալիբանանի կարգ մը զբօսավայրերուն մէջ: Շեփորախումբը իր ուղեւորութեան սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին` իբրեւ առաջին հանգրուան ունենալով Պէյթ Էլ Տինը, ուր պտտելէ ետք խումբին անդամները հնչեցուցին հայկական ու արաբական եղանակներ` ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով, նաեւ հմայելով զբօսաշրջիկները: Ապա խումբը ուղղուեցաւ Քասր...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Աշխատանքներէն

- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի բոլոր խումբերը, ընկերակցութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 11 մարտ 2012-ին չորս մեծ մարդատարներով ուղղուեցան Մեթնի Զաարուր շրջանը` սպիտակ ձիւնին վրայ անցընելու խաղով եւ ուրախութեամբ լեցուն հաճելի ժամեր: Ձիւնագնացութենէն ետք ամբողջ մասնաճիւղը ուղղուեցաւ դէպի Պիքֆայա, ուր օգտուելով ձմեռնային տաքուկ արեւի ճառագայթներէն շարունակեցին իրենց պտոյտը` գեղեցիկ բնութեան մէջ: - Մասնաճիւղը հրաւէր ստացաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութենէն`...

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը նշեց Ս. Զատիկը, ուրբաթ, 30 մարտ 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00 - 6:00, գրադարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նազելի Աւագեանին, յանձնախումբի ընկերուհիներուն, ծնողներու եւ 50 փոքրիկներու: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր խաղեր, երգեր, հաւկթամարտ: Բոլոր ներկայ փոքրիկները մասնակից դարձան խաղերուն եւ ստացան նուէրներ. ապա տեղի ունեցաւ հաւկթամարտը: Յայտագրի աւարտին իւրաքանչիւր...

Մայրերու Օրուան Նշում Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Կէրթմէնեան վարժարանին, ուրբաթ, 30 մարտ 2010-ին, «Արարատ փալաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական Մայրերու օրուան տօնակատարութիւն: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարժարանի ուսուցչուհի Իսկուհի Քիւրտեանը: Ան շնորհաւորեց մայրերու տօնը եւ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը` Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Մարալ Մխսեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց մայրերու տօնը` մաղթելով բոլոր մայրերուն առողջութիւն, ուժ, կորով եւ համբերութիւն: Ապա ան...

Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մասնակցութիւնը Մանրակերտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Հաւաքին

Ամիսներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, կիրակի, 1 ապրիլ 2012-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ կայացած եզրափակիչ հանդիսութեամբ վերջ գտան Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին (LAU) կազմակերպած ու արդէն աւանդական դարձած մանրակերտ ՄԱԿ-ի աշխատանքները: Լիբանանահայ այլ վեց երկրորդական վարժարաններու կողքին, Հայ աւետարանական քոլեճը այս տարի եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ այդ աշխատանքներուն, առաւելաբար 11-րդ դասարանի աշակերտներէ բաղկացած խումբով մը: Այս տարի ՄԱԿ-ի ութ յանձնաժողովներու մէջ ՀԱՔ-ին վիճակուեցաւ...

«Սարօ»-ն Եւ «Անուշ»-ը` Հարպոյեանի Աշակերտներուն Տարբերակով

2012 տարին կը զուգադիպի Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեակին: Այս առիթով կայացող ձեռնարկներուն ծիրին մէջ վարժարանին Աշակերտական խորհուրդը կազմակերպեց աշակերտական երաժշտախառն «Անուշ» թատրոնը, որուն նիւթը քաղուած է մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ» բանաստեղծութեան վրայ հիմնուած օփերայէն: Ներկայացումը առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ վարժարանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ անոնց բարեկամներուն համար, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան «Պետողլեան» սրահին մէջ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի քաջալերանքով...

Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճի Զատկուան Աւանդական Տօնավաճառը

Զատկուան տոհմիկ սովորութիւնները վերականգնելու գեղեցիկ առիթ մը եղաւ Ազգային  Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին այս տարուան տօնավաճառը, որ աւանդական ճաշերու կողքին, նաեւ մշակութային վայելքի առիթ մը ընծայեց իր այցելուներուն`  հինգշաբթի 28 եւ ուրբաթ 29 Մարտին: Տօնավաճառին բացումը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 28 մարտի երեկոյեան, քոլեճին հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ 150 ծնողներու եւ բարեկամներու: Սրահին նախամուտքին, ցուցադրուած էին քոլեճին աշակերտական գծագրութիւններէն 100 նկարներ, որոնք...

Երեւանի «Անանիա Շիրակացի» Ճեմարանին Ուսուցիչները Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին Մէջ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին եւ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի»-ի անուան  Ճեմարանին միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ, 6-15 փետրուար 2012-ին, Ճեմարանին մէջ հիւրընկալուեցան Երեւանէն երկու ուսուցիչներ Աշխէն Գրիգորեան եւ Արթուր Գաբրիէլեան: Հայրենի հիւրերը յիշեալ 10 օրերուն մնայուն ներկայութիւն եղան դպրոցին մէջ եւ ծանօթացան Ճեմարանի  բոլոր բաժիններուն, անոր մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դպրոց կրթական համակարգին, մասնաւորաբար` հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ գիտութեան դասանիւթերու ծրագիրներուն:...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան 2011-2012. Այցելութիւն «Զուարթնոց» Կեդրոն

Ուրբաթ, 23 մարտ 2012-ին ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտութիւնը այցելեց «Զուարթնոց» կեդրոն` մասնակցելու «Զուարթնոց»-ի մարտ ամսուան արշաւին: Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները, իրենց ականջները սրած ու աչքերը լայն բացած, ընկերակցութեամբ կեդրոնի տնօրէնուհի Տապաղեանի, շրջեցան հաստատութեան դասարաններն ու աշխատանոցները եւ լաւապէս տեղեկացան մտքով թերաճ մանուկներուն հետ տարուած աշխատանքներուն ու դասաւանդման դաստիարակչական ճիգերուն մասին: «Զուարթնոց»-ի սաները, խանդավառուած` արտասանութեամբ,...

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին «Ճանաչումէն Հատուցում» Խորագրեալ Գիտաժողովին Արդիւնքներուն Մասին Հանդիպում՝ Հայ Կաթողիկէ Եւ Հայ Առաքելական Համայնքներու Պատուիրակութիւններուն Միջեւ

Հինգշաբթի, 29 մարտ 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, հայ կաթողիկէ համայնքի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման գործադիր մարմինին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատուիրակութեան: Հանդիպման նպատակն էր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին փոխանցել Անթիլիասի մէջ գումարուած «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» միջազգային համագումարին արդիւնքները եւ ասոնց լոյսին տակ...

Հաղորդագրութիւն. Բալուի Հայրենակցական Միութիւն

Կիրակի, 18 մարտ 2012-ին, ՔԱՀԼ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բալուի հայրենակցական միութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ վարչութեան միամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ` վերամշակուած ծրագիր- կանոնագիրը, որ վաւերացուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Ժողովի ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն` բաղկացած հետեւեալ անձնաւորութիւններէն. 1) Աւագ Խաչատուրեան (ատենապետ) 2) Սահակ Խաչատուրեան (փոխ ատենապետ) 3) Մարալ Մխսեան (ատենադպիր) 4) Արտեմ Նաճարեան (գանձապահ) 5) Կարօ Կարապետեան (խորհրդական)...

Վարձքդ Կատար Հա՛յ Ուսուցիչ

Հիւսիսային Լիբանանի Նուպարեան- Խրիմեան ազգային վարժարանը,  բազմաթիւ տասնամեակներէ ի վեր հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբողն ու շրջանի հայապահպան միակ փարոսը, անցեալէն սկսեալ ունեցած է որակեալ եւ հայասէր ուսուցիչներ: Այդ նուիրեալներէն մին եղած է Սարգիս Կոնճեան` ուսուցիչ, տնօրէն, մանկավարժ, դաստիարակ եւ ազգային գործիչ, մէկը այն անմոռանալի տիպարներէն, որուն շնորհիւ եւ անոր շունչին տակ սերունդներ կերտուած են: Այս վաստակաշատ կրթական մշակին կրտսեր...

Փառք Ու Պատիւ Մեր Ուսուցիչներուն

Իսկապէս իւրայատուկ է Այնճարը: Հայկական շունչն ու ոգին գերակշռող են գիւղին մէջ գոյութիւն ունեցող մէն մի հաստատութեան, միութեան, բայց մանաւանդ հայկական երեք յարանուանութեանց կրթական օճախներուն մէջ: Հայկական դիմագիծը շեշտուած կերպով առկայ է Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ, որ փաստօրէն իր աշխուժ պետական գործունէութեան ու գիւղի բարգաւաճման աշխատանքներուն կողքին, իր հովանաւորութիւնը տարածուած է գրեթէ գիւղին մէջ տեղի ունեցող բոլոր ձեռնարկներուն վրայ: Այնճարի...

Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի «Պատանի Բժիշկներ»-ը Կը Տպաւորեն

Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի միջնակարգի աշակերտութիւնը բժշկագիտական նորութիւններով լեցուն հետաքրքրական ժամ մը ապրեցաւ հինգշաբթի, 22 մարտի կէսօրին, երբ քոլեճին գիտական ակումբը ներկայացուց «Պատանի բժիշկներ» յայտագիրը, հետեւողութեամբ պատկերասփիւռի «Բժիշկներ» («Տը Տաքթըրզ») յայտագիրին: Յայտագրին առաջին մասով «պատանի բժիշկներ» ցուցադրեցին այս առիթով իրենց պատրաստած տեսանիւթը` բժշկական հիմնական գիտելիքներու մասին: Ապա իւրաքանչիւր «բժիշկ» տպաւորիչ կերպով ներկայացուց իր նիւթը: Տեղեկութիւններ փոխանցուեցան վարսակի, կտաւատի...

Հաղորդագրութիւն. Հայագիտական Նիւթերու Արհեստագիտական Միջոցներով Դասաւանդման Շուրջ Մեսրոպեան Վարժարանի Հայերէնի Եւ Հայոց Պատմութեան Ուսուցիչներու Միօրեայ Սեմինար

Հայագիտական դասանիւթերու արհեստագիտական արդի միջոցներով մատուցման թափ տալու նպատակով, շաբաթ, 24 մարտ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, տեսչարանի «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարաններու հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու միօրեայ սեմինարը, որուն նիւթն էր «Հայագիտական նիւթերու դասաւանդումը եւ արհեստագիտական միջոցները»: Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանի կատարողութեամբ բացման աղօթքէն ետք, սեմինարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար...

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարան

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի հայ քոյրերը սերունդներու բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան իրենց առաքելութեան մէջ առաջնահերթ կը նկատեն նաեւ մօր դերը` հաւատալով, որ մայրը իր կեանքով, նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ մեծագոյն դաստիարակն է զաւակներուն: Վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը փափաքեցան գարնան առաջին օրը մեծարել վարժարանին սիրելի մայրերը եւ այս առիթով հրաւիրեցին Մխիթարեան ուխտէն Գրիգորիս վրդ. Սէրէնեանը, որ դասախօսէ մօր մասին: 21 մարտ,...

Page 107 of 114 1 … 106 107 108 … 114

Արխիւներ