Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տոհմիկ Օր» Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մէջ

March 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 22 մարտ 2012-ին, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ «Տոհմիկ օր» վերնագիրով ձեռնարկ` ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, տիկնանց յանձնախումբին եւ ծնողներուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ բաժնեկցեցան իրենց զաւակներուն խանդավառութիւնն ու երջանկութիւնը, ինչպէս նաեւ վերապրեցան մեր պապերէն աւանդ մնացած սովորութիւններն ու աւանդութիւնները:

Ձեռնարկին բացումը տեղի ունեցաւ աշակերտներուն երգեցողութեամբ, «Կիլիկիա» քայլերգով:

Օրուան խորհուրդը փոխանցեց վարժարանի ուսուցչուհիներէն Լուսինէն, որ այս օրը հռչակեց «հայկական խոհանոցի վերածննդեան տօն» եւ քաջալերեց մեր ծնողները` պատրաստելու մեր հայկական աւանդական ճաշերը, որովհետեւ` «անոնցմէ կը բուրէ հայկական հոտը»:

Անկէ ետք, մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք հագած էին հայկական գաւառական տարբեր տարազներ, բեմ բարձրացան` բռնած խաւաքարտեր, որոնց վրայ գրուած էին Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ գրաւուած հայկական զանազան գաւառներու անուններ: Եւ անոնք մէկ-մէկ անցան աշակերտներուն առջեւէն` յիշելով այդ գաւառին անունը: Իսկ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները ճերմակ թի-շըրթներու վրայ գրեցին այդ գաւառներուն անունները, ինչպէս նաեւ` հայերէն կարգախօսներ, ինչպէս` «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք», «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թո՛ղ ողջ աշխարհ կարդայ հայուն նախատինք» եւ այլն: Իսկ  իրենց թեւերուն կապեցին կարմիր, կապոյտ ու նարնջագոյն երիզներ:

Ապա Թ. կարգի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը, իր իսկ պատրաստութեամբ, իր պապենական գաւառին մասին մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցեց ներկաներուն, ինչպէս` Սասուն, Սեբաստիա, Տիգրանակերտ, Մուսա Լեռ, Ատանա, Այնթապ, Մարաշ, Ուրֆա, Զէյթուն եւ այլն: Յետոյ տեղի ունեցան հայկական շուրջպարեր` աշակերտներուն եւ ծնողներուն մասնակցութեամբ:

Վարժարանին տիկնանց յանձնախումբին իսկ ձեռքով պատրաստուած հայկական աւանդական ճաշասեղանը մեծ գնահատանքի արժանացաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք խնդրեցին հետագային նման ձեռնարկներու յաճախակի կրկնութիւնը:

Օրուան անակնկալ հիւրն էր մանկական երգերու մեկնաբան Մակին, որ յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ:

Ձեռնարկի աւարտին տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեան նախ գնահատեց այս ձեռնարկին յաջողութեան ճիգ չխնայող ուսուցիչները, ապա պարգեւատրեց վարժարանի տիկնանց յանձնախումբին անդամուհիները եւ բարձր գնահատեց անոնց անձնուէր աշխատանքը:

 

Նախորդը

Լուրեր Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցիէն

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի, «ԵԱԶԱ»-ի Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան* Ուժերու Հետ Գործակցաբար` «Արկածներու Դէմ Պայքարի Շաբաթ» Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.