Սեբաստիոյ «Հրամանատարի Եկեղեցի»-ն Պիտի Նորոգուի
«ԱԿՕՍ».- Սեբաստիոյ հինգերորդ Ուսման զինանոցի սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին շուտով պիտի նորոգուի: Երկար ժամանակէ ի վեր այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուէին: 20 օգոստոսին, Սեբաստիոյ կուսակալ Սալիհ Այհանը, եւ զինանոցի հրամանատար Էրթուղրուլ Էրպաքանը այցելեցին եկեղեցի: Կուսակալը այստեղ յայտնեց, որ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը փոխանցուած է քաղաքի վարչութեան, եւ սկսած է վերանորոգման ծրագիրի մշակումը: Արդէն նախագիծ մը պատրաստուած ու վաւերացուած էր յուշարձաններու պահպանման...



















