Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի 2018-2019 Տարեշրջանի Մասնաճիւղային Բանակում

Յուլիս 25, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դարձեալ իրարու կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն». այս նախադասութեամբ շաբաթ, 13 յուլիսի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտները բաժնուեցան իրարմէ` լքելով Ռաս Մեթընը, ուր բանակած էին վերջին տասը օրերուն:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի երէցները, պարմանուհիները, արիներն ու արենուշները, գայլիկներն ու արծուիկները եւ, վերջապէս, մոկլիները հերթաբար ուղղուեցան բանակավայր, ուր գործադրութեան դրին բոլոր այն գիտելիքները, զորս ամբարած էին 2018-2019 տարեշրջանին ընթացքին:

Տասը օրերը բաւարար էին մասնաճիւղի սկաուտներուն, որ ընդարձակ ու դատարկ բանակավայրը յարդարեն ու հարուստ զարդարանքով գեղեցկացնեն, ընդունին հիւրեր ու դասախօսներ, կազմակերպեն գիշերային խաղեր, արշաւեն ու մարզանքներ ընեն, ամրապնդեն իրենց գիտելիքները ու զարգացնեն իրենց գործնական հմտութիւնները, չարքաշութեամբ ու կարգապահութեամբ զօրացնեն իրենց շարքերը եւ նոր բնոյթի այլ աշխատանքներով լեցնեն իրենց յայտագրերը:

Շաբաթ գիշեր ներկաները` ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն ներկայացուցիչ մը, մասնաճիւղի պատասխանատուներ, ծնողներ, ՀՄԸՄ-ականներ եւ հիւրեր, բանակավայր մուտք գործեցին ամրոցի մը աշտարակներուն միջեւ բացուած դռնէ մը եւ շարունակեցին իրենց այցելութիւնը` հերթաբար անցնելով «Երուանդունի» մոկլիներու պալատէն, «Բագրատունի» պարմանուհիներու պարիսպներէն, «Արծրունի» երէցներու աշտարակէն, «Ռուբինեան» արիներու բերդէն, «Արտաշիսեան» արծուիկներու ու «Արշակունի» գայլիկներու արքունիքներէն, վերջապէս` «Ուրարտացի» արենուշներու բերդաքաղաքէն, հասնելով արքայական գահ` դրօշակի կայմին, որուն վրայ զետեղուած էին իշխանութիւններու դրօշակները: Հոն տեղի ունեցաւ բանակումի փակման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ընթացքին եղաւ աստիճանատուչութիւն, մրցանակներու բաշխում` գնահատանքի արժանի քոյրերու ու եղբայրներու, ինչպէս նաեւ` խումբերու: Յատուկ յուշանուէրով մը խմբապետական կազմը պատուեց  Վահէ Պարսումեանը` իր քսանամեայ շարունակական աշխատանքին համար:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կողմէ խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային խմբապետուհին, որ շնորհաւորեց սկաուտները` թէ՛ իրենց բանակումը լաւապէս աւարտելուն համար եւ թէ՛ իրենց մասնաճիւղի 95-ամեակին առիթով: Մինչ այդ բացման խօսքը կարդաց մասնաճիւղին խմբապետը, որ ներկայացուց արդէն իսկ բանակավայրի յարդարանքով ցոլացող թեման` հայկական հարստութիւնները, աւելցնելով, «թէ ինչպէ՛ս այս տարբեր իշխանութիւնները յաջողեցան մէկ շաբաթ ապրիլ իրարու հետ, կը տեսնէք խարուկահանդէսին»: Այդպէս ալ, խարուկահանդէսի ընթացքին, խումբերը իրենց մուտքերով ու ներկայացումներով` թեմային կապուած կամ զուտ սկաուտական, փաստեցին, որ հակառակ իւրաքանչիւրի ժամանակաշրջանին ու խմբաւորումին` իրենք իսկապէս մաս կը կազմեն մէ՛կ մասնաճիւղի, մէ՛կ ընտանիքի:

Խարուկահանդէսի աւարտին սկաուտները խաչաձեւեցին իրենց ձեռքերը եւ ցտեսութիւն երգելով` իրարու խօսք տուին դարձեալ շուտով տեսնուիլ: Անոնք ներկաներուն հետ ժամադրուեցան յուլիս 28-ին` միասնաբար նշելու Վարդավառը, Նշան Փալանճեան Ճեմարանի բակին մէջ, Զոքաք Պլաթ:

                                                                           ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Կարելի՞ Է Երեխային Պարտադրել, Որ Նուագէ

Յաջորդը

Համազգայինի «Ռաֆֆի Եւ Անելկա Արսլանեան» Մանկամսուրը Տուաւ Իր Առաջին Հունձքը` 36 Մանուկներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?