Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 1, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 28 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի եւ նախակրթարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւարտներու եւ ուսուցիչներու հանդիսաւոր մուտքով, որուն յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի  քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութիւնը:

Աշակերտներու կողմէ կատարուած Աստուածաշունչի ընթերցումէն եւ աղօթքէն ետք, 12-րդ դասարանի խումբ մը աշակերտներու ասմունքով եւ ներկայացումով ընթացք առաւ օրուան գեղարուեստական յայտագիրը:  Անոնք ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Հին օրհնութիւն»-ը: Ապա աւարտական դասարանէն խումբ մը  աշակերտուհիներ ներկայացուցին «Մախմուր աղջիկ» պարը, որուն յաջորդեց  6-րդ դասարանի աշակերտներու կատարումով  Թումանեանի «Սուտլիկ որսկան»-ի շատ հարազատ ներկայացումը: Աւօ Տաքէսեան ջութակով եւ Արի Տաքէսեան կիթառով ներկաները խանդավառեցին հայկական մեղեդիներով, որոնց ներկայացումէն ետք 6-րդ դասարանը հանդէս եկաւ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած «Ամընէ մուա»  պարով:

Օրուան բանախօսն էր Եսթեր Քիլաղպեան: Ան շեշտը դրաւ դպրոցին մատուցած գիտական, ընկերային եւ մանաւանդ կրօնական դաստիարակութեան վրայ: Իր պատգամին մէջ ան Լիբանանը յատկանշող մայրի ծառը նմանցուց ԿԲՎ աւարտող աշակերտին, որ բոլոր ժամանակներուն  եւ  կեանքի տարբեր փուլերուն պէտք է կանգուն մնայ ու յարատեւէ` յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, որ մայրի ծառը իր տերեւները կը պահէ ամբողջ տարուան ընթացքին` բոլոր եղանակներուն, անիկա ունի խորունկ արմատներ` համեմատած մարդ արարածին, որ իր նկարագրով եւ հաւատքով պէտք է նմանի այս ծառին:

Ան շարունակեց` ըսելով, որ պէտք է մեր անձերով սփռենք` յաջողութիւն, անկեղծութիւն, հաշտութիւն, տոկունութիւն, միութիւն, զոհողութիւն եւ ամենակարեւորը` ուրիշին օգնելու կամք: Ան մէջբերեց փիլիսոփայ Փոլլոքի ըսածը, թէ կեանքը բուրգ մըն է, որուն իւրաքանչիւր անհատ կ՛աւելցնէ իր անձնական աւազի հատիկը:

Եսթեր Քիլաղպեան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` ըլլալու լոյս ցոլացնողներ, յոյս ներշնչողներ եւ ուրախութիւն սփռողներ` իրենց կենցաղով եւ գործքով:

Աւարտականներու անունով հայերէն ուղերձ արտասանեց Ռիթա Մարտիրոսեանը, արաբերէն` Ճորճ Սահիլին եւ անգլերէն` Փաթիլ Շահինեանը: Շրջանաւարտները իրենց խօսքերով գոհունակութիւն յայտնեցին իրենց անձնազոհ ծնողներուն ու նուիրեալ ուսուցիչներուն եւ երախտագիտութեամբ ու հպարտութեամբ հաստատեցին, որ կառչած պիտի մնան իրենց հոգեւոր եւ հայեցի դիմագիծին, որ կերտուեցաւ վարժարանիս ջերմ ու հարազատ յարկին տակ:

Տեղի ունեցաւ վկայականաց տուչութիւն` ձեռամբ վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Փոլին Սաղըրեանի, նախակրթարանի պատասխանատու Անի Տաքէսեանի եւ առնչուող դաստիարակներու:  Ապա բեմ բարձրացան, տնօրէնուհիին կողքին, վեր. Գրիգոր Եումուշաքեանն ու Վարուժան Պաղտասարեանը` կատարելու համար մրցանակներու բաշխումը: Ապա կատարուեցաւ աւանդութեան  վերածուած վարժարանի վահանի փոխանցումը: 12-րդ դասարանի աշակերտներ վարժարանի վահանը փոխանցեցին 6-րդ դասարանի աշակերտներուն, որոնք խոստացան տէր կանգնիլ անոր, զինուիլ քրիստոնէական հաւատքով, հայրենասիրութեամբ ու գիտութեամբ եւ միշտ բարձունքի վրայ պահել վարժարանին անունը:

Վերապատուելի Սողոմոն եւ Եսթեր Քիլաղպեաններ իրենց երկարատեւ ծառայութեան եւ անշահախնդիր նուիրումին համար վարժարանիս տնօրէնութեան կողմէ գնահատուեցան յուշանուէրով մը:

12-րդ դասարանի շրջանաւարտներու «Սաղմոս 19»-ի հոգեւոր երգի մեկնաբանութենէն ետք, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի օրհնութեան աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:

6-րդ դասարանէն վկայական ստացան` Արսլանեան Մայքըլ-Ճեք (պատուոյ յիշատակութիւն), Գասապեան Միրապել (բարձր պատուոյ յիշատակութիւն եւ վարքի մրցանակ), Գասարճեան Յարութ, Գարավարդանեան Լիանա, Զերէցեան Ներսէս, Թահմաճեան Հրանդ, Թոփէեան Սինտի, Լոշխաճեան Տեսիլ (վարքի մրցանակ), Մարգարեան Փերլա, Մարտիրեան Գայեանէ, Մինասեան Քարլօ, Յակոբեան Էլեն, Յովսէփեան Մարիա, Շահինեան Կալի (բարձր պատուոյ յիշատակութիւն եւ վարքի մրցանակ), Չագըրեան Հայրօ-Ճեք, Պալեան Պարէտ, Պալեան Պերնատեթ, Պարտիզպանեան Կրէյս, Պոխճալեան Փաթիլ (վարքի մրցանակ), Պուչաքճեան Գրիգոր (պատուոյ յիշատակութիւն), Սարգիսեան Ալիք (պատուոյ յիշատակութիւն եւ վարքի մրցանակ), Տեմիրճեան Մանուէլ, Փիւսկիւլեան Սերժ, Օհանեան Աննա-Զարիկ, Օննիկեան Քրիստ:

12-րդ դասարանի կենսագիտական բաժանմունքէն վկայական ստացան` Անթունեան Ալեքսանտրա, Մարտիրոսեան Ռիթա (բարձր պատուոյ յիշատակութիւն), Մինասեան Նանար, Նարկիզեան Վալերի, Շնորհօքեան Ճեսիքա, Ունանեան Սթեֆանի, Չագմագեան Ռաիսա-Ռոզ (պատուոյ յիշատակութիւն):

Ընդհանուր գիտութեան բաժանմունքէն վկայական ստացան` Գասպարեան Մարիա (բարձր պատուոյ յիշատակութիւն), Սահիլի Ճորճ (գերազանց), Էճիտեան Օննիկ:

Ընկերատնտեսական բաժանմունքէն վկայական ստացան` Գազազեան Վիգէն, Գարավարդանեան Խաչիկ, Թահմաճեան Ներսէս, Թորոսեան Կայել, Իշխանեան Շաղիկ, Մըսըրլեան Յովսէփ, Նազարէթեան Նարեկ, Շահինեան Փաթիլ, Պոյաճեան Կապրիէլ, Սապունճի Ժոզիան, Սուլահեան Սոլանժ, Տաքէսեան Արի, Քելեքեան Միրէյ, Քէշիշեան Սէրուժ, Քիրեճեան Քրիստ, Օհանեան Պէաթրիս:

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Հայաստանի Փառատօները

Յաջորդը

«Մէկ Օր Հայրենիքի Հետ» (Լիբանանեան Բանակի Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?