Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ Վարդավառ` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի Նախաձեռնութեամբ

August 9, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարունակաբար երկրորդ տարին ըլլալով` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտները Վարդավառի երեւանեան մթնոլորտը բերին Պէյրութ եւ հանրութեան հրամցուցին անմոռանալի օր մը, լեցուն` խաղերով, ճաշերով, պարով, երգով եւ ջուրի զո՜վ լոգանքներով:

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կիրակի, 28 յուլիս 2019-ի առաւօտեան 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք 6:30 Նշան Փալանճեան ճեմարանի շրջափակին մէջ նշուեցաւ ջրառատ Վարդավառ:

Կազմակերպիչներուն նպատակը լի ու լի իրականացաւ` վերակենդանացնել Վարդավառի հայկական ժողովրդային աւանդութիւնը եւ առիթ ու տեղ ընծայել լիբանանահայութեան` կարենալ հաւաքաբար նշելու համար Վարդավառը այնպէս,  ինչպէս կը նշուի Հայաստանի մէջ: Շուրջ 350 ներկաներ` մեծ եւ փոքր, սկաուտ եւ ոչ սկաուտ, ծնողք, բարեկամ կամ պարզապէս տօնը սիրող հանրութեան անդամ, անցուցին իւրայատուկ օր մը` ոչ միայն իրարու վրայ ջուր սրսկելով, այլ նաեւ` պարելով, խաղալով եւ աճպարարութիւն դիտելով ու սորվելով:

Յայտագիրը բազմաբնոյթ էր. բացի ջուրի հսկայ սահնակներուն, լողաւազաններուն եւ օճառով ոտնագնդակի դաշտին մէջ խաղալէ` ներկաները առիթը ունեցան դիտելու Circus Hub-ի աճպարարական ներկայացումը եւ մասնակցելու անոր աշխատանոցին. աճպարարութիւն սորվելու կողքին, ներկաները նաեւ սորվեցան ու պարեցին հայկական ազգագրական պարեր` «Վանայ ձկնորս», «Եարխուշտա», «Փափուռի»` «Պարենք-պահպանենք» նախաձեռնութեան անդամներուն օգնութեամբ: Օրուան ամբողջ տեւողութեան կը տիրէր շատ ջերմ ու կրակոտ մթնոլորտ` համեմուած բարձր երաժշտութեամբ, համեղ ճաշերով եւ ուրախութեան պահերը անմահացնող լուսանկարներով:

Օրը վերջ գտաւ ընդհանուր ջրամարտով մը, որ իր գագաթնակէտին հասցուց ոչ միայն թափուած ջուրի, այլ նաեւ ժպտուն եւ պայծառ դէմքերու քանակը: Ներկաները իրարու մաղթեցին բարի Վարդավառ, յաջորդ տարի նորէն հանդիպելու յոյսով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Օգոստոս 1969)

Յաջորդը

Հայրենականչ. Հայրենիք-Սփիւռք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.