Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Գործողութեան 36-ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Այնճարի Մէջ

August 8, 2019
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ  ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ  Լիզպոնի գործողութեան 36-ամեակի ոգեկոչում` «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ:

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մակի Քենտիրճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի արդար Դատին եւ ոտնահարուած իրաւունքներուն ի խնդիր 36 տարի առաջ, 27 յուլիսին, պայքարի ու վրէժի ոգիով ներշնչուած հինգ երիտասարդներ յանդուգն եւ իրենց ոճին մէջ եզակի գործողութիւն մը կատարեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ, իրենց գարուն կեանքերուն եւ նուիրական արեան գնով մեզի ու աշխարհին յիշեցնելու, որ ցեղասպանին ոճիրը չէ մոռցուած, չի կրնար  մնալ արգելափակուած ու պատանդ` լռութեան պատի ետին, որ` հայ ժողովուրդը տէրն է իր իրաւունքներուն, անզիջող ու ըմբոստ պոռթկումով պիտի արթնցնէ աշխարհի խիղճն ու յիշողութիւնը, որպէսզի հայուն վերադարձուին իր պապենական հողերը, արդար հատուցում կատարուի Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հաւաքական անառարկելի կորուստներուն համար»: Ան իր խօսքը շարունակեց` ըսելով. «Լիզպոնի հինգ ողջակէզները կեանքէն յուսահատած,  անձնասպանութեան դիմող հասարակ մահկանացուներ չէին, այլ` արդարութեան մարտիկներ, կեանքը պաշտող, բայց անոր արդար զարգացման հաւատացող նուիրեալներ, որոնք հաւատացին  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան տեսլականին եւ վասն այդ երազանքին նուիրաբերեցին իրենց ամենաթանկը` իրենց գարուն կեանքը»:

Իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Յարգա՛նք` Լիզպոնի հինգ նահատակներու յիշատակին:  Թող անոնց անմահացումով կերտուած պատգամը միշտ վառ մնայ ամէն պահանջատէր հայ հոգիի մէջ»:

Այնուհետեւ Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Պսակ» բանաստեղծութիւնը, իսկ խումբ մը ԼԵՄ-ականներ նուագեցին փունջ մը երգեր:

Օրուան պատգամը տուաւ Արմէն Թաշճեան: Ան ըսաւ, որ այս հաւաքը` լիզպոնեան խորհուրդին հաղորդակից մնալու, մեր երիտասարդական շարքերու վճռակամութեան մէկ արտայայտութիւնն է:

Ազատագրական պայքարի քաղաքական գիտակցութեամբ ամրապնդուած եւ այդ պայքարին` բոլոր ժամանակներուն եւ պայմաններուն մէջ պատրաստակա՛մ երիտասարդութեան համար չկայ աւելի բիւրեղ թելադրականութեան վառ խորհուրդ, քան` լիզպոնեան սխրանքէն ճառագայթողը: Ան իր խօսքը շարունակեց` ըսելով. «Արան, Վաչէն, Սեդրակը, Սիմոնն ու Սարգիսը` իւրաքանչիւրը ունէր իր տունն ու ընտանիքը, իր երիտասարդ գարունը: Բայց այս բոլորը անոնց համար կ՛իմաստաւորուէին միմիա՛յն պապենական հողի վրայ, անոր ազատագրումէն ետք:

Ահաւասիկ` սփիւռքի մէջ վերընձիւղուած յեղափոխութեան ամրակուռ գաղափարականութեան անբասիր սկզբունքներն ու ոգին, որոնց գերագոյն թարգմանը հանդիսացաւ Լիզպոնի հնգեակը իր որոտացող ուժականութեամբ:

Չարաչար սխալած են եւ կը սխալին անոնք, որոնք լիզպոնեան աքթը կը խորաչափեն յեղափոխական ռոմանթիզմի մը արտայայտութեան ծիրին մէջ:

Լիզպոնեան աքթը հոմանի՛շ է եւ կը մնա՛յ` յեղափոխական ապառաժեայ վճռակամութեա՛ն»:

Ան ըսաւ, որ լիզպոնեան աքթը, բոլոր ժամանակներուն մէջ եւ տարատեսակ պայմաններու տակ, վճռադատ պատգամ է եւ գաղափարական զինավարումի ջի՛նջ ակունք:

Թաշճեան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «80-ամեայ Մուսա Լեռ-Այնճարը եւ մանաւա՛նդ անոր «Շաւարշ Միսաքեան» երիտասարդական փաղանգը բոլոր պատճառները ունին հաղորդ մնալու լիզպոնեան խորհուրդին` իրենց հաւատարմութիւնը անխա՛խտ պահելու անկէ փոխանցուած կտակին:

«Չէ՞ որ լիզպոնեան աքթը բոցավառած յեղափոխութեան առաջին կայծը կը տրուէր այս գիւղէն` աննման Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեամբ:

«Չէ՞ որ մեր գիւղն ալ նոյն յեղափոխութեան հնոցներէն ու մարզադաշտերէն մին էր…

«Չէ որ Լիզպոնի սիրելի հնգեակէն Սիմոնը այս գիւղի ազգային վարժարանի ութ դասարաններուն մէջ իր հետքը շաղած էր…

«Համոզուած եմ, որ ազատութեան բագինին զոհաբերուած հնգեակին հաղորդութեան նշխարները տակաւին շռայլօրէ՜ն պիտի բաշխուին մեր նորահաս սերունդին, միայն թէ սերունդը ականջալուր մնայ անոնց մե՛ծ ուխտի պատգամին:

Ամո՛ւր մնացէք…»:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:

 

Նախորդը

Այնճարի Ժամացոյցին Պատմութիւնը

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Գրող Պօղոս Շահմելիքեան

RelatedPosts

Որպէս ԼՂ Հակամարտութեան Միջնորդներ` ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան Եւ Ռուսաստանը Պարտաւոր Են Դիւանագէտների Միջոցով Դիտորդի Կարգավիճակ Պահանջել Պաքուից
Անդրադարձ

Քաղաքացիութիւն, Տրամա Եւ Սփիւռք. Հայաստանի Առաջարկած Բնակութեան Պահանջը՝ Համեմատական Հայեցակէտով

September 18, 2026
Դիմակայելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Դիմակայելու Ժամանակը

September 18, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եմէն. Երբ Աշխարհագրութիւնը Զէնքի Կը Վերածուի

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.