Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի 80-Ամեակ. Ուսուցչաց Տօնը

March 16, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարալ Լատոյեանին եւ Անի Գէորգի կարգն էր կազմակերպելու 2011-2012 տարեշրջանի հինգերորդ ամսուան տօնախմբութիւնը, որ նուիրուած էր ուսուցիչներու օրուան:

Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2012-ին, առաւօտեան զանգը չհնչած, աշակերտները օղակներով կամար կազմած, դիմաւորեցին իւրաքանչիւր ուսուցիչ` անոր կուրծքին զետեղելով անոր անուան սկզբնատառը:

Երկու պահ դաս ընելէ ետք, Ա. զբօսանքին` միշտ ուսուցիչներու նուիրուած երգերու ձայնասփռումով, մէկտեղուեցան ուսուցիչները հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ ու աշակերտները ներկայացուցին հետաքրքրական պար մը, որմէ ետք իրենք ալ բակին մէջ հիւրասիրուեցան կարկանդակով եւ պտղահիւթով:

Բ. զբօսանքին տնօրէնուհին Գեղանի Էթիեմեզեան պատուեց Սիլվա Տէմիրճեանն ու Իզապէլ Գազանճեանը կրթական ասպարէզէն ներս իրենց քսանհինգամեայ ծառայութեան համար. ապա Զ. կարգի աշակերտները անցան նախակրթարանի դասարանները, ուր քառորդ ժամ ապրեցան ուսուցչական առաջին փորձառութիւնը: Անոնք շատ լուրջի առած էին իրենց վստահուած պարտականութիւնը եւ պատրաստած էին հարցարաններ:

Ատենամարզանքի պահը սովորականէն կը տարբերէր, որովհետեւ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը մասնակից էր գեղարուեստական յայտագրին: Անոնք նուագեցին, երգեցին, արտասանեցին եւ ներկայացուցին թատրոն, հանդիսավարութեամբ` Զ. կարգի աշակերտուհի Հերա Տէտէեանի:

Գեղանի Էթիեմեզեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ աշակերտները ո՛չ միայն իրենց կրծքանշանով` «Շնորհակալ եմ ուսուցիչ»-ով յայտնած էին իրենց երախտագիտութիւնը, այլ նաեւ իրենց բծախնդրօրէն պատրաստած յայտագիրով, զոր ներկայացուցին ինքնավստահօրէն եւ մեծ սիրով, ամենագեղեցիկ փունջը մատուցելով ուսուցիչներուն: Մասնաւորելով Զ. կարգի Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած խմբերգը, տնօրէնուհին իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ «Ուսուցիչներու օր»-ը կրկնակիօրէն կ՛իմաստաւորուի խոր ապրումով ներկայացուած այդ երգով:

Զ. կարգի աշակերտները պատուեցին ուսուցիչները` աշակերտներուն տասնաբանեան ներկայացնող էջադիրներով:

Դարձեալ դաս էր եւ տօն, որովհետեւ Մեսրոպ Մաշտոցի, Առաջին եւ մեծագոյն ուսուցիչին տօնն էր:

Նախորդը

Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները «Գլխարկները Վար» Կ՛Առնեն Իրենց Ուսուցիչներուն Առջեւ

Յաջորդը

«Կոմիտաս». Հոգեբանական Վերլուծում Մը (Հեղինակ` Մելինէ Գարագաշեան)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.